«Տուն մը ինքնիր դէմ բաժնուած՝ կը փլչի»

«Տուն մը ինքնիր դէմ բաժնուած՝ կը փլչի» Այսօրուան աւետարանին մէջ մեր Տէրը մեզի գեղեցիկ դաս մը՝ այլ և պատուիրան մը կուտայ միասնական կեանքի մասին բոլոր ոլորտներուն մէջ, օգտագործելով այն ամբաստանութիւնը Իրեն դէմ, որպէս թէ ինք Բեղզեբուղի իշխանութեամբ է որ դևերը կը հանէ։ Հրեաներն ու փարիսեցիները այսօրուան հրաշքը տեսնելէ ետք ապշահար կ՛ըլլան, ու կուզեն որևէ ամբաստանութիւն մը գտնեն զայն նսեմացնելու Իր հետևորդներուն առջև, ու յարմարագոյնը կը գտնեն այս ամբաստանութիւնը։

Մեր Տէրը կարդալով անոնց միտքը ինքնապաշտպանութիւն չ՛ըրաւ, այլ ուզեց անոնց բեռնի խօսքերով դատել զիրենք, ու այդ դատողութեան ընդմէջէն նաև բարոյական դաս մը հասցնել Իր ունկնդիրներուն, միութեան ու միասնականութեան մասին աշխարհիկ օրինակ մը տալով։

«Ինքնիր դէմ բաժնուած որեւէ թագաւորութիւն՝ կ՚աւերի»։

Հաւանաբար Քրիստոսի այս խօսքերը, մանաւանդ մենք հայերս լաւ կը հասկնանք, այլ և կ՛ապրինք մեր հայրենիքին մէջ։ Այն երկրին մէջ ուր պառակտումներ ու իշխանութեան հասնելու կռիւներ ու շահագրգռութիւններ կան, այդ թագաւորութիւնը՝ կամ մեր պարագային պետութիւնը ենթարկուած կըլլայ ձախողութեան ու փլուզումի։

Միակ առաքինութիւնը որ կրնանք գտնել չար ուժերու մէջ ըլլան անոնք չար ոգիներ կամ աշխարհիկ չար իշխանութիւններ, միանպատակ, միակազմ ու միասնական աշխատանքն է, և հաւանաբար պարտինք մենք նաև անոնցմէ սորուիլ, ու մեր հաւաքական կեանքի մէջ իրագործենք այս առաքինութիւնը, որոշ գաղափարի մը կամ նպատակի մը իրագործման համար։

Մեր Տէրը Թագաւորութեան մը օրինակը տալէ ետք անմիջապէս կ՛անդրադառնայ մէկ այլ թագաւորութեան մը մասին խօսելով՝ (ընտանիքի) թագաւորութիւնը. քրիստոնեայ ընտանիքը թագաւորութիւն մըն է, որուն թագաւորը հայրն է ու թագուհին մայրը, իսկ վերին թագաւորն ու այդ ընտանիքին գլուխը Աստուած Ինքն է։ Եթէ այս ընտանեկան թագաւորութիւնը բաժնուի ինքն իր մէջ, հայրը անհոգ ու անտարբեր ըլլայ իր ընտանիքին ու զաւակներուն նկատմամբ և կամ հակառակը, կամ եթէ մայր մը զբաղի միայն իր անձնական ցանկութիւններով ու վայելքներով և աշխարհիկ ցանկութիւններով, եթէ զաւակներն ալ հօր և մօր անտարբերութիւնը տեսնելով անառակութեան յանձնուին, ու մանաւանդ եթէ այդ ընտանիքի անդամները մոռնան թէ անոնց գլխուն վերև վերին թագաւոր մը կայ որուն պարտին հնազանդիլ ու անոր կամքին համաձայն ապրիլ, այդ ընտանիքը փլուզուած կըլլայ։

Ափսոս որ Քրիստոսի տուած այս օրինակը նաև մեզի ծանօթ է, ու զայն կապրինք ու կզգանք մեր մաշկերուն վրայ նաև։

Ինչու՞ այսօրուան նորապսակ զոյգերու բոյներուն մեծամասնութիւնը ենթարկուած է անմիջական փլուզումի. կ՛ըսեմ անմիջական, քանի կը շօշափենք թէ անոնք առաւելագոյնը մէկ կամ երկու տարի միայն իրար հետ կրնան ապրիլ։

Պատճառն իմանալը շատ հեշտ է ու մտածելու կարիք չկայ. պատճառաբանութիւնները շատ են, նիւթական ու բարոյական նեղութիւններ որոնք կարելի է ժամեր թուել ու հաշուել։

Միթէ՞ այս բոլոր պատճառաբանութիւնները գոյութիւն չունէին մեր նախնիքներու կեանքին մէջ, այո կային ևս առաւել կրկնապատիկ ու քառապատիկ չափով, և այդ դժուարութեանց կողքին չմոռնանք նաև յիշեցնել հալածանքն ու մահուան սարսուռը, որ կը հետապնդէր զիրենք արևելքի մէջ, ու Աստուածմերժութեան, հակա քրիստոնէական և հակամարդկային գաղափարախօսութիւնը սովետական 70 տարիներուն։Այդ բոլորով հանդերձ մեր նախնիքները միացած էին իրենց ընտանիքի անդամներով միասնաբար մահն իսկ դիմագրաւելով. Իսկ անոնց միասնականութեան հիմնական պատճառը Աստուածավախութիւնն է ու ընտանիքի սրբութեան գիտակցութիւնը։

ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

Մեր Տիրոջ այս ոսկի խօսքերէն բացի ուրիշ ոչ մէկ խօսք մը կը գտնեմ եզրափակելու մեր այսօրուան խոկումը.-

«Ինքնիր դէմ բաժնուած որեւէ թագաւորութիւն՝ կ՚աւերի, եւ տուն մը ինքնիր դէմ բաժնուած՝ կը փլչի»:

Տէ՛ր տուր մեզի իմաստութիւն, որպէս ազգ ընտանիք ու եկեղեցւոյդ անդամներ, ըլլալու մէկ, ինչպէս Քու կամքիդ ցանկութիւնն էր երբ ըսիր Քու Սուրբ շրթներովդ.- «Ո՛վ հայր թող ըլլան մէկ, ինչպէս որ ես ու դուն մէկ ենք»

Ամէն