Ովքե՞ր են այս աշխարհի իմաստունները

Այսօրուան Աւետարանը բուժիչ պատասխան մը կու տայ կարևոր հարցի մը, որ հաւանաբար մեզմէ շատերու միտքերը զբաղեցուցած է. Ինչու՞ այս աշխարհի իմաստունները ու գիտունները,որոնք տասնեակ տարիներ իրենց կեանքէն անցուցած են գիտութեամբ ու ուսումնասիրութիւններով, և որոնց մասին մենք, այլեւ շատ մը մարդիկ՝ և նոյնիսկ երբեմն պատմութիւնը կը վկայէ անոնց գիտութեան մասին հեռու են հաւատքէն, իսկ աղքատները, ու անոնց բոյնէն դուրս եկած ուսեալ ու զարգացած զաւակները աւելի մօտ են Աստուծոյ ու Անոր եկեղեցիին։
Այսօրուան աւետարանի մէջ մեր Տէրը կը ցնծայ այն երախաներուն համար՝ որոնց աչքերը Աստուած բացած է խորհուրդներու էութիւնն ու ճշմարտութիւնները տեսնելու։
Մեր Տիրոջ խօսքերը յստակ է թէ որու՞ ուղղուած էին. Անոր առաքեալներուն։
Միթէ՞ Անոր առաքեալները անչափահաս էին. ոչ, սակայն երախաներու խոնարհութիւնն ու հեզութիւնն ունէին հասկնալու և ընդունելու Քրիստոսի խօսքերը այնպէս ինչպէս որ Տէրը կուզեր որ ընդունին։
Մատթէոսի աւետարանի 11։25-30 կը տեսնենք նաև մի և նոյն խօսքը ու մի և նոյն ուրախութիւնը մեր Տիրոջ։ Ան կը փափաքի աստուածային խորհուրդները յայտնել ամէն մարդու, և փրկութիւնը հրամցնել մեծին ու փոքրին որպէսի բոլորն ալ փրկուին քանի Անոր նպատակն էր որ ամէն մարդ փրկուի ու յաւիտենականութիւնը ժառանգէ Անոր հետ միասին ըլլալու։
Աստուծոյ Որդին Իր երկնային խորհուրդը կը բացայայտէ ոչ թէ անոնց որոնք կը կարծեն թէ իմաստուններ ու փիլիսոփաներն են, այլ անոնց, որոնք պատրաստակամութիւնն ունին ըսելու (Տէր մենք ինչքան ալ իմաստուններ ըլլանք, սակայն քու իմաստութեանդ առջև մենք ոչինչ ենք, անգէտ ու տկար։
Պօղոս առաքեալ այս միտքը աւելի պարզ ձևով կը մեկնաբանէ ըսելով.— «Արդարեւ՝ քանի աշխարհը իր իմաստութեամբ չճանչցաւ Աստուած՝ անոր իմաստութեան մէջ, Աստուած բարեհաճեցաւ քարոզութեան յիմարութեամբ փրկել անո՛նք՝ որ կը հաւատան»։ Ա. Կորնթ. 1։21
Այն մարդը որ ինքզինք ուռեցնելով իմաստութեան զանգեր կը հնչեցնէ, նա այս աշխարհի իմաստուն է՝ (Տգէտ)ը. իսկ երախան այն մարդն է որ խոնարհութիւնն ունի աստուածային ճշմարտութիւնները ընդունելու այնպէս ինչպէս որ են։

 

ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

Չզարմանաք եթէ իմաստուն մը, Աստուածաբան կամ նոյնիսկ եկեղեցական մը անհաւատ ըլլայ. քանի այսպիսիի մը իմաստութիւնը ղողանջող զանգակ է միայն ու դատարկ հոգիէ ու աստուածային իմաստութենէ։