«Ապա իջաւ Գալիլեայի Կափառնայում քաղաքը»

Շատ յաճախ երբ աւետարանը կը կարդանք չենք անդրադառնար կարգ մը բառերու կամ արտայայտութիւններու, որոնք մեծ ուսուցում կայ անոնց ծալքերու մէջ: Օրինակի համար (ապա իջաւ Գալիլեայի Կափառնայում քաղաքը). Ան ո՞ւրտեղէն կու գար: Նախորդ համարներէն կ՛իմանանք թէ մեր Տէրը Նազարէթէն՝ Իր ծննդավայրէն կ՛իջնէ դէպի Կափառնայում. բայց ինչու՞ քանի Իր ազգակիցներն ու բարեկամները, քաղաքացիները չընդունեցին զինք ու նաև փորձեցին զԱյն բարձր լերէ մը վար ձգել ու անոր համար ալ Ան իջաւ դէպի վար՝ Կափառնայում:
Մեր Տէրը օգնութեան ձեռք ուզեց երկարել նախ իրեններուն սակայն չընդունեցին զինք. Բայց թէ ինչու՞չընդունեցին, պատասխանը կը գտնենք Նազարէթի տեղագրութեան ու աշխարհագրութեան մէջ, և ահա թէ ինչպէս:

Նազարէթը բարձր բլուրներու վրայ կանգնած քաղաք մըն ըլլալով, այդ բարձրութիւնը իրենց մէջ անձնասիրութեան ու եսասիրութեան բլուրներ բարձրացուցած էր, ու այդ պատճառով ալ չկրցան ընդունիլ անոր խոնարհութիւնն ու օգնութեան առաջարկը զիրենք, իրենց հպարտութեան մեղքէն փրկելու :

Իսկ ինչու՞ իջաւ Կափառնայում. Նայինք այնտեղի տեղագրութեանը հասկնալու համար: Նախ անունը կը նշանակէ հանգիստի վայր: Նազարէթէն շատ աւելի ցած է տեղագրութեամբ ու նոյնիսկ ծովի մակարդակէն ալ աւելի ցած, ու իր մէջ կը պարունակէ խոնարհութեան ու հեզութեան հոգին՝ իր Փեսան ընդունելու և Անոր բերած Փրկագործութիւնը վայելելու:

Առակս այս ինչ ուսուցանէ

Այնքան ժամանակ որ կապրին մեր եսասիրութեան ու հպարտութեան բարձունքներուն մէջ վրայ պիտի չկարենանք ընդունիլ փեսան մեր հոգիներուն մէջ ինչ ալ ըլլան մեր պաշտօններն ու աստիճանաւորումը. ըլլանք աշխարհական՝ այլեւ մանաւանդ հոգևորական, պարտինք խոնարհութեան նուազագոյն զգացումը ունենալ մանաւանդ տկարներուն, աղքատներուն, որբերուն ու անզօրներուն:

Մեր հաւատքի չափանիշը խոնարհութիւնն է ու անկէ կրնանք գիտնալ թէ ինչքանով Քրիստոսը տեղ ունեցած է մեր հոգիներուն մէջ: