«Ամէնքը Իրեն կը սպասէին»: Ղուկաս 8։40-48։


Երկու օրեր առաջ տեսանք թէ ինչպէս մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս նաւը նստելով իր աշակերտներուն հետ ծովուն միւս կողմը անցած ատենը, իր նշանաւոր հրաշքը կատարեց ծովն ու փոթորիկները հանդարտեցնելով։ Միւս կողմ անցնելէ ետք, այնտեղ նաև կը սկսի իր քարոզութիւններն ու բժշկութիւնները, որոնց ամենէն նշանաւորն էր դիւահարին բժշկութիւնը, որուն մէջ տասնեակ եթէ ոչ աւելի չար ոգիներ կային, ու որոնց մեր Տէրը թոյլ տուաւ որ խոզերու մէջ մտնեն։

Աւետարանիչը ղուկաս կը պատմէ թէ այդ հրաշքէն ետք գիւղացիները սարսափահար կատարուածէն, հակառակ որ Ան ազատած էր իրենց այդ դիւահար խենդէն, Քրիստոսէն կը խնդրեն որ իրենց գիւղէն դուրս ելլէր, ու ան ալ ետ կը վերադառնայ ուրկէ որ եկած էր։

Ղուկասը գեղեցիկ պատկեր մը կը ներկայացնէ մեզի ըսելով.- «Երբ Յիսուս վերադարձաւ, բազմութիւնը ընդունեց զինք, որովհետեւ բոլորը կը սպասէին իրեն»:
Ովքե՞ր էին զինք սպասողները։ Սպասողները մի և նոյն ժողովուրդն էր որ կը հետևէր Իրեն, ու որոնց մասին ըսինք, թէ ոչ մէկ շահագրգռութիւն չունէին, այլ պարզապէս կուզէին աշակերտիլ Իրեն, և կամ ծարաւը ունին Աստուծոյ խօսքը լսելու Անոր բերնէն։

Երկու խումբերու, երկու գիւղերու և երկու տարբեր հոգեբանութիւններ ունեցող մարդոց առջև կը գտնենք մենք մեզ. Մէկը որ որոշեց մերժել Քրիստոսը ու դուրս հանեց, իսկ միւսը որ իր գործն ու տունը թողած կը հետևէր Անոր, և նոյնիսկ երբ Ան կը բացակայէր կերթար, անոնք լիայոյս կը մնային որ Ան ետ պիտի գայ, ու Անոր գալուն պէս ուրախութեամբ պիտի ընդունէին զինք։

Այսօր պարագան շատ չի տարբերիր: Աշխարհի մարդկութիւնը այսօր նաև բաժնուած են երկուքէ աւելի խմբաւորումներու, սակայն ես պիտի ուզեմ խօսիլ միայն երկու խմբաւորումներու մասին, որոնք Քրիստոնեայ են, կը հաւատան Քրիստոսին ու անոր դրոշմը ունին իրենց ճակատներուն. և պիտի չանդրադառնամ միւս մարդոց, որոնք հակառակ Քրիստոսը ճանչնալու որոշած են մերժել զինք
Պատկերը մի և նոյնն է։
Խումբ մը Քրիստոնեաներ, որոնց թիւը քիչ չէ, բաժնուած են երկուքի, հակառակ մի և նոյն անունը ունենալու, միևնոյն աւազանի մէջ մկրտուելու, միևնոյն քրիստոնէական զգեստը ունենալու և միևնոյն հաւատքը ունենալու։ Խօսքը աղանդաւորներու մասին չէ, ոչ ալ այլ ազգերու կամ տարբեր ժողովուրդներու մասին է. Այլ միևնոյն ազգի, միևնոյն ժողովուրդի ու Արմենական ցեղի ու լեզուի պատկանող միևնոյն հաւաքականութեան։
Մեր Տէրը Քրիստոս, 2015 տարիներ առաջ աշխարհ եկաւ ու մենք ընդունեցինք, հաւատացինք ու հետևեցանք Իրեն, ու Ան պատիւ տուաւ մեզի Իր առաքեալներու միջոցաւ Իր յոյսն ու լոյսը առաքելով մեր Հայաստան աշխարհը, այլ և աւելին, Միածինը հաճեցաւ իջնել հայաստան աշխարհ, Սրբացնել մեր երկիրը զայն կոչելով Սուրբ Էջմիածին, ու կոչուեցանք ըլլալու Անոր ընտրեալ ժողովուրդը, մեր երկիրը կերտեցինք Քրիստոսաւայել ձևով՝ զայն զարդարելով վանքերով, եկեղեցիներով, մատուռներով ու ամէն մէկ քայլափոխին հրաշակերտ խաչքարերով, ըլլալով մէկ ազգ, մէկ եկեղեցի ու մէկ հաւատք։

Ի՞նչ կատարուեցաւ 1700 տարիներ ետք։

Սուտ մարգարէներ ու վարդապետներ, գառնուկի կերպարանքով յափշտակող գայլեր, ներխուժեցին մեր երկիրը ու բաժնեցին մեր ժողովուրդը երկու մասի։ Մէկ մասը մերժեց առաքելահիմն հաւատքն ու աւանդութիւնները, և անսալով օտար վարդապետութեանց խաբեբայութեան ու աշխարհի սատանայակերտ յառաջդիմութեան, մերժեց իսկական Քրիստոսը ու դուրս շպրտեցին զայն իրենց կեանքի ու հաւաքականութեան մէջէն: Իսկ միւս մասն ալ, հակառակ բոլոր այս նեղութիւններուն, գայթակղութեանց ու դժուարութեանց, հակառակ զանազան տեսակի մարտահրաւէրներուն որոնք ոչ թէ թշնամու կողմէն կուգան, այլ իրենց հաւատքի եղբայրներուն ու հայրերուն կողմէ, կը մնան կառչած այն Քրիստոսին որ նաւը նստաւ ու հերաւոր երկիր գնաց ու ետ գալով զինք պիտի դիմաւորեն, ու պիտի անոնց հետ մնայ յաւիտեան, ու ըլլան մէկ հօտ ու մէկ հովիւ։

ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ
Դժուար օրեր կ՛ապրինք։
Դարերու ընթացքին զանազան պատերազմներ մղեցինք թշնամիներու դէմ «վասն հաւատքի ու վասն հայրենեաց» . սակայն այսօր մեր պատերազմը սուրի և հուրի դէմ չէ, «մարմնի ու արեան դէմ չէ», այլ այս աշխարհիս տիրող խաւարասէր իշխանի ու անոր հետևողներու դէմ է. Չար հոգիներու դէմ է, ու մեր հաւատքի պաշտպանութիւնը միայն աղօթքով ու ծոմապահութեամբ է որ պիտի կատարենք և «Ան որ համբերէ յաւիտեան պիտի ապրի»։

Սիրելի ընթերցող: Դուն ի՞նչ պատրաստակամութեամբ է որ կը սպասես Քրիստոսի Գալուստը:
Մեր հիմնական աղօթքը պէտք է միախառնել երկնքի սուրբերու աղօթքին, ու անոնց հետ բարձրաձայն աղաղակել.-

«Ամէն Տէր Յիսուս եկուր»։ Ամէն