«Ո՛վ անհաւատ ու խոտորեալ սերունդ» Ղուկաս 9։37-44

«Մի՛ վախնար, միա՛յն հաւատա»Խիստ ու պախարակող խօսքեր որոնք դարերու ընդմէջէն կը հնչեն մեր ականջներուն։
Որու՞ ըսուեցան այս խօսքերը. ոչ թէ անոնց՝ որոնք տակաւին Քրիստոս ճանչցած չէին ու չէին հաւատացած Անոր, այլ նոյն ինքն իր առաքեալներուն՝ որոնք աւելի քան երկու տարիներ Իրեն հետ էին, վկաներն ու խոստովանողները Անոր Աստուածութեան ու Կենդանի Աստուծոյ որդին ըլլալուն։

Մեր Տէրը քանիցս անոնց զօրացուցած ու քաջալերած էր հաւատքի մէջ կայուն մնալու. Անոնց իշխանութիւն տուած էր դևեր հանելու, սակայն այս անգամ անոնք չկրցան հօր մը միակ որդու մէջէն դևը հանել։ Ո՞ւր էր անոնց թերահաւատութիւնը և ինչն էր թերահաւատութեան պատճառը։
Երբ մանրամասնութեամբ նայինք դէպքերու յաջորդականութեան պիտի հասկնանք պատճառը. Քրիստոս անոնց հետ չէր. Ան երեք աշակերտներով միասին լեր բարձրացած էր պայծառակերպութեան համար, և միւս 9 առաքեալները վարը կը սպասէին, և այդ պահուն է որ հայր մը իր մէկ հատիկ որդին բերած էր առաքեալներուն։
Կարծեմ հասկնալի դարձաւ հիմա մեզի, թէ Քրիստոսի բացակայութիւնն էր պատճառը առաքեալներու թերահաւատութեան. սակայն Քրիստոսը «մինչև ե՞րբ անոնց հետ պիտի մնար». պիտի գար այդ օրը, երբ պիտի կատարուէր աստուածային ծրագիրը, ու փեսան անոնց մէջէն պիտի բարձրանար ու առանձին պիտի մնային. եթէ մի քանի ժամուան բացակայութիւնը թերահաւատութեան մատնեց Իր աշակերտները, հապա ի՞նչ պիտի ըլլար անոնց, երբ դարեր բացակայէր անոնց մէջէն։

Անոնց հաւատքը պաղած էր, քանի Քրիստոսը պահ մը անոնց կողքին չէր։

Այսօր Նոյնը կը պատահի նաև մեզի՝ հաւատացեալներուս 20 դարեր ետք. Հակառակ որ Ան մեր մէջն է, Անոր հոգին կ՛ապրի մեր մէջ մշտապէս ու անբաժանելի է մեզմէ. սակայն երբ պահ մը հեռանանք աղօթքէն ու զբաղուինք աշխարհիկ մտահոգութիւններով ու հաճոյքներով, Անոր հոգին մեր մէջ կը մարի, ու անզօր կը դառնանք աշխարհիս նեղութիւններն ու դժուարութիւնները դիմագրաւելու, և կը կորսնցնելով մեր խաղաղութիւնը կը յանձնուինք այս աշխարհի չար իշխանին։

Այս պատճառով է որ առաքեալը կը յորդորէ ըսելով- «Սուրբ հոգին ձեր մէջ մի մարէք»։

ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

Աշխարհի զբաղումներն ու մտահոգութիւնները դարերու ընթացքին բնաւ այդքան շատ չէին ինչքան այսօր, այսօրուան աշխարհը իր նորամուծութիւններով, միտքն ու մարմինը զբաղեցնող ամենօրեայ սարքաւորումներով, կը փորձէ մեզ հեռացնել Աստուածպաշտութենէ, մեզ ենթարկելով սատանայապաշտութեան ու կռապաշտութեան ։

Ի՞նչքանով պատրաստ ենք այս մարտահրաւէրները դիմագրաւելու, մեր հաւատքը ամուր պահելու, և Քրիստոսը մեզի մօտ պահելու։

Ան Իր Սուրբ բերնով պատուիրեց ըսելով  .- «Արթուն կեցէք, ու աղօթք ըրէք որպէսի փորձութեան մէջ չիյնաք»

Այս մասին աւելի մանրամասն խօսած եմ այստեղ.-

Ս. ԷՋՄԻԱԾԻ «Կը հաւատա՛մ, Տէր. օգնէ իմ անհաւատութեանս»