«Անձնական նեղութիւններ ու հալածանքներ» Մարկոս 13։9-13

«Մի՛ վախնար, միա՛յն հաւատա»Այսօր անգամ մը ևս աւետարանը Ս. Մարկոսի գրչով, կ՛անդրադառնայ աշխարհի վախճանին ու անոր նախորդող նշաններուն. սակայն այդ նշաններու մասին խօսելէ ետք, երբ առաքեալները կը մօտենան Իրեն հարցնելու թէ ե՞րբ պիտի պատահին այս բոլորը, մեր Տէրը անոնց անձնապէս կը զգուշացնէ գալիք հալածանքներէն, որոնց պիտի ենթարկուին Քրիստոսի իրենց պատկանելիութեան պատճառով։

Այս զգուշացումը միայն առաքեալներուն համար չէր, այլ դարերու ընթացքին բոլոր այն հաւատացեալներուն, ու մասնաւորաբար Խօսքը տարածողներուն, ու խաւարի մէջ լուսաւորող կանթեղներուն։

Ժամանակն ալ սահմանաւորուած չէ. այլ այդ բոլորը պիտի պատահէին ու կը պատահին բոլոր ժամանակներուն մինչև օրս։

Կրնայ մէկը հարցնել, թէ եթէ այդ հալածանքները բոլոր ժամանակներու համար են, հապա ինչու՞ մեր Տէրը զանոնք կապեց աշխարհի վախճանին։ Շատ լուրջ հարցում է. ինչքա՛ն հալածանքներ եղած են Քրիստոսի առաքեալներու կեանքին մէջ սկզբնական դարերուն, սակայն երբ աշխարհի վախճանը մօտենայ, անոնք պիտի կրկնապատկուին ու հասնին իրենց գագաթնակէտին։

օրինակ՝ երբ կը խօսուի պատերազմներու, երկրաշարժներու, ախտերու ու հիւանդութիւններու մասին, ասոնք ալ դարերու ընթացքին միշտ եղած են, սակայն ինչքան մօտենանք վախճանին, անոնք կը կատարուին աւելի մեծ յաջորդականութեամբ և աւելի լայնածաւալ ձևով ։

Աշխարհի վախճանի մասին բազմիցս խօսած եմ ներգոյ կապերուն մէջ։

ԱՇԽԱՐՀԻ ՎԱԽՃԱՆՄԱՆ ՆՇԱՆՆԵՐԸ 

« Քար քարի վրայ պիտի չմնայ…»

ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ԳԱԼՈՒՍՏԻ ՆՇԱՆՆԵՐՈՒ ՅԱՋՈՐԴԱԿԱՆՈՒԹԻ

Մի քանի տողով խօսինք անձնական հալածանքներու մասին. Ինչու՞ և ինչպէս՞։

Ուրեմն աշխարհի վախճանը պիտի չսահմանափակուի բնութեամբ այլ նաև պիտի հասնի անձերուն ու հոգիներու հալածման, քրիստոնեան մասնաւորաբար այդ ժամանակահատուածներու մէջ Տիրոջ խաչը ուսին շալկելով պիտի դիմագրաւէ այդ բոլորը։

Մեր Տէրը կըսէ.- «Եղբայրը մահուան պիտի մատնէ եղբայրը, ու հայրը՝ զաւակը. եւ զաւակներ պիտի ելլեն իրենց ծնողներուն դէմ ու մեռցնեն զանոնք: Բոլորին ատելի պիտի ըլլաք իմ անունիս համար»:

Ուրեմն բազմաթիւ են նշանները որոնց չէր հանդիպած մարդկութիւնը այս դաժանութեամբ ինչպէս այսօր է վիճակը, ու կը կարծեմ թէ բոլորդ ալ ականատես կըլլաք։

Սակայն այս բոլորով հանդերձ Տէրը կը քաջալերէ ըսելով.- «Բայց ո՛վ որ տոկայ մինչեւ վախճանը՝ անիկա՛ պիտի փրկուի»:

Այդ բոլոր նեղութեանց ու հալածանքներու մէջ Քրիստոնեան՝ իսկական հաւատացեալը, պէտք է միշտ զգուշանայ ու նայի իր ներքին աշխարհին. ու այդ թագաւորներուն ու դատաւորներուն առջև տարուելով պիտի չվախնայ, այնքան ժամանակ որ գիտակցի թէ Քրիստոս թագաւորն ու Տէրն է իր անձին ու իր հոգիին, ան պիտի չվախնայ այդ հալածանքներէն, քանի անոնք ըստ մեր Տիրոջ խօսքին կարևոր են. Ան կըսէ.- «կառավարիչներու եւ թագաւորներու առջեւ պիտի կենաք՝ իմ պատճառովս, անոնց վկայութիւն ըլլալու համար»:

Եթէ այդ նեղութիւնները անպայմանօրէն պէտք է որ տեղի ունենան, երբեք արգելք պիտի չըլլան աւետարանի ու Աստուծոյ խօսքի տարածմանը. Այս խօսքով մեր Տէրը կը հաստատէ այն միտքը, թէ բոլոր նեղութիւնները պատճառ պիտի ըլլան որ մենք, աւելի մեծ վճռակամութեամբ շարունակենք մեր առաքելութիւնը, քանի մենք այս աշխարէն ու այս աշխարհի համար չենք, այլ կսպասենք Յաւիտենականութեան մը որ պատրաստուած է մեզի ժամանակներէն ալ առաջ։

ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒն

Փառք կու տանք Աստուծոյ որ կանխաւ մեզ զգուշացուցած է ամէն ինչին, որպէսզի մենք միշտ մխիթարուած ըլլանք ըսելով, թէ այս բոլորը պէտք է որ պատահին։

Ուսումնասիրեցէք Քրիստոսի բոլոր խօսքերը, և պիտի չգտնէք ոչ մէկ տեղ ուր Ան խոստացած ըլլայ մեզի՝ քրիստոնեաներուս, թէ եթէ Իրեն հետևինք խաղաղ ուրախ և հանգիստ կեանք մը պիտի վայելենք դատարկ փորձութիւններէ, հիւանդութիւններէ ու հալածանքներէ. այլ ընդհակառակը աւելի (ժխտական խոստումներ) են։

Մարդիկ, (ոչ միայն արտաքին աշխարհէն, այլ հաւատքէ ու կրօնէ, այլ նոյնիսկ հաւատքի եղբայրներ ու հայրեր, մայրեր ու քոյրեր) մեզ պիտի չընդունին, պիտի հալածեն, մատնեն ու չարախօսեն, ոչ թէ մեր անձին որպէս թշնամանք, այլ Աստուծոյ խօսքն ու փրկութեան աւետիսը կասեցնելու, ու ինչքան կարելի է մարդիկ հնազանդեցնելու այս աշխարհի իշխանին, նեռին, որ վերջին օրերուն պիտի փորձէ նոյնիսկ աշխարհի ընտրեալները մոլորեցնել։

Մեր մխիթարութիւնը կը մնայ Աստուածային այն Սուրբ խօսքը որ ըսուեցաւ.-

«Բայց ո՛վ որ համբերէ մինչեւ վախճանը՝ անիկա՛ պիտի փրկուի»:

Պատրա՞ստ ենք համբերելու և տոկալու, սպառազինուած ենք Քրիստոսի խօսքերով ու Սուրբ հոգիի պարգևած զօրութեամբ,

Տէր զօրացուր մեր հաւատքը որպէսի Քեզ չուրանանք ինչքան ալ նեղութիւնները շատնան, ինչքան ալ խաւարը տիրէ, թող Քու լոյսդ մեր մէջէն լուսաւորէ զայն։

Ամէն