Անպէտք հողը ինչու՞ սերմանել

Այսօրուան աւետարանը սերմնացանին առակին մասին է որուն մասին մանրամասնութեամբ խօսած եմ այս կապին մէջ:
ՍԵՐՄՆԱՑԱՆԻՆ ԱՌԱԿԸ

Սակայն այսօր նոր մտայղացում մը ունեցայ այս առակի մասին, մտածելով թէ ինչու՞ Աստուած Իր սերմերը կը նետէ անպէտք հողին մէջ, լաւ գիտնալով թէ փշոտ ու ժայռոտ հողին մէջ ոչ մէկ պտուղ պիտի չտան: Բնականաբար մենք լաւ հասկնալով առակը, աւետարանիչներու և նոյն ինքն Քրիստոսի մեկնաբանութեամբ, սերմնացանը Քրիստոս Ինքն է ու սերմերը Աստուծոյ խօսքերն են, ու մեզմէ իւրաքանչիւրը ալ կոչուած է սերմնացան ըլլալու իր տունէն սկսեալ, ու այնքան ինչքան հնարաւորութիւն ունի աւելի հեռուներ նաև երթալու, Աստուծոյ խօսքի սերմացանութիւնը ընելու:

Յաճախ մենք որպէս Քրիստոնեաներ կը կարծենք թէ Անոր խօսքը սահմանափակուած է միայն եկեղեցւոյ մէջ ու եկեղեցականներու միջոցաւ. Սակայն սա ինքնախաբէութիւն է, և պարտականութենէ ու մեր քրիստոնէական առաքելութենէ փախչիլ է, գիտնալով թէ մեզմէ իւրաքանչիւրը պատասխանատու է Աստուծոյ խօսքի սերմացանութեանը:

Ու՞ր և ինչպիսի չափանիշներով:
Այս առակին մէջ կը տեսնենք Աստուծոյ ողորմութիւնն ու առատաձեռնութիւնը, ուր Նա չի զլանար բոլորին մէջ անխտիր իր խօսքերը սերմանելու, ինչպէս որ չի զլանար իր անձրևը տեղացնելու բարիներուն ու չարերուն: Հաւանաբար մենք որպէս մարդ տարբեր չափանիշներ ունենալով մտածենք, թէ ինչ կարիք կայ սերմերը նետելու այնտեղ ուր անհնար պիտի ըլլայ անոնց աճումն ու պտղաբերութիւնը. սակայն Աստուած իր բազում ողորմութեամբ չուզեր որևէ մէկը զրկել այն խօսքէն որ փրկութեան պիտի առաջնորդէ. Իւրաքանչիւր մարդ պէտք է իր առիթն ունենայ փրկութեան խօսքն ստանալու:

Յիսուս Քրիստոս կը սերմաներ առատապէս առանց խտրութիւն մը դնելու մարդոց խաւերուն միջև, հաստատ գիտնալով թէ քահանաները, դպիրներն ու փարիսեցիները ոչ մէկ ձևով պիտի չ՛ընկալէին անոր խօսքերը. ու ոչ միայն այդքան, այլ նոյնիսկ Եսայի մարգարէին միջոցով նամակ էր ղրկած անոնց, հարիւրաւոր տարիներ առաջ, թէ անոնք պիտի տեսնեն բայց պիտի չտեսնեն, ու պիտի լսեն բայց պիտի չլսեն: (Եսայի 6) Սակայն անոնց պատճառով մեր Տէրը պիտի չզրկէր հարիւրաւոր այլ հոգիներ անոնց կողքին, որոնք հողի պարարտութիւնն ունէին իրենց սրտերու մէջ սերմը ընկալելու և պտուղ տալու:

ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

Այսօրուան առակը մեզ կը մղէ մեր սիրտերը քննելու, անոնց պարարտութեան չափանիշը գտնելու, և այս առակի ընդմէջէն իմանալու մեր հողին պատկանելիութիւնը:
Աստուած կը սերմանէ Իր խօսքը մեր մէջ զանազան կերպերով facebook, youtube, twitter, TV, Radio և այլն. ու մենք կը լսենք բայց կը լսե՞նք, կը կարդանք բայց կը հասկնա՞նք, աչք ունինք բայց կը տեսնե՞նք, ականջ ունինք ու կը լսե՞նք:
Դատաստանի օրը ոչ ոք պատճառաբանութիւններ տալով պիտի չարդարանայ Անոր առջև, իւրաքանչիւրս իր առիթն ստացաւ ու սերմը հասաւ իր սրտին. Առիթը չփախցնենք: