ԻՆՉՈՒ՞ ՀԵՏԵՒԻԼ ՔՐԻՍՏՈՍԻՆ

Այսօրուան աւետարանին մէջ Մաթ.4։23, Յիսուս ամբողջ Գալիլեան շրջելով՝ կը սորվեցնէր անոնց ժողովարաններուն մէջ, կը քարոզէր արքայութեան աւետարանը, եւ ժողովուրդին մէջ կը բուժէր ամէն տեսակ ախտ ու ամէն տեսակ վատառողջութիւն: Կարևոր է իմանալ թէ Գալիլեան մեծ քաղաք էր ու կը պարունակէր աւելի քան հարիւր գիւղ. և ըստ աւետարանիչին, մեր Տէրը կը շրջէր գիւղ առ գիւղ ու … Մանրամասն

Երբ նաւապետը քնանայ նաւը կ՛ընկղմի

Սուրբ գրային մեկնաբանութեամբ, նաւը կը խորհրդանշէ եկեղեցին, որուն մէջ Քրիստոսին հաւատացողները հանգիստ ու խաղաղ, վստահելով Քրիստոս նաւապետին հեռու կը մնան ծովի՝ այս աշխարհի վրդովումներէ։ Սակայն ի՞նչ կը պատահի երբ նաւապետը որուն ձեռքն է նաւին ղեկը քնանայ, և ի՞նչ իրաւունքով ան պիտի քնանայ, գիտնալով թէ ծովը ամենէ վտանգաւոր վայրն է որուն կարելի չէ վստահիլ, քանի անակնկալ … Մանրամասն

«Ամէն օր վերցնել խաչը ու հետեւիլ Քրիստոսին».

«Եթէ մէկը ուզէ գալ իմ ետեւէս՝ թող ուրանայ ինքզինք, ամէն օր վերցնէ իր խաչը ու հետեւի ինծի». (Ղուկաս 9) Այս համարը ոմանց համար անհասկնալի է։ Ինչպէ՞ս մէկը կրնայ խաչը վերցնել ու ամէն օր Քրիստոսի ետևէն երթալ։ Շատ յաճախ ըսած եմ իմ պատգամներուս մէջ, թէ դժուար է աւետարանական որևէ համար հասկնալ, առանց անոր նախորդող կամ անկէ … Մանրամասն

Վարձկան հովիւներ

Այսօրուան աւետարանը ամբողջութեամբ կը խօսի հովիւներուն մասին։ Հովիւ անունը կարևոր բարերէն ու ածականներէն մէկն է, ոչ թէ միայն նոր կտակարանի մէջ, այլ բոլոր աստուածաշունչին մէջ. և Աստուած Իր իմաստութեամբ զանազան մարդիկ ընտրեց մարդոց հովութեան, որոնք արդէն իսկ հովիւներ էին իրենց գործով։ Ոչխարներ հովուելու գործին առաջնորդելով,՝ կարծէք թէ Աստուած յատուկ նախախնամութեամբ, կուզէր Իր առաքեալներուն և մարգարէներուն … Մանրամասն

Միայն Աստուծմէ վախնալ

Այսօրուան աւետարանը վախի մասին է: Մեր Տէրը խստիւ կը պատուիրէ չվախնալ, մանաւանդ անոնցմէ որոնք միայմ մարմինը կրնան վնասել: սա պատուիրան մըն է, որուն չենք անդրադարձած: Վախը մեղք է. Միայն մէկ տեսակի վախ գոյութիւն ունի որ է ՍՈՒՐԲ ՎԱԽԸ, այսինքն Աստուծմէ վախնալը, քանի Նա միայն իշխանութիւն ունի մեր կեանքի սւ յաւիտենականուփեան վրայ: ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ Միայն Աստուծմե վախնալ, … Մանրամասն

Անպէտք հողը ինչու՞ սերմանել

Այսօրուան աւետարանը սերմնացանին առակին մասին է որուն մասին մանրամասնութեամբ խօսած եմ այս կապին մէջ: ՍԵՐՄՆԱՑԱՆԻՆ ԱՌԱԿԸ Սակայն այսօր նոր մտայղացում մը ունեցայ այս առակի մասին, մտածելով թէ ինչու՞ Աստուած Իր սերմերը կը նետէ անպէտք հողին մէջ, լաւ գիտնալով թէ փշոտ ու ժայռոտ հողին մէջ ոչ մէկ պտուղ պիտի չտան: Բնականաբար մենք լաւ հասկնալով առակը, աւետարանիչներու … Մանրամասն