Տա՞ն հիւր թէ սրտի հիւր

տեսանիւթերԲոլորս եթէ ոչ ամէն օր, գոնէ շաբաթը մէկ անգամ հիւրեր կունենանք մեր տուներուն մէջ։ Ազնիւ ըլլանք պահ մը և մտածենք թէ ինչպէ՞ս կը վերաբերինք իւրաքանչիւր հիւրի հետ. պիտի տեսնենք թէ սիրոյ և գոհունակութեան  մեր զգացումները կը տարբերին մէկին միւսէն աւելի։

Այս  զգացումն ու վերաբերմունքը շատ բնական են՝ քանի մենք մարդ ենք ու մեր զգացականութեան իշխանութեան տակ կը գտնուինք։

Միևնոյն յարգանքը կը մատուցենք բոլոր հիւրերուն. մեր սեղանները միևնոյն ճոխութիւնը կը պարունակեն ու երբեմն ալ անհաճոյ հիւրին սեղանը աւելի ճոխ ու արատ կըլլայ. սակայն սիրոյ առատութիւն չկայ մեր սրտերուն մէջ։ Շատ յաճախ մեր հրաւէրները եղած են ձևակերպական այս կամ այն նպատակով կամ որոշ շահագրգռութեամբ, սակայն հաւատացէք որ այսպիսի հրաւէրներ իրենց նպատակին չեն հասնիր, ու շուտով ի յայտ կուգան կեղծաւորութեան արտայայտութիւնները ու շուտով այդ բարեկամութիւնը կամ ընկերութիւնը իր աւարտին կը հասնի։ Դժբախտաբար այս է այսօրուան մարդուն վերաբերմունքը այսօրուան նիւթականացած աշխարհին մէջ,կը պատուենք հիւրը այնքան ինչքան նա կրնայ մեր շահագրգռութիւններուն գոհացում տալ, ու ցաւ ի սիրտ նոյնը կը վերաբերի Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութեանը։

Այսօրուան աւետարանը կը ներկայացնէ մեզի պատմութիւն մը որ կը ներկայացնէ մարդուս շահագրգռութիւնը հանդէպ իր արարչին.-

«Փարիսեցիներէն մէկը կը թախանձէր՝ որ ան իրեն հետ հաց ուտէ: Ան ալ մտաւ Փարիսեցիին տունը ու սեղան նստաւ»: Ղուկ. 7։36

Փարիսեցիները ծանօթ են իրենց կեղծաւորութեամբ. սակայն այս փարիսեցին քիչ մը տարբեր կը ներկայանայ այստեղ, և հաւանաբար ընթերցողը ենթադրէ թէ այս փարիսեցին քիչ մը տարբեր է ու ինչ որ հոգևոր ապրումներու կամ զղջումի պատճառով է որ կաղաչէ Տիրոջ որ իր տունը երթայ հաց ուտելու. մեր Տէրը կ՛ընթառաջէ այս հրաւէրին գիտնալով հանդերձ թէ անոր ներսիդին կեղծաւորութեան ու ցուցամոլութեան պատճառներ կան. Հաւանաբար մեր Տէրը տարբեր նպատակ մը ունէր. անոր տունը երթալով եզակի հանդիպում մը պիտի ունենար մեղաւոր կնոջ մը հետ, ու այդ դէպքին ընդմէջէն մեզի հոգևոր նամակ մի պիտի յանձնէր, սակայն անով հանդերձ Ան ուշադրութիւն կը դարձներ տանտէրի բոլոր շարժուձևերուն ու չկատարած պարտականութիւններուն։

Մեր Տէրը փարիսեցիին հիւրը դարձաւ սակայն մեղաւոր կինը աւելի արժևորուեցաւ ու գնահատուեցաւ այդ տան մէջ քան տանտէրը. և ինչու՞ քանի   այդ կինը ամբողջացուց տանտիրոջ դերութիւնները,  ցուցաբերելով անկեղծ սէր ու յարգանք, խոնարհութիւն ու զղջման անկեղծ ապրումներ հանդէպ երկնաւոր վարդապետին։

Փարիսեցին կարծեց թէ իր բացած փառաւոր ու ճոխ սեղանով մեծ պատիւ մը ընծայած պիտի ըլլար Քրիստոսին, ակնկալելով թէ Ան հրաշք մը կամ արտասովոր արարք մը պիտի գործէր իր տան մէջ, և ահա ապտակը այդ մեղաւոր կինը աւելի գնահատուեցաւ ու իր մեղքերէն մաքրուած գնաց իր տունը, իսկ փարիսեցին ոչինչ ստացաւ, այլ պախարակուեցաւ իր թերի հիւրընկալութեան համար. Ըստ հրէական սովորութեան, հիւրին ոտքերը պէտք էր լուացուէին ու անոր գլուխը անուշահոտ իւղով օծուէր, այն ինչ որ փարիսեցին չ՛ըրաւ վախի պատճառով, և կամ քանի որ Քրիստոսը իր տան հիւրն էր ու ոչ սրտի հիւրը։

ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

Յիսուս Քրիստոսը մեզմէ շատերուն՝ այլ և մեծամասնութեան հիւրն է՝ կախուած ըլլալով պատերուն, գրադարաններուն, հաստատութիւններու ու եկեղեցիներու յարգարժան տեղերը, սակայն ոչ սրտերու հիւր։ Ան կուզէ մեր սրտերուն հիւրը ըլլալ. Ան կըսէ .- «Որդեակ սիրտդ ինծի տուր։

Կը խնդրեմ պահ մը նայեցէք ձեր տուներու մէջի սրբապատկերներուն, նայեցէք խաչեալ Քրիստոսի դէմքին ու Ան ձեզի շաաաաատ ըսելիք բաներ ունի։ Հիւրընկալենք Քրիստոսը մեր տուներու մէջ արժանավայել ձևով, թէ չէ անոր ներկայութիւնը մեր տուներուն մէջ կրնայ մեզի դատապարտութիւն բերել։