«Վարդապետ՛, ո՞ւր կը բնակիս»:

«Մի՛ վախնար, միա՛յն հաւատա»Շատ հետաքրքրական, հեզ ու խոնարհ հարցում մը որ կը կուղղուի մեր Տիրոջը, Յովհաննէս մկրտիչի երկու աշակերտներուն կողմէ. «Տէր ո՞ւր կը բնակիս»:
Աւետարանիչը մանրամասնութեամբ գռի կառնէ այս դէպքը, հակառակ 100 տարի անցնելուն, և մեծ հաւանականութեամբ ան՝ աւետարանիչը կուզէ մեզի բարոյական կարևոր մէկ դաս մը տալ:
Երբ Յովհաննէսի այս երկու աշակերտները գացին Քրիստոսի մօտ այս հարցը տալու, անոնք տեղեակ էին թէ ով է նա, քանի յստակ բառերով Յովհաննէսը անոնց ըսած էր թէ.- «Ահա՛ Աստուծոյ Գառը»:
Ինչ էր անոնց նպատակը այս հարցումի ընդմէջէն:
Մեզմէ իւրաքանչիւրը այս հարցումին պատասխանին քաջատեղեակ ենք. Գիտենք թէ Նա ուր կ՛ապրի. Ան կ՛ապրի եկեղեցւոյ մէջ, նիւթական ու բարոյական տաճարներու մէջ. Անոր տեղը գիտնալով հանդերձ մենք կը տատամսինք զայն փնտռելու, իսկ եթէ փնտռենք անպայմանօրէն այլ հարցեր ու խնդրանքներ ունինք մեր անձին վերաբերեալ: Մեզմէ ոչ ոք կը փնտռէ Քրիստոսը հարցնելու Անոր թէ Տէր «Ո՞ւր կը բնակիս»:
Քրիստոնէութիւն կը նշանակէ նախ աշակերտիլ Քրիստոսին Անոր հետ ապրելով. և ահա Յովհաննէսի ու Անդրէասի հարցումին նպատակը. Անոնք կուզէին աշակերտիլ Իրեն Իր հետ ապրելով: Սա առաջին հանդիպումն էր այս աւետարանի հեղինակին Յովհաննէսի և անդրէասի որ Պետրոսի եղբայրն էր:

Այս դէպքը մեզի կարևոր միտք մը ունի փոխանցելիք:

Իմաստուն ու ճշմարիտ քրիստոնեան այն է որ Աստուած կը փնտռէ ոչ թէ իր անձնական պահանջքներուն ու խնդրանքներուն համար, այլ կը փնտռէ Աստուծոյ հետը ըլլալը, և մշտապէս Անոր հետ ապրիլը: Ոչ մէկ հարցում կրնայ ուրախացնել Աստուծոյ Հոգին՝ ինչքան այս հարցումը «Տէր ու՞ր կը բնակիս»: Տէր Գիտեմ թէ շատեր քեզ կը փնտռեն տարբեր նպատակներով, սակայն ես Քեզ անձնապէս կը փնտռեմ հետդ ըլլալու և խօսքդ վայելելու համար:
Մեր Տէրը ուրախանալով այս հարցադրումին, անոնց ըսաւ.- «Եկէ՛ք եւ տեսէ՛ք»:
Ան պալատի մը մէջ չէր ապրէր, Ան աղքատ ու խեղճ Նազարէթէն էր: Գացին ու տեսան Անոր կեանքի պարզութիւնը, որ հաւանաբար աւելի հեզ ու խոնարհ էր քան Յովհաննէս աւետարանիչ ինք. քանի գիտենք թէ Յովհաննէսը որսորդ էր, ու իր հայրը նաւահանգիստի մէջ լաւ դիրք ունէր, ու այդ պատճառով էր որ ան՝ Յովհաննէսը կրցաւ մուտք գործել դատական ատեանը Քրիստոսի դատավարութեան ժամանակ:

ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ
Մի քանի հարցեր որոնցմէ կախեալ է մեր հաւատքին անկեղծութիւնը:
1.- Մենք Ինչո՞ւ քրիստոնեայ ենք
2- Քրիստոսին աշակերտա՞ծ ենք
3- Քրիստոսի բնակարանը կը փնտռե՞նք
4- Ժամանակ կ՛անցնե՞նք Անոր հետ
Եթէ ոչ ըսենք միասին
« Զմոլորեալ ծառայս խնդրեայ Տէր, և մի դատապարտեր զիս՝
ի հաւուրն այցելութեան Քո մարդասէր» (Շարական)