« Ուրեմն մի՛ վախնաք անոնցմէ, որովհետեւ ոչինչ կայ ծածկուած՝ որ պիտի չյայտնուի, ու գաղտնի՝ որ պիտի չգիտցուի:

Ինչպէս կը տեսնենք այս համարը կը սկսի ուրեմն բարով. Սա կ՛առաջնորդէ մեզ իմանալու թէ այս համարը ամբողջացումն ու շարունակութիւնն է նախորդ համարներուն, երբ մեր Տէրը կը խօսէր այն նեղութիւններու և դժուարութիւններու մասին՝ որոնց պիտի ենթարկուին իր աշակերտները Խօսքի քարոզութեան պատճառով: Մեր Տէրը յստակ կ՛ըսէ անոնց .- «Կառավարիչներու եւ թագաւորներու առջեւ պիտի տարուիք՝ իմ պատճառովս, իբր վկայութիւն անոնց ու հեթանոսներուն:
Ինչպէս ծանօթ է, բոլոր ժամանակներուն և նաև այսօր, կառավարութիւններն ու պետութիւնները այս աշխարհի չար իշխանին կալանքներու մէջ են. Հազուագիւտ են այն իշխանները որոնք զԱստուած կը ճանչնան ու խիղճով ու Աստուծոյ հոգիով կը կառավարեն իրենց ժողովուրդները:
Մեր Տէրը այս համարով կը զգուշացնէ Իր առաքեալները՝ ու անոնց ընդմէջէն բոլոր ժամանակներու Իր հետևողները որ չվախնան: Ծանօթ է մեզի թէ մեր Տէրը որևէ բան մը պատուիրելէ առաջ նախ Ինք կը կատարեր. Ու յստակ օրինակը Անոր քաջութիւնն ու լռութիւնը Կայիափա քահանայապետի, Հերովդէսի, ու Պիղատոսի առջև. ան միշտ լուռ կը մնար, սակայն երբ հարցը վերաբերէր Իր Էութեանն ու Աստուածութեանը, նա քաջաբար կը պատասխանէր առանց տատամսելու ըսելով «Իմ թագաւորութիւնս այս աշխարհէն չէ» և թէ, «Պիտի տեսնէք մարդու Որդին Իր թագաւորութեամբ գալը ամպերու վրայ իր հրեշտակներով»:

Այս խօսքերը քաջալերական են մանաւանդ այս օրերուս, երբ կը տեսնենք ատելութիւնն ու արհամարհանքը Աստուծոյ խօսքին ու խօսողին նկատմամբ: Շատ յաճախ հանդիպած եմ մարդոց՝ որոնք քաջաբար կուզեն պատգամել Աստուծոյ խօսքը ամեն տեղ ու ամէն ժամանակ. գնահատելի են այնպիսիներ սակայն զգոյշ ըլլանք (ոչ թէ վախնանք), նախ պէտք է սերտել և շօշափել հողին պարարտութիւնն ու մաքրութիւնը Աստուծոյ խօսքը սերմանելէ առաջ, որպէսի չըլլայ թէ մեր «մարգարիտները խօզերուն առջև նետած ըլլանք»:
Մեր Տէրը այս պատճառներով է որ մեզի կը թելադրէ ըսելով.- «Աղաւնիներու պէս խոնարհ եղէք ու օձերու պէս խորագէտ»: Մեզմէ խոնարհութիւն ու խորագիտութիւն կը պահանջուի մանաւանդ երբ Աստուծոյ խօսքը ուզենք քարոզել, այլ խօսքով սերմացանութիւն ընել:

26« ոչինչ կայ ծածկուած՝ որ պիտի չյայտնուի, ու գաղտնի՝ որ պիտի չգիտցուի»:
Այս խօսքը միևնոյն համարին մէջ է որ կը գտնենք. մի վախնաք-ի շարունակութիւնն է. ոմանք կը փորձեն ուրիշ առիթներով ու նպատակներով գործածել սակայն շատ յստակ է նպատակը:
« Ուրեմն մի՛ վախնաք , որովհետեւ ոչինչ կայ ծածկուած՝ որ պիտի չյայտնուի, ու գաղտնի՝ որ պիտի չգիտցուի»:
Այսինքն ինչքան ալ որ ձեզ նեղէն, հալածեն, իմ անուանս պատճառով ձեզ ամբաստանէն ու նեղէն, զրպարտութիւններ ու սուտ վկայութիւններ ընեն՝ «չկայ ծածկուած՝ որ պիտի չյայտնուի», ու ճշմարտութիւնները երևան գալով մարդիկ պիտի գիտնան թէ դուք ճշմարտութեան վկաներն էիք ու Աստուծոյ խօսքը քարոզողները:
Մեր Տիրոջ դատավարութեան ընթացքին Հրեաները ամբաստանեցի զինք զանազան սուտ վկաներ բերելով որպէսի խաչը հանեն . սակայն այդ արարքը ծածուկ չմնաց, բացայայտուեցաւ ու ամէն մարդ իմացաւ այդ մասին: Պիղատոսի տկարութիւն ու անզօրութիւնն ալ բացայայտուեցաւ, երբ ան վարագոյրին ետև գնաց ու իր ձեռքերը լուաց:

ԵԶԱՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ
Ինչքա՛ն գաղտնի ու ծածուկ բաներ կան մեր հաւաքական ու մանաւանդ անհատական կեանքին մէջ, որոնք անպայման պիտի բացայայտուին. եթէ անոնք անարդար գործեր են որոնք ծածկելու ճիգ ըրած ենք վա՛յ մեզի երբ բացայայտուին. իսկ եթէ արդարութիւն գործելով մարդիկ փորձած են ճշմարտութիւնը ծածկել, զրպարտել ու չարախօսել մեր մասին երանի մեզի:
Այդ ծածուկները անպայման ի յայտ պիտի գան. կամ պիտի դատապարտուինք ու խայտառակ ըլլանք, և կամ պիտի գնահատուինք ու հատուցուինք:
Սիրելի ընթերցող
ոչ մէկ ծածուկ բան մի պահէք որ կրնայ ձեր ներկայ ու ապագայի խաղաղութիւնը վրդովել. «Իրարու խոստովանեցէք ձեր մեղքերը» կըսէ առաքեալը. Իսկ որու՞ խոստովանինք, ԵԿԵՂԵՑԻԻՆ:
Անպայման կը գտնուին հոգևորականներ ովքեր ձեզ պիտի լսեն, ու խորհուրդ տալով պիտի արձակէն այդ մեղքի կապանքներէն: