Այս աշխարհի ատելիներն ու սիրելիները

Ինչու՞ աշխարհը կատէ մեզ՝ հաւատացեալներուս։
Զարմանալի երևոյթ մըն է շատերուն համար, և մանաւանդ անոնց որոնք Աստուածային իսկական գիտութիւնն ու սէրն ունին. թէ մարդիկ ինչո՞ւ կատեն, կամ վերապահ ու հեռու կը մնան այն հաւատացեալներէն որոնք կապրին քրիստոնէութիւնը, ու Քրիստոսի շնորհը անոնց երեսին գծուած կըլլայ։
Մարդիկ մանաւանդ այս օրերուն ատելութեամբ լեցուած են ճշմարիտ քրիստոնեաներուն նկատմամբ, հակառակ որ ճշմարիտ քրիստոնեան միայն ու միայն սէր ունի իր մէջ հանդէպ բոլոր մարդոց ու նոյնիսկ զինք ատողներուն։ Բայց աւելի հետաքրքրական ու զարմանալին այն է, թէ ճշմարիտ քրիստոնեան ատելի է նաև իր (քրիստոնեայ) կոչուած եղբայրներուն ու ընկերներուն կողմէ, որոնք մի և նոյն պատուիրանն ունին սիրելու բոլոր մարդիկ ու մանաւանդ իրենց քրիստոնեայ եղբայրներն ու քոյրերը։
Քիչ մը աւելի խորը երթանք։
Հաւանաբար ոչ բոլոր մարդիկ՝ քրիստոնեաներ, ծանօթ են Քրիստոսի սիրոյ վարդապետութեան ու հրամաններուն. սակայն այն հոգևորականները որոնք կոչումն ունեցած են Աստուծոյ դաշտին մէջ սպասաւորելու, չէ՞որ պատուիրանին քաջատեղեակ են, հապա ինչու՞ այնտեղ իսկ երբեմն կը գտնենք ատելութիւնը իրար նկատմամբ, ու երբեմն իսկ ճշմարիտ հաւատացեալի նկատմամբ։ Ի՞նչն է գաղտնիքն ու աւետարանական վերլուծումը այս երևոյթին։
Այսօրուան աւետարանը մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի օրհնեալ շրթներով բուժիչ պատասխան կուտայ մեր այս հարցադրումներուն։ Մեր Տէրը կըսէ .-
«Եթէ աշխարհէն եղած ըլլայիք՝ աշխարհը կը սիրէր իրենները. բայց քանի որ աշխարհէն չէք, հապա ես ձեզ ընտրեցի աշխարհէն, աշխարհը կ՚ատէ ձեզ»:
Ուրեմն յստակ է պատասխանը։
Կան երկու տեսակ մարդիկ որոնք կ՛ապրին այս երկրագունդին վրայ. ոմանք այստեղ կապրին այս աշխարհի պատկանելիութեամբ, իսկ ոմանք ալ այստեղ կապրին անկախ, իմանալով որ ժամանակաւոր է իրենց կեցութիւնը, ու ոչ մէկ առնչութիւն ունին այս աշխարհին հետ, մշտական սէր ունենալով բոլորին նկատմամբ ու աղօթելով բոլորի փրկութեան համար։
Մեր տէրը մէկ այլ բացատրութիւն մը նաև կուտայ մեզի ըսելով.-
«Եթէ աշխարհը կ՚ատէ ձեզ, գիտցէք թէ ատեց զիս ձեզմէ առաջ»:
Հետևաբար շատ բնական պիտի ըլլայ որ մեզ նաև ատեն։ Հաւանաբար մէկը հարցնէ թէ ի՞նչպէս (Աստուծոյ մարդ) մը կրնայ ատել Աստուծոյ մէկ այլ մարդուն, կամ անոր զաւակներէն մէկուն. Այո կարելի է. քանի այդպիսին ընտրուեցաւ ըլլալու այլ աշխարհի համար, սակայն իր ազատ կամքով որոշեց աշխարհին պատկանիլ, մարդոց հաճեցնել անոնց սիրելի դառնալու «սիրելով խաւարը աւելի քան լոյսը»։
Առաջին ու մեծագոյն պարգևը որ Աստուած ընծայեց մարդուն զանազանելով զայն անասուններէն, ազատութեան շնորհն էր, որմով մարդը յանդգնեցաւ նոյնիսկ Աստուծոյ Որդոյն երեսը թքնելու, ապտակելու ու նոյնիսկ խաչը հանելու։

ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ
Այնքան ժամանակ որ մենք սիրուած ու գնահատուած ըլլանք բոլորին կողմէ, ու մանաւանդ այս աշխարհի որդիներուն կողմէ, պէտք է զգուշանանք. այդ կը նշանակէ թէ մարդիկ մեր մէջ սերմանած են այս աշխարհի պատկանելիութիւնը, ու սկսած են մեզ դէպի իրենց կողմը քաշել։
Իսկ այնքան ժամանակ որ մենք մեզ ատուած ու հալածուած գտնենք մարդոց կողմէ, իմանանք ու վստահինք թէ ճիշտ ուղիին մէջ ենք, ու մեր պատկանելիութիւնը այս աշխարհին չէ տակաւին։