«Ճշմա՛րտապէս ասիկա Աստուծոյ Որդին էր»: Մատթ 27:54

Շատ հետաքրքրական է, թէ հարիւրապետն ու անոր հետ պահակները, որոնք հռովմայեցիներ էին, ու հաւանաբար բնաւ չէին լսած Քրիստոսի ուսուցումն ու վարդապետութիւնը. երբ տեսան Անոր խաչելութեան այս պատկերը, համբերութիւնն ու ողորմածութիւնը հանդէպ զինք խաչողներուն, հայհոյողներուն ու երեսը թքնողներուն, Հոգին աւանդելէ ետք բնութեան կատաղումն ու երկրաշարժը ցնցեց անոնց ու զգաստացուց ճշմարիտ խոստովանութիւն մը կատարելու: Շատ աւելի լաւ … Մանրամասն

Ամբողջ բազմութիւնը կը ջանար դպչիլ իրեն, որովհետեւ զօրութիւն կ՚ելլէր իրմէ ու բոլորը կը բժշկէր:

Ժամանակներու ընթացքին ժողովուրդներ, հեթանոսներ, անհաւատներ ու աստուածամերժներ, միշտ փնտռած են Քրիստոսը դպչելու Անոր, Անկէ օրհնութիւն մը կամ բժշկութիւն մը ստանալու համար: Ի՛նչ խեղճ ու ցաւալի է մեր վիճակը այսօր մենք հայերս՝ ովքեր մկրտուելով Յի- սուս Քրիստոսով, ոչ թէ միայն արժանի եղանք Անոր դպչելու, այլ Անոր մարմինն ուտելու և արիւնը ըմպելու: Երջանկայիշատակ Զարեհ Արք. Ազնաւուր-եանը կը … Մանրամասն

Աշխարհի վախճանը

Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. «Այս սերունդը պիտի չանցնի, մինչեւ որ այս բոլորը պատահին»:: Ինչպէս կը կարդանք, Ղուկաս աւետարանի 13-րդ գլուխը ամբողջութեամբ կը խօսի աշխարհի վախճանի մասին: Այս գլխու մասին անհրաժեշտ կը գտնեմ մէկ կէտ մը նկատի ունենալ. Այս գլուխը կը բաժնուի երկու մասերու: Առաջին համարէն մինչև 23րդ համարը կը խօսի այն նեղութիւններուն մասին որոնք պիտի … Մանրամասն

ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՕՐՈՒԱՆ ԱՒԵՏԱՐԱՆԷՆ

«Հունձքը ի՛րապէս շատ է, բայց մշակները՝ քիչ. ուրեմն հունձքին Տէրո՛ջ աղերսեցէք, որ գործաւորներ ուղարկէ իր հունձքին:Գացէ՛ք. ահա՛ ես կը ղրկեմ ձեզ իբր գառնուկներ՝ գայլերու մէջ»: 1- Այս խօսքերուն մէջ պէտք է գիտակցիլ թէ մեր քարոզչութիւնը կամ առաքելութիւնը մերը չէ՝ այլ Անոր կը պատկանի, և մենք Անոր հաշուին է որ կ՛աշխատինք որպէս ՏՆՏԵՍՆԵՐ Անոր հունձքին համար. … Մանրամասն

Խորհրդածութիւն օրուան աւետարանէն

« Ով որ կարդայ թող հասկնայ » Երբ տեսնէք թէ աւերմունքին պղծութիւնը, այն ատեն Հրէաստանի մէջ եղողները լեռնե՛րը թող փախչին: Ա՛ն որ տանիքին վրայ է՝ թող չիջնէ տունը, ու չմտնէ իր տունէն բան մը առնելու. եւ ա՛ն որ արտին մէջ է՝ թող չվերադառնայ իր հանդերձը առնելու: Մեր տէրը կը կանխագուշակէ գալիք դժուարութիւններն ու նեղութիւնները, ու … Մանրամասն

Խորհրդածութիւն օրուան աւետարանէն

ա- «Իր տասներկու աշակերտները հաւաքելով՝ զօրութիւն ու իշխանութիւն տուաւ անոնց բոլոր դեւերուն վրայ, եւ ախտերը բժշկելու»: Քրիստոս կը հրաւիրէ իր աշակերտները նոր առաքելութեան մը. սակայն այս առաքելութիւնը բնաւ և երբեք ստիպողական բնոյթ չէր կրեր, այլ ամբողջական սիրով ստանձնուած պիտի ըլլար: Սիրոյ արտայայտութիւնն էր ամենասէր Աստուծմէ հանդէպ իր սիրելի մարդուն: Այս հրաւէրը նոր տնտեսութեան մը ստանձնումն … Մանրամասն