«ՉՄՏԱՔ, ՈՒ ՄՏՆՈՂՆԵՐԸ ԱՐԳԻԼԵՑԻՔ»

Orvan-avedarane2Վա՜յ ձեզի՝ օրինականներուդ, որ վերցուցիք գիտութեան բանալին. դո՛ւք չմտաք, եւ մտնողներն ալ արգիլեցիք»: Ղուկաս 11։43

Այսօրուան աւետարանին մէջ մեր Տէրը, անդրադառնալով աշխարհի ստեղծագործութենէ ի վեր կատարուած մարդասպանութեանց ու ոճիրներուն հանդէպ իր ուղարկած առաքեալներուն ու մարգարէներուն, այդ պատասխանատուութիւնը օրէնքի ուսուցիչներու ուսերուն դնելով, սարսափելի ու լուրջ վայ մը կուտայ։ Այդ վայը առաքեալներուն ու մարգարէներուն սպանութեան համար միայն չէր, այլ մանաւանդ անոնց կեղծաւորութեան համար և ժողովուրդի ուսերը օրէնքներով ծանրաբեռնելու պատճառով։

Պահ մը փորձենք տեսնել թէ ի՞նչ կ՛ընէին անոնք։

Ճիշտ է որ անոնք Հին ուխտի օրէնքի ուսուցիչներ ու վարդապետներ էին, ու անոնց մասին ու սխալներու մասին շատ բան իմանալու կարիք չունինք, սակայն Քրիստոսի խօսքերը յաւիտենական են, ու կը պատկանին բոլոր դարերուն ապրող նոյնանման բոլոր վարդապետներուն և ուսուցիչներուն։

Որևէ Օրէնքի ուսուցիչ կամ վարդապետ պարտի իր օրէնքին ու կրօնին լաւապէս տեղեակ ըլլալ, մարդոց լուսաւորելու և ճիշտ ուղիին մէջ դնելու. սակայն անոր կատարած ուսուցումը ոչ մէկ արժէք կունենայ երբ ան իր ուսուցած օրէնքներուն հակառակը գործէ, և աւելի վտանգաւոր կըլլայ այն դէպքը, եթէ յանկարծ այդ վարդապետը ձևանայ թէ ինք օրէնքը մանրամասնութեամբ կը կատարէ, ու յանկարծ երևան գայ թէ ան կեղծաւորութիւն կընէ. այս արարքը իր մեծ ազդեցութիւնը կունենայ ունկնդրի վստահութեան՝ ոչ թէ միայն վարդապետին նկատմամբ, այլ նաև անոր ուսուցումներուն նկատմամբ. անոնք վարդապետին ուսուցումները չեն, այլ Աստուծոյ ուսուցումները. սակայն ունկնդիրը այդ տարբերութիւնները զանազանելու ատակ չէ, մանաւանդ եթէ ան տակաւին չափահաս չէ դարձած իր հոգևոր կեանքին մէջ, ու տակաւին կաթնկեր է։

Օրէնքի ուսուցիչները օրէնքը լաւ գիտնալով, անոնք կաշխատէին օրէնքի գործադրութիւնը պարտադրել իրենց ունկնդիրներուն ամենայն բծախնդրութեամբ ու օրէնքի մանրամասնութեամբ. երբեմն նոյնիսկ օրէնքի իմաստէն դուրս գալով յաւելեալ մանրամասնութիւններով կը ծանրաբեռնէին իրենց ունկնդիրները. և տակաւին չխօսինք անոնց հպարտութեան, ինքնահաւանութեան ու գոռոզութեան մասին, քանի մէկ միւսէն աւելի լաւ, աւելի ճոխ զգեստներով կը փորձէր ձևանալ իր ունկնդիրներուն առջև։

Այսպիսիներու մասին մեր Տէրը բազմիցս խօսած է, սակայն այսօր մէկ այլ աւետարանական մէջբերում մը պիտի ընեմ առաքեալներու կեանքին ընդմէջէն, որոնք մի և նոյն փորձառութիւնը ապրեցան նոյնպիսի մարդոց հետ, սակայն ոչ հրեաներ, այլ քրիստոնեաներ։

Պետրոս առաքեալ իր խօսքը ուղղելով նորահաւատ հրեաներուն որոնք ընդունելով քրիստոնէութիւնը կը փորձէին օրէնքի լուծեր դնել նորահաւատներու ուսերուն կըսէ.-

«Ուստի հիմա ինչո՞ւ կը փորձէք Աստուած, աշակերտներուն վիզին վրայ դնելով այնպիսի լուծ մը, որ ո՛չ մեր հայրերը, ո՛չ ալ մենք կարողացանք կրել»:

Քրիստոնէութիւնը Օրէնքի վարդապետութիւն մը չէ այլ կեանք մը որ պէտք է ապրեցուի. քրիստոնէական կրօնի մէջ մենք ազատագրուեցանք օրէնքի լուծէն, ու ոչ միայն այդքան, այլ ճիշտ հակապատկերը եղաւ հաւասարակշռութիւնը. մենք է որ մեր ծանր լուծը պիտի հանենք մեր ուսերէն ու դնենք քրիստոսի առջև, որպէսի Ան զանոնք վերցնելով մեզ հանգստացնէ։ Ան ըսաւ իր Սուրբ խօսքով.- « Եկէք ինծի բոլոր յոգնած ու ծանրաբեռնուածներ ու ես հանգիստ պիտի տամ ձեզի»։

Մեր Տէրը այս խօսքը ըսաւ հրեայ ունկնդիրներուն, գիտնալով թէ անոնք օրէնքի լուծէն յոգնած են ու ծանրաբեռնուած, ու զանոնք կը հրաւիրէ Շնորհքի նոր ժամանակահատուածի մը, որուն մէջ Աստուծոյ հետ յարաբերութիւնը լոկ օրէնքի կատարումը չէ այլ Սուրբ հոգիին շնորհը, որոնց խաղաղութիւն ու հանգիստ պիտի պարգևէ։

«Ա՛ն՝ որ կ՚անարգէր Մովսէսի Օրէնքը, կը մեռնէր առանց արգահատանքի, երկու կամ երեք վկաներով». Սակայն քրիստոնէութիւնը ազատեց այնպիսին իսկ, ապաշխարութեամբ սրբանալով և այդ մեղքը «անգամ մը ևս չկատարել»ով։

ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

Այսօր նոյնպիսի վարդապետներ և օրէնքի ուսուցիչներ կա՞ն, անշուշտ թէ կան. անոնք միշտ ալ եղած են ու պիտի շարունակեն մնալ։

Խօսքը միայն եկեղեցական դասի կամ եկեղեցւոյ անդաստաններուն մէջ կարգ մը ծառայողներուն մասին միայն չէ, մասնաւորաբար անոնց մասին է, սակայն անոնց կողքին, եկեղեցւոյ առաջին նստարանները բազմող կարգ մը բարեպաշտ մայրեր ու քոյրեր ունինք, որոնք կը ծանրաբեռնեն մեր երիտասարդ ու երիտասարդուհիները կարգ մը անհիմն ու անիմաստ ինքնահնար օրէնքներով ու աւանդութիւններով, որոնք շատ յաճախ պատճառ կըլլան երիտասարդներու եկեղեցիէն հեռացմանը։

Քրիստոսի եկեղեցին ու Անոր գիրկը բաց է բոլոր մարդոց, իրենց բոլոր թերութիւններով ու մեղքերով, նոյնիսկ եթէ անոնք ան գիտակցաբար  անպատշաճ ու անվայել կերպով մտնեն այնտեղ։

Չէ՞ որ անոնք տեղէ մը պէտք է սորուին։

Եկեղեցին է մեր Մայրը, մեզ սորվեցնելու, դաստիարակելու և ճշմարտութեան ճիշտ ուղիին մէջ առաջնորդելու։

Ամէն