«Հարիւրապատիկ փոխհատուցում» Մատթէոս 19։27-29

 

Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս երկար ու կարևոր անդրադարձ մը ունենալէ ետք երկնքի Արքայութեան մասին, մատնանշելով ամուսնացածներ,կոյսերը, երեխաներն ու հարուտները, Պետրոս առաքեալի հարցադրումին որպէս հետևանք ու պատասխան թէ.-

«Ահա՛ մենք թողուցինք ամէն ինչ ու հետեւեցանք քեզի. ուրեմն ի՞նչ պիտի ըլլայ մեզի», ան կարևորութեամբ կ՛անդրադառնայ եկեղեցւոյ հովիւներուն ու անոնց բաժնին մասին որ պիտի ունենան Երկնքի արքայութեան մէջ։

Ճիշտ է որ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ իր կեանքին մէջ կունենայ որոշակի զիջումներ այս աշխարհիս մէջ ի շահ Աստուծոյ Արքայութեան, սակայն առաքեալներն ու անոնց յաջորդող եկեղեցւոյ առաջնորդներն ու հովիւները, որոնք որոշեցին ամէն ինչ լքել, հայր մայր, քոյր և եղբայր, արտեր ստացուածքներ, ու մանաւանդ այս բոլորի կողքին կեանքի բոլոր տեսակի ցանկութիւններն ու հաճոյքները, անոնք տարբեր ու առաւել ձևով պիտի հատուցուին երկնքի արքայութեան մէջ։

Հետաքրքրականը աւետարանական այս հատուածին մէջ, թէ ինչու՞ մեր Տէրը մարդկային բոլոր դասակարգները նշելէ ետք է միայն, որ անդրադարձաւ հովիւներուն ու անոնց բաժնին՝ երկնքի Արքայութեան մէջ. մի քանի պատճառներ կան որոնց կուզեմ անդրադառնալ։ Նախ նշեմ որ Քրիստոսի ուսուցումներուն, բժշկութիւններուն և հրաշքներու յաջորդականութիւնը, բնաւ և երբեք պատահականութեան ձգուած չէին, այլ աստուածային նախախնամութիւնը զանոնք այնպէս մը դասաւորած էր, որոնց աւարտին անոնք՝ այդ հրաշքներն ու ուսուցումները, պիտի եզրափակուէին գեղեցիկ ու ամբողջական ուսուցումով մը։

Ինչու առաքեալներուն, առաջնորդներուն ու հովիւներուն անդրադարձաւ աւարտին, ու անոնց մասին խօսելով եզրափակեց երկնքի արքայութեան ուսուցումն ու խորհուրդը։

Ա.- Իմաստուն հոգևոր առաջնորդն ու հովիւը այն է, որ Սուրբ հոգիէն առաջնորդուած կը ղեկավարէ իրեն յանձնուած Քրիստոսի հոտը խաղաղութեամբ հասցնելու նաւահանգիստը հանդիսացող երկնքի Արքայութեան։

Բ.- Իմաստուն առաջնորդը այն, որ իր յետին կանգնած կը պաշտպանէ անոնց կռնակը գալիք անակնկալ որևէ փորձութենէ կամ թշնամիէ։ Հովիւը պարտի իր հոտին վերջաւորութեան կանգնած հոգ տանի, մանաւանդ տկար ու յոգնած ոչխարներուն տէրութիւն ընելով ու զանոնք իր գիրկը առնելով։

Մեծ հաւանականութեամբ, այլ և վստահաբար մեր եկեղեցւոյ հայրերը եկեղեցականներու ձեռնադրութեան խորհուրդը կարգաւորած ժամանակ, աւետարանական այս հատուածը նկատի ունեցած են, ու այդ պատճառով է որ թեկնածու եկեղեցականէն աղքատութեան ու հնազանդութեան ուխտ կը քաղէն։

ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

Արմէն քահանայ Մելքոնեան«Հարիւրապատիկ փոխհատուցում»Այսօր ինչքանով մենք եկեղեցականները, ու մանաւանդ հոգևոր առաջնորդներս մօտ ենք աւետարանական այս հրամանին ու պատուիրանին. ի՞նչքանով քաջատեղեակ ենք մեր կատարած հնազանդութեան և աղքատութեան ուխտին։ Հարցը նիւթական, ինքնաշարժի, բնակարանի կամ հագուածքի մասին միայն չէ, այլ մանաւանդ ու մասնաւորապէս արտաքին աշխարհի հետ մեր սերտ յարաբերութեան, ու մեր անձնական ցանկութիւններու և հաճոյքներուն մեր տուած չափազանց կարևորութեան։

«Տէր՛ մենք ոչ մէկ բան թողելու, ու ոչ մէկ բանէ հրաժարելու պատրաստակամութիւնն ու նոյնիսկ կամքը չունինք, սակայն միայն անունով և ուխտազանց գտնուելով կը հետեւինք քեզի. ուրեմն ի՞նչ պիտի ըլլայ մեզի»։

«Ա՛ն որ ականջ ունի, թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ՚ըսէ եկեղեցիներուն»: Յայտնութիւն 2։29