Այս աշխարհի ատելիներն ու սիրելիները

Ինչու՞ աշխարհը կատէ մեզ՝ հաւատացեալներուս։ Զարմանալի երևոյթ մըն է շատերուն համար, և մանաւանդ անոնց որոնք Աստուածային իսկական գիտութիւնն ու սէրն ունին. թէ մարդիկ ինչո՞ւ կատեն, կամ վերապահ ու հեռու կը մնան այն հաւատացեալներէն որոնք կապրին քրիստոնէութիւնը, ու Քրիստոսի շնորհը անոնց երեսին գծուած կըլլայ։ Մարդիկ մանաւանդ այս օրերուն ատելութեամբ լեցուած են ճշմարիտ քրիստոնեաներուն նկատմամբ, հակառակ որ … Մանրամասն

Տա՞ն հիւր թէ սրտի հիւր

Բոլորս եթէ ոչ ամէն օր, գոնէ շաբաթը մէկ անգամ հիւրեր կունենանք մեր տուներուն մէջ։ Ազնիւ ըլլանք պահ մը և մտածենք թէ ինչպէ՞ս կը վերաբերինք իւրաքանչիւր հիւրի հետ. պիտի տեսնենք թէ սիրոյ և գոհունակութեան  մեր զգացումները կը տարբերին մէկին միւսէն աւելի։ Այս  զգացումն ու վերաբերմունքը շատ բնական են՝ քանի մենք մարդ ենք ու մեր զգացականութեան իշխանութեան … Մանրամասն

Ովքե՞ր են այս աշխարհի իմաստունները

Այսօրուան Աւետարանը բուժիչ պատասխան մը կու տայ կարևոր հարցի մը, որ հաւանաբար մեզմէ շատերու միտքերը զբաղեցուցած է. Ինչու՞ այս աշխարհի իմաստունները ու գիտունները,որոնք տասնեակ տարիներ իրենց կեանքէն անցուցած են գիտութեամբ ու ուսումնասիրութիւններով, և որոնց մասին մենք, այլեւ շատ մը մարդիկ՝ և նոյնիսկ երբեմն պատմութիւնը կը վկայէ անոնց գիտութեան մասին հեռու են հաւատքէն, իսկ աղքատները, ու … Մանրամասն

Ինչու՞ Քրիստոնեայ ծնանք

Շատ յաճախ մենք մեզ կը հարցնենք թէ ինչու՞ քրիստոնեայ ծնանք: Մարդիկ զանազան պատասխաններ կու տան, իւրաքանչիւրը ըստ իր կամեցողութեան կամ հաւատքի չափանիշին: Ոմանք կը կարծեն թէ Քրիստոնեայ են քանի քրիստոնեայ հօրմէ և մօրմէ ծնան, կամ քրիստոնէական շրջապատի մէջ մեծցան: Ոմանք Քրիստոնեայ եղած ձևակերպութեան կամ ինչ որ նպատակ մը իրագործելու կամ շահի մը համար, և օրինակներն … Մանրամասն

«Ապա իջաւ Գալիլեայի Կափառնայում քաղաքը»

Շատ յաճախ երբ աւետարանը կը կարդանք չենք անդրադառնար կարգ մը բառերու կամ արտայայտութիւններու, որոնք մեծ ուսուցում կայ անոնց ծալքերու մէջ: Օրինակի համար (ապա իջաւ Գալիլեայի Կափառնայում քաղաքը). Ան ո՞ւրտեղէն կու գար: Նախորդ համարներէն կ՛իմանանք թէ մեր Տէրը Նազարէթէն՝ Իր ծննդավայրէն կ՛իջնէ դէպի Կափառնայում. բայց ինչու՞ քանի Իր ազգակիցներն ու բարեկամները, քաղաքացիները չընդունեցին զինք ու նաև … Մանրամասն

« Ուրեմն մի՛ վախնաք անոնցմէ, որովհետեւ ոչինչ կայ ծածկուած՝ որ պիտի չյայտնուի, ու գաղտնի՝ որ պիտի չգիտցուի:

Ինչպէս կը տեսնենք այս համարը կը սկսի ուրեմն բարով. Սա կ՛առաջնորդէ մեզ իմանալու թէ այս համարը ամբողջացումն ու շարունակութիւնն է նախորդ համարներուն, երբ մեր Տէրը կը խօսէր այն նեղութիւններու և դժուարութիւններու մասին՝ որոնց պիտի ենթարկուին իր աշակերտները Խօսքի քարոզութեան պատճառով: Մեր Տէրը յստակ կ՛ըսէ անոնց .- «Կառավարիչներու եւ թագաւորներու առջեւ պիտի տարուիք՝ իմ պատճառովս, իբր … Մանրամասն