«Երանի՜ այն որովայնին՝ որ կրեց քեզ, եւ այն ծիծերուն՝ որոնք կաթ տուին քեզի՝՝»:

Արմէն քահանայ ՄելքոնեանՀաւանաբար այս խօսքերը ծանօթ ըլլան ձեզմէ շատերուն, մանաւանդ անոնց որոնք մայր ըլլալով կրցած են իրենց զաւակները քրիստոնէական ու մարդկային դաստիարակութեամբ մը կրթել, ու յաջողութեան ճանապարհի ուղիին մէջ դնել։
Իւրաքանչիւր մէկ մօր մը նպատակն ու իղձն է, օր մը լսել այս խօսքերը բարեկամներէ կամ ծանօթներէ, և ինչու չէ նաև պատմութեան էջերէն ու մանաւանդ Աստուծմէ ըսելով.- «Երանի՜ քու որովայնիդ՝ որ կրեց զայն, եւ ծիծերուդ՝ որոնք կաթ տուին իրեն՝»:

Այսօրուան այս խօսքերը արտասանուեցան մօր մը կողմէ, որ նստած կը լսեր Յիսուս Քրիստոսի խօսքերն ու քարոզչութիւնը, ու բարձրաձայն աղաղակեց երանի տալով Քրիստոսի մօրը յորովայնին որ կրեց զինք՝ Սուրբ կոյս Մարիամ Աստուածածնին։

Այս խօսքերը կը յիշեցնեն մեզի Սուրբ կոյսի երգը երբ ըսաւ .- «ահաւասիկ բոլոր ազգերը երանի պիտի տան ինծի», և հաւանաբար սա առաջին անգամն է որ կը բարձրաձայնուի Աւետարանի մէջ Սուրբ կոյսի կենդանութեան իսկ օրերուն։ Վստահ ենք որ միակ անգամը չէր, այլ աւետարանիչը կը բաւարարուի իւրաքանչիւր մէկ դէպքէ օրինակ մը բերել որպէսզի մենք հասկնանք ու գնահատենք խօսքերու կարևորութիւնը, ու անոնց վրայ հիմնենք մեր հաւատքը։

Այս խօսքերը Սուրբ Կոյսին ուղղուելէ առաջ, Քրիստոսի բերնով անուղղակի օրէն ուղղուեցան Յովհաննէս Մկրտչին մօրը՝ երբ անուանեց զայն «Մեծագոյնը կիներու ծնունդներուն մէջ»։ Երանիներու շարանը երկար է հին ու նոր կտակարաններու մէջ, սակայն պիտի բաւարարուիմ այս երկու օրինակներով։
Այսօր ուղղափառ բոլոր եկեղեցիները որոնց մէջ մասնաւորաբար մեր Հայ Առաքելական եկեղեցին լաւ հասկնալով Սուրբ կոյս Մարիամի կարևորութիւնն ու արժէքը Փրկագործութեան ծրագրին մէջ, կը շարունակէ դարեր շարունակ երանի տալ շարականներով մեղեդիներով ու քաղցրահամ տաղերով։
Բոլոր անոնք որոնք կը լսեն ու կը կարդան Քրիստոսի աստուածային խօսքերը ու կը ճաշակեն Տիրոջ քաղցրութիւնը, անպայմանօրէն պիտի յիշեն ու երանի տան այն յորովայնին որ կրեց զինք ու հոգատարութիւնը ստանձնեց սնուցանելով մարմնացեալ Աստուածորդւոյն, որ Փրկիչը պիտի ըլլար մարդկային մեր մեղաւոր բնութեան, ու խաչի վրայ պիտի հաներ մեր բոլորին մեղքերը բոլոր ժամանակներուն։

Ոմանք կարժեզրկեն Սուրբ Կոյսը այս պատիւէն, ու կը մերժէն Անոր Երանի տալով յարգեն ու պատուեն, բայց այսպիսիներ ուրացած կըլլան աւետարանական ճշմարտութիւններ՝ աւետարանական ըլլալով հանդերձ։
Իսկ հետաքրքրական է Թէ մեր Տէրը Ի՞նչ արձագանգեց այս կնոջ արտայայտութիւններուն. Նա ըսաւ .- «Մա՛նաւանդ երանի՜ անոնց, որ կը լսեն Աստուծոյ խօսքը ու կը պահեն»: Մեր Տէրը այստեղ չի ժխտէր իր մօրը տրուած երանին, այլ և կը մատնանշէ մանաւանդ անոնց՝ որոնք իր խօսքերը կը լսեն ու կը պահեն, ու այս ձևով Ան կրկնակի երակի երանի տուած կ՛ըլլայ իր մօրը Սուրբ կոյսին, քանի մեզմէ ոչ ոք կրնայ անոր պէս իր ու Աստուծոյ Որդւոյն խօսքը լսած ու գործադրած ըլլայ։

ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ
Երանի այն մայրերուն որոնք երանի կը ստանան մարդոցմէ ոչ թէ միայն իրենց երկրաւոր օրերուն, այլ մանաւանդ այնտեղ՝ ուր երանութիւնը յաւիտենական է սուրբերու և արդարներու օթևաններուն մէջ։
Երանի այն մայրերուն, որոնք այս աշխարհէն վերանալէ ետք ունենան երանելի զաւակներ, որոնք պիտի չմոռնան իրենց համար մոմ մը վարել, խունկ մը ծխեցնել, ու Քրիստոսի սեղանին անոր անունը յիշատակեն։
Տէր Ողորմիր Իմ մօրս հոգւոյն
Ամէն