Ինչու՞ Քրիստոնեայ ծնանք

Շատ յաճախ մենք մեզ կը հարցնենք թէ ինչու՞ քրիստոնեայ ծնանք: Մարդիկ զանազան պատասխաններ կու տան, իւրաքանչիւրը ըստ իր կամեցողութեան կամ հաւատքի չափանիշին:
Ոմանք կը կարծեն թէ Քրիստոնեայ են քանի քրիստոնեայ հօրմէ և մօրմէ ծնան, կամ քրիստոնէական շրջապատի մէջ մեծցան:
Ոմանք Քրիստոնեայ եղած ձևակերպութեան կամ ինչ որ նպատակ մը իրագործելու կամ շահի մը համար, և օրինակներն ու մարդոց պատճառներն ու համոզումները շատ են բոլորը չթուենք:

Իսկ ի՞նչ է հաւատացեալի պատասխանը այս հարցումին:
Պատասխանը այսօրուան աւետարանի մէջ կը գտնենք մե Տիրոջ բերնով .-
«Ո՛չ թէ դո՛ւք ընտրեցիք զիս, հապա ե՛ս ընտրեցի ձեզ»:
Եթէ այս խօսքերուն լրջօրէն նայինք ու խորը մտածենք, պիտի իմանանք որ ոևէ մարդկային պատճառ կամ պատճառաբանութիւն անիմաստ են ու բուժիչ որևէ պատասխան չեն տար: Մենք Քրիստոնեայ ենք որովհետև Նա մեզ գոչեց քրիստոնեայ ըլլալու:
Մենք քրիստոնեայ ենք՝ քանի աստուածային նախախնամութիւնը մեզ միլիոնաւոր մարդոց մէջէն ընտրեց Փրկութեան ճանապարհի մէջ դնելու և յաւիտենական կեանք ունենալու, աստուածային սէրը վայելելու ու անոր «նոր երկինքի ու նոր երկր»-ի մէջ յաւիտենական բնակիչներ ըլլալու:
Աստուծոյ կատարած ընտրութեան մեզ որպէս քրիստոնեայ ընտրելու, մենք որևէ կարծիք կամ որոշում չենք ընդունած. Մենք կրնայինք Իսլամ ծնիլ ու այսօր ԻՍԻՍ-ի անդամ ըլլալով մարդասպաններ դառնայինք. կամ ծնիլ անհաւատ ու անկրօն, որմէ ետք պիտի մեռնինք որպէս անասուն ու հողին դառնայինք որմէ ծնանք, ու հաշուետուութիւն պիտի տայինք մեր երկրաւոր կեանքի համար. Սակայն Փառք Իրեն որ քրիստոնեայ ընտրեց մեզ:

Այսքանով վե՞րջ, ոչ:
Նա մեզ ընտրեց, սակայն ընտրութիւնն ու յաւիտենականութեան խոստումները վաւերական կը դառնան միայն այն ատեն, երբ մենք պտուղ կը բերենք մեր երկրաւոր կեանքին մէջ: Մեր քրիստոնէութիւնը կամ յաւիտենականութեան ժառանգորդ ըլլալը պայմանաւորուած է այս կարճատև կեանքի օրերուն մէջ կատարած մեր իւրաքանչիւր գործին, ու արտայայտած ամէն մէկ բառին:

Եզրակացութիւն
Աստուած առանց մեր կամքին ստեղծեց մեզ, սակայն մեր կամքով է մեր փրկութիւնը:
«Այն ծառը որ պտուղ չի տար պիտի կտրուի ու կրակին մէջ նետուի»:
Ընտրութիւնը քոնն է սիրելի ընթերցող: