Ամբողջ բազմութիւնը կը ջանար դպչիլ իրեն, որովհետեւ զօրութիւն կ՚ելլէր իրմէ ու բոլորը կը բժշկէր:

Ժամանակներու ընթացքին ժողովուրդներ, հեթանոսներ, անհաւատներ ու աստուածամերժներ, միշտ փնտռած են Քրիստոսը դպչելու Անոր, Անկէ օրհնութիւն մը կամ բժշկութիւն մը ստանալու համար:
Ի՛նչ խեղճ ու ցաւալի է մեր վիճակը այսօր մենք հայերս՝ ովքեր մկրտուելով Յի-
սուս Քրիստոսով, ոչ թէ միայն արժանի եղանք Անոր դպչելու, այլ Անոր մարմինն ուտելու և արիւնը ըմպելու:

Երջանկայիշատակ Զարեհ Արք. Ազնաւուր-եանը կը թելադրէ ըսելով .- « Չթուլանանք Անոր մարմնէն ու արիւնէն հաղորդուելու, քանի հաղորդութիւնը կը հաստատէ Քրիս- տոսը մեր մէջ»: