«ՉՄՏԱՔ, ՈՒ ՄՏՆՈՂՆԵՐԸ ԱՐԳԻԼԵՑԻՔ»

Վա՜յ ձեզի՝ օրինականներուդ, որ վերցուցիք գիտութեան բանալին. դո՛ւք չմտաք, եւ մտնողներն ալ արգիլեցիք»: Ղուկաս 11։43 Այսօրուան աւետարանին մէջ մեր Տէրը, անդրադառնալով աշխարհի ստեղծագործութենէ ի վեր կատարուած մարդասպանութեանց ու ոճիրներուն հանդէպ իր ուղարկած առաքեալներուն ու մարգարէներուն, այդ պատասխանատուութիւնը օրէնքի ուսուցիչներու ուսերուն դնելով, սարսափելի ու լուրջ վայ մը կուտայ։ Այդ վայը առաքեալներուն ու մարգարէներուն սպանութեան համար միայն … Մանրամասն

«Մարմնին ճրագը աչքն է»

Հաւանաբար այս վերնագրին բոլորդ համաձայն ըլլաք, ու ձեզմէ իւրաքանչիւրը հասկնայ զայն։ Իսկապէս որ մարմնին ճրագը աչքն է, եթէ կոյր ըլլանք ամբողջ մեր աշխարհը խաւար պիտի ըլլայ ու ոչ մէկ բան տեսնելու հնարաւորութիւն պիտի չունենանք։ Այլ խօսքով մեր մարմինը խաւարի մէջ պիտի ընթանայ ու պիտի չկարենանք զայն ուղղել ու անոր ցանկութիւններն ու կարիքները գոհացնել։   Երբ … Մանրամասն

«Երանի՜ այն որովայնին՝ որ կրեց քեզ, եւ այն ծիծերուն՝ որոնք կաթ տուին քեզի՝՝»:

Հաւանաբար այս խօսքերը ծանօթ ըլլան ձեզմէ շատերուն, մանաւանդ անոնց որոնք մայր ըլլալով կրցած են իրենց զաւակները քրիստոնէական ու մարդկային դաստիարակութեամբ մը կրթել, ու յաջողութեան ճանապարհի ուղիին մէջ դնել։ Իւրաքանչիւր մէկ մօր մը նպատակն ու իղձն է, օր մը լսել այս խօսքերը բարեկամներէ կամ ծանօթներէ, և ինչու չէ նաև պատմութեան էջերէն ու մանաւանդ Աստուծմէ ըսելով.- «Երանի՜ … Մանրամասն

«Տուն մը ինքնիր դէմ բաժնուած՝ կը փլչի»

Այսօրուան աւետարանին մէջ մեր Տէրը մեզի գեղեցիկ դաս մը՝ այլ և պատուիրան մը կուտայ միասնական կեանքի մասին բոլոր ոլորտներուն մէջ, օգտագործելով այն ամբաստանութիւնը Իրեն դէմ, որպէս թէ ինք Բեղզեբուղի իշխանութեամբ է որ դևերը կը հանէ։ Հրեաներն ու փարիսեցիները այսօրուան հրաշքը տեսնելէ ետք ապշահար կ՛ըլլան, ու կուզեն որևէ ամբաստանութիւն մը գտնեն զայն նսեմացնելու Իր հետևորդներուն առջև, … Մանրամասն

«Վարդապետ՛, ո՞ւր կը բնակիս»:

Շատ հետաքրքրական, հեզ ու խոնարհ հարցում մը որ կը կուղղուի մեր Տիրոջը, Յովհաննէս մկրտիչի երկու աշակերտներուն կողմէ. «Տէր ո՞ւր կը բնակիս»: Աւետարանիչը մանրամասնութեամբ գռի կառնէ այս դէպքը, հակառակ 100 տարի անցնելուն, և մեծ հաւանականութեամբ ան՝ աւետարանիչը կուզէ մեզի բարոյական կարևոր մէկ դաս մը տալ: Երբ Յովհաննէսի այս երկու աշակերտները գացին Քրիստոսի մօտ այս հարցը տալու, … Մանրամասն

«Ո՛վ անհաւատ ու խոտորեալ սերունդ» Ղուկաս 9։37-44

Խիստ ու պախարակող խօսքեր որոնք դարերու ընդմէջէն կը հնչեն մեր ականջներուն։ Որու՞ ըսուեցան այս խօսքերը. ոչ թէ անոնց՝ որոնք տակաւին Քրիստոս ճանչցած չէին ու չէին հաւատացած Անոր, այլ նոյն ինքն իր առաքեալներուն՝ որոնք աւելի քան երկու տարիներ Իրեն հետ էին, վկաներն ու խոստովանողները Անոր Աստուածութեան ու Կենդանի Աստուծոյ որդին ըլլալուն։ Մեր Տէրը քանիցս անոնց զօրացուցած … Մանրամասն