«Մարմնին ճրագը աչքն է»

Արմէն քահանայ ՄելքոնեանՀաւանաբար այս վերնագրին բոլորդ համաձայն ըլլաք, ու ձեզմէ իւրաքանչիւրը հասկնայ զայն։ Իսկապէս որ մարմնին ճրագը աչքն է, եթէ կոյր ըլլանք ամբողջ մեր աշխարհը խաւար պիտի ըլլայ ու ոչ մէկ բան տեսնելու հնարաւորութիւն պիտի չունենանք։

Այլ խօսքով մեր մարմինը խաւարի մէջ պիտի ընթանայ ու պիտի չկարենանք զայն ուղղել ու անոր ցանկութիւններն ու կարիքները գոհացնել։

 

Երբ մեր աչքերը խաւարած ու կոյր ըլլան, մենք անդամալոյծներ ու անզօրներ կը դառնանք. Ճիշտ է որ մենք տարբեր տեսակի զգայարանքներ ունինք որոնցմով կարելի է ուղին գտնել ու առաջնորդուիլ, շատ յաճախ մէկ զգայարանի չգոյութեան պատճառով մէկ այլ զգայարանք մը աւելի զօրաւոր կըլլայ, սակայն ինչ ալ ըլլան միւս զգայարանքներու զօրութիւնը, անոնք բնաւ և երբեք պիտի չկարենան մարմնին իսկական ճրագի՝ աչքի դերը ունենալ։

Մարմնին ճրագը աչքն է. բայց չէ՞ որ մեր մարմինները միայն միս ու ոսկոր չեն, այլ և հոգի են նաև, հետևաբար մեր աչքերը ոչ թէ միայն ճրագներ են մեր մարմինները լուսաւորելու, այլ և մանաւանդ մեր հոգիները։ Մեր մարմինները ուշ թէ կանուխ պիտի խաւարին երբ հողին յանձնուին, սակայն մեր հոգիները յաւիտենական են. ուրեմն «հոգի առաւել է քան զմարմին», ու առաւել չափով պարտինք մեր հոգիները լուսաւորել մեր այս մարմնի նիւթական աչքերով։

Բայց թէ ինչպէ՞ս առողջ մարդուն աչքը խաւարած կըլլայ, ինչպէ՞ս կրնայ «տեսնել ու չտեսնել»։
Լուաւորումը մարդուս աչքին տարբեր իմաստներ ու հոմանիշներ ունի։
Լուսաւորուած մարդը այն մարդն է որ կրնայ ճշմարտութիւնները տեսնել ու զանազանել։ Շատ մը գիտական կամ գերբնական երևոյթներու առջև բացատրութիւններ ստանալով կը լուսաւորուինք, մի և նոյն պարագան է հոգևոր լուսաւորումը։

Ովքե՞ր են խաւարի մէջ ապրող աչքերը։
Այն մարդը որ տակաւին Քրիստոսը ճանչցած չէ, ու Անոր աստուածութիւնը ընդունած չէ, տակաւին խաւարի մէջ է։
Այն մարդը ով չի կրնար սիրել իր մարդ եղբայրը ու ատելութեամբ լեցուն է, տակաւին խաւարի մէջ է. ու այն մարդը որուն կեանքին մէջ Քրիստոսը լոկ անուն մըն է ու ընտանեկան աւանդութիւն մը, նաև խաւարի մէջ է ու կոյր։

Ո՞վ է լուսաւոր մարդը։
Լուսաւոր մարդը այն է որ ճանչցաւ Քրիստոսը, Քրիստոսի սէրը իր մէջ բնակեցաւ ու սկսաւ սիրել իր մարդ եղբայրը. այսպիսին կը սկսի ոչ թէ միայն ինքզինք լուսաւորել, այլ կը վերածուի ճրագի ու կը սկսի իր շրջապատը լուսաւորել, և այսպիսին բարձր տեղ մը կը դրուի որպէսզի լուսաւորէ բոլոր շրջապատը. բայց ո՞վ է որ այնպիսին պիտի բարձրացնէ, մարդի՞կ, ոչ. Հապա՞։
Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս այս խօսքերով կուզէ ըսել թէ.- «Այն մարդը որ կընդունի ճշմարիտ լոյսը որ աշխարհ եկաւ՝Քրիստոսը, ու սկսի լուսաւորել, զայն պիտի բարձրացնեմ որպէսզի իր լոյսը աւելի սփռուի։

Այս «աշխարհի որդիները» ինչքան ալ մեզ գնահատեն ու սիրեն մեզ՝ մեր խոնարհութեան, ճշմարտախօսութեան ու ազնւութեան համար, անոնք երբեք թոյլ պիտի չտան որ մենք բարձրանանք ու սկսինք իրենց խաւար կեանքը լուսաւորել, այլ պիտի փորձեն մեզ նսեմացնել ու «պիտի դնեն ծածուկ տեղ մը, կամ ալ՝ գրուանի տակ». ասիկա բացարձակ ճշմարտութիւն մըն է, ոչ թէ որովհետև Քրիստոս այսպէս ըսաւ, այլ պարզապէս մարդկային բնութեան տկարութիւնն է հանդէպ ճշմարտութեան, ու ատելութիւնը հանդէպ չար գործերը երևան հանող լոյսին։

ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ
Մեր Տիրոջ այս խօսքերուն երկրորդ իմաստ մը տալով եզրափակեմ։
Եթէ խաւարի մէջ ապրող որոշ մարդիկ այսպէս կը վերաբերին մեզի նկատմամբ, մենք պէտք չէ մի և նոյն վերաբերմունքը ունենանք մեր անձին ու մեր ստացած լոյսին նկատմամբ։
Մեր լոյսը պէտք է լուսաւորէ բոլոր մարդիկ, ու ոչ մէկ պատճառ արգելք չհանդիսանայ մեր լոյսը ծածկելու. այդ լոյսը մերը չէ այլ Քրիստոսինն է. մենք մեր բնութեամբ խաւար ենք՝ (Լուսին) ենք. և ինչպէս որ Լուսինը ինքն իր մէջ լոյս չունի առանց արևի գոյութեան, նոյնպէս և մենք մեր լոյսը ճառագայթումն է Քրիստոսի լոյսին, և ոչ մէկ իրաւունք ունինք այդ լոյսը «ծածուկ տեղ մը դնելու, կամ ալ՝ գրուանի տակ». Եթէ այդպէս ընենք մեր լոյսը պիտի հանգի ու խաւարի որդիներէն շատ պիտի չտարբերինք։
Մենք մեր մէջ լոյս չունինք. Մենք այնքան կը լուսաւորենք ինչքանով որ Քրիստոսէն կառնենք ու կը ճառագայթենք Անոր լոյսը։

Լոյս, Արարիչ լուսոյ առաջին լոյս
Ծագեայ ի հոգիս մեր զլոյս քո իմանալի։ (Շարական)
Ամէն