ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՕՐՈՒԱՆ ԱՒԵՏԱՐԱՆԷՆ

«Հունձքը ի՛րապէս շատ է, բայց մշակները՝ քիչ. ուրեմն հունձքին Տէրո՛ջ աղերսեցէք, որ գործաւորներ ուղարկէ իր հունձքին:Գացէ՛ք. ահա՛ ես կը ղրկեմ ձեզ իբր գառնուկներ՝ գայլերու մէջ»:

1- Այս խօսքերուն մէջ պէտք է գիտակցիլ թէ մեր քարոզչութիւնը կամ առաքելութիւնը մերը չէ՝ այլ Անոր կը պատկանի, և մենք Անոր հաշուին է որ կ՛աշխատինք որպէս ՏՆՏԵՍՆԵՐ Անոր հունձքին համար. և այս իմաստը յստակ է իր խօսքին մէջ երբ կըսէ .- «Տէրոջ աղերսեցէք, որ գործաւորներ ուղարկէ իր հունձքին»:
Մեր Տէրն է սերմնացանը քանի Նա կապրի ու կը գործէ իր առաքեալներուն մէջ ու միջոցաւ. Անոնք առանց իրեն չէին կրնար ոչ մէկ բան ընել ինչպէս որ նախապէս ըսած էր .- «Որովհետեւ առանց ինծի ոչինչ կրնաք ընել»: (Յովհ. 15:5)

2- «Ես կը ղրկեմ ձեզ իբր գառնուկներ՝ գայլերու մէջ»: Այս խօսքին մէջ բացայայտ է թէ ուղարկողը ինքն է ու հետևաբար, նաև անոնց մէջ գործողն ու անոնց պատասխանատուն Ինք պիտի ըլլայ: Անոնց ճամբան թիւրին ու հարթ պիտի չըլլար, այլ պիտի նմանի գառնուկներու փոքրամասնութեան մը, որ պիտի երթար գայլերու ամբոխի մը մէջ, ու գայլերը զանոնք յափշտակելով պիտի վերածուէին գառնուկներու:
Իրենց առաքելութեան նպատակը չէր յափշտակուիլ, այլ յափշտակող գայլերը վերածել գառնուկներու՝ իրենց խոնարհութեամբ ու սիրով. Յովհաննէս Ոսկեբերան հայրապետը կ՛ըսէ .- Կատաղութիւնը չի հարթուիր կատաղութեամբ, այլ խոնարհութեամբ ու ազնւութեամբ:

3- «Հունձքը շատ է, բայց գործաւորները՝ քիչ»: Այս խօսքը դարեր շարունակ հնչած է ու այսօր նաև կը շեշտուի բոլոր ժամանակներէն աւելի. վտանգաւոր գայլը այն է որ գառնուկի մորթով կու գայ, ու ինչքան շատ են այսօր գայլերը մեր եկեղեցիներուն շուրջ, ու ինչքան քիչ են մշակներուն թիւն ու որակը:

Այսօրուան աւետարանը մեզ կը մղէ յարատև աղօթքի, որպէսի Տէրը արժանաւոր մշակներ ղրկէ իր հունձքին համար. Մեր եկեղեցին կարիքն ունի (գառնուկ) մշակներու որոնք ամենայն խոնարհութեամբ ու հեզութեամբ պիտի հովուեն իրենց հօտը և ոչ թէ հովուեն իրենք զիրենք:
« Վայ Իսրայէլի հովիւներուն, որոնք ինքզինքինն կ՛արածեն : Հովիւները հօտը արածելու չե՞ն: Դուք ճարպը կուտէք, ու բուրդը կը հագնիք և գերը կը մորթէք, բայց հօտը չէք արածեր» (Եզեկիէլ 34:2-3)
Ան որ ականջ ունի լսելու թող լսէ