ԻՆՉՈՒ՞ ՀԵՏԵՒԻԼ ՔՐԻՍՏՈՍԻՆ


Այսօրուան աւետարանին մէջ Մաթ.4։23, Յիսուս ամբողջ Գալիլեան շրջելով՝ կը սորվեցնէր անոնց ժողովարաններուն մէջ, կը քարոզէր արքայութեան աւետարանը, եւ ժողովուրդին մէջ կը բուժէր ամէն տեսակ ախտ ու ամէն տեսակ վատառողջութիւն:

Կարևոր է իմանալ թէ Գալիլեան մեծ քաղաք էր ու կը պարունակէր աւելի քան հարիւր գիւղ. և ըստ աւետարանիչին, մեր Տէրը կը շրջէր գիւղ առ գիւղ ու այդ հրաշագործութիւնները կը կատարէր ամէն տեղ։ Մեծ հաւանականութեամբ երբ անոր համբաւը շուտով կը տարածուէր ամէն տեղ, և քանի տակաւին այսպիսի բան մը մարդիկ տեսած կամ լսած չէին, իւրաքանչիւրը իր հիւանդը շալկած գիւղէ գիւղ կը շրջէր փնտռելու Քրիստոսը։

Քրիստոսի հիմնական առաքելութիւնն ու մարդեղացման պատճառն էր Արքայութեան աւետիսն ու փրկութեան խորհուրդը, սակայն անոր կողքին նաև Ան եկած եր մարդոց հիւանդութիւններն ու տկարութիւնները բուժելու։

Առաջին հայեացքէն ընթերցողը պիտի մտածէ թէ այս հսկայական բազմութիւնը կը հետևէր Քրիստոսին որոշ շահագրգռութեամբ. և բնական է որ այսպէս մտածենք, քանի որպէս մարդ՝ մեր տկարութիւնը գիտնալով պիտի ենթադրենք որ այսպէս ըլլայ, քանի մենք նաև նոյնը կընենք ոչ թէ միայն մեր մարդկային յարաբերութիւններուն մէջ, այլ նաև Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութեան։ Բայց թէ այսպիսի՞ն էր իրավիճակը Քրիստոսի շուրջ. ոչ. և ապացոյցը վերջին համարն է ուր աւետարանիչը Մատթէոս կ՛ըսէ.- «Մեծ բազմութիւններ կը հետեւէին անոր՝ Գալիլեայէն, Դեկապոլիսէն, Երուսաղէմէն, Հրէաստանէն եւ Յորդանանի միւս կողմէն»:

Ովքեր էին այդ բազմութիւնը որ կը հետևէին իրեն. միայն բժշկուած հիւանդները՞, ես կը կարծեմ ոչ. քանի բժշկուածները ուրիշ զբաղում պիտի ունենային՝ երթալու իրենց ընտանիքներուն, և մեծ ուրախութեամբ տօնելու իրենց բժշկութիւնը, և աւելի կարևոր զբաղումն ու առաքելութիւնը անոնց պիտի ըլլար աւետարանել Քրիստոսը որ բժշկեց զիրենք, ու խօսիլ այն արքայութեան մասին որ լսած էին Քրիստոսէն։

Մեծ բազմութիւն մը կը հետևէր Քրիստոսին ու կը հետևի այսօր նաև. և հարցումը կը մնայ նոյնը. Ինչու՞. Միթէ մտածա՞ծ ենք այս մասին։
Աշխարհիս վրայ տարբեր տեսակի կրօններ ու վարդապետութիւններ կան, որոնք աւելի մօտ են մարդկային մարմնաւոր ցանկութիւններուն ու իղձերուն. սակայն ինչու՞ մենք կառչած կը մնանք Քրիստոսին։
Քրիստոնէութիւնն ու խաչեալ Քրիստոսին մեր պատկանելիութիւնը, հիմնական պատճառներ եղած են որ մենք չարդուինք ու կոտորուինք դարերու ընթացքին. սակայն մեր պապերը և մենք մինչև այսօր կառչած կը մնանք այս հաւատքին, քաջատեղեակ ըլլալով որ նա նեղ դուր մըն է որուն մէջէն պիտի անցնենք մեր կեանքի բոլոր օրերը, նոյնիսկ եթէ քրիստոնէութիւնը չապրինք իր ամբողջ մանրամասնութիւններով, այլ և նոյնիսկ եթէ նա մեզի համար անուն մըն է կամ ձևակերպական ըլլայ։
Ինչու կառչած կը մնանք քրիստոնէութեան հակառակ որ մեր գործնական կեանքն ու բարոյականը, ոչ մէկ առնչութիւն ունին քրիստոնեայ մեր կոչումին. ոչ եկեղեցի կերթանք, ոչ կը հաղորդուինք, ու քրիստոնէութիւնը միւռոն մը մնացած է մեր ճակտին, ու այդ մկրտութեամբ վերջակէտը դրած ենք կարծէք այդ թատերգութեան։

ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ
Պատասխանը՞
Աստուածային նախախնամութիւնն ու սէրն են, որոնք մեզ ընտրած ու պահած են քրիստոնեայ, հակառակ բոլոր վերոյիշեալ մեր թերութիւններուն. միլիոնաւոր մարդիկ քրիստոսէ առաջ սպասեցին այս Սուրբ անունը ու չստացան։ երանի մեր ականջներուն ու աչքերուն որոնք տեսան ու լսեցին այս փրկութեան մասին, ու երանի մեր հոգիներուն, որոնք մկրտութեան աւազանին մէջ մկրտուելով նոր արարածներ եղան։
Աստուած ընտրած է մեզ Քրիստոսի հետևորդ ըլլալու, ու մեզմէ իւրաքանչիւրի ընդմէջէն նամակ մը ունի հասցնելու մարդկութեան։
Սիրելի ընթերցող
Եթէ տակաւին այս հարցը ուղղած չես դուն քեզ, առիթն է այսօր իմանալու պատասխանը։
Փնտռէ և պիտի գտնես