«Ճշմա՛րտապէս ասիկա Աստուծոյ Որդին էր»: Մատթ 27:54

Շատ հետաքրքրական է, թէ հարիւրապետն ու անոր հետ պահակները, որոնք հռովմայեցիներ էին, ու հաւանաբար բնաւ չէին լսած Քրիստոսի ուսուցումն ու վարդապետութիւնը. երբ տեսան Անոր խաչելութեան այս պատկերը, համբերութիւնն ու ողորմածութիւնը հանդէպ զինք խաչողներուն, հայհոյողներուն ու երեսը թքնողներուն, Հոգին աւանդելէ ետք բնութեան կատաղումն ու երկրաշարժը ցնցեց անոնց ու զգաստացուց ճշմարիտ խոստովանութիւն մը կատարելու:
Շատ աւելի լաւ պիտի ըլլար եթէ անոնք Քրիստոսի հետևած ըլլային ու անոր քարոզութենէ ցնցուած ըլլային. Հրեաներ ու Օրէնքի ուսուցիչներ առիթն ունեցան լսելու Քրիստոսը, տեսնելու Անոր հրաշագործութիւնները, սակայն անով հանդերձ անոնք դարձի չեկան ու չհաւատացին:

Այս դէպքը հետաքրքրական մէկ նամակ է բոլոր անոնց, որոնք լսած ըլլալով հանդերձ Քրիստոսի ու Անոր բերած վարդապետութեան մասին, իրենց սրտերը կը կարծրացնեն ու չեն ուզեր հետևիլ Անոր ուսուցումներուն. այսպիսիները չկարծէք թէ հանգիստ են. Անոնց խիղճը կը պախարակէ անոնց՝ հարիւրապետի պէս վկայութիւն մը ընելու. սակայն կը խստացնեն իրենց սրտերը սպասելով հրաշք մը և կամ մեծ փորձութիւն մը, նեղութիւն մը, հիւանդութիւն մը որպէսի մօտենան ու Անոր օգնութիւնը խնդրեն:
Մեզմէ շատեր, հակառակ մկրտութեամբ սուրբ հոգին ալ ստացած ըլլալով շատ հեռու ենք այս խոստովանութիւնը կատարելէ. մեզի համար՝ քրիստոնեաներուս, շատ աւելի դիւրին է այս խոստովանութիւնը կատարելը. ինչպէս առաքեալը կ՛ըսէ .-
«Ուստի սա՛ կը հասկցնեմ ձեզի, թէ Աստուծոյ Հոգիով խօսող ո՛չ մէկը կ՚ըսէ. «Նզովեա՛լ ըլլայ Յիսուս»: Եւ ո՛չ մէկը կրնայ ըսել. «Յիսուս Տէր է», բայց միայն՝ Սուրբ Հոգիով:
Սուրբ հոգին երբ գտնէ խոնարհ ու ճշմարտութիւնը փնտռող հոգի մը, Ինքզինք կը յայտնէ ու ճշմարտութիւններ կը բացայայտէ ենթակային. Եւ այս իսկ իմաստը կը բացայայտենք մեր Տէրոջ խօսքերուն մէջ երբ ըսաւ .- «Երանի՜ քեզի, Սիմո՛ն, Յովնանի՛ որդի. որովհետեւ ո՛չ թէ մարմինն ու արիւնը յայտնեցին քեզի ասիկա, հապա իմ Հայրս՝ որ երկինքն է:

Սիրելի ընթերցող
Պատրաստակամութիւնը ունի՞ս այս վայրկեանին այս ճակատագրական խոստովանութիւնը կատարելու, ամբողջ կեանքդ փոխելու և յաւիտենականութիւնը ժառանգելու. Եթէ այո ըսէ մեզի հետ.-
« Տէր կը խոստովանիմ որ Դուն Քրիստոսն ես Աստուծոյ Որդին, որ եկար մեղքերուս համար խաչուեցար որպէսի ես յաւիտենական կեանք ունենամ քեզմով. Դուն ես իմ Տէրս, Աստուածս ու Փրկիչս ԱՄԷՆ