«Փոքրիկներէն մէկը չարհամարհէք» Մատթէոս 18։10-14

Խիստ պատուիրանի մը առջև է որ այսօր կը գտնուինք։
Ովքեր են այն փոքրիկները որոնց մասին մեր Տէրը կակնարկէ ու կը պատուիրէ չ՛արհամարհել զիրենք։ Տարիքո՞վ փոքրիկները նկատի ունի միթէ. շատ անգամներ կը հանդիպինք նոյնանման մատնանշումներու, որոնք կը կարծենք թէ տարիքով փոքրիկներու մասին խօսած ըլլայ մեր Տէրը. սակայն խորքին մէջ այս չէ լրիւ ճշմարտութիւնը։

Մեզմէ ովքեր են անոնք որոնք տարիքով փոքրերը կ՛արհամարհեն ու կանարգեն. կարծեմ ոչ մէկը։ Բայց ո՛չ, ներողութիւն. կան փոքրիկներ որոնց կարհամարհենք, եթէ անոնք աղքատ ընտանիքի մը զաւակներ ըլլան, և կամ անոնց հայրն ու մայրը որոշ անպատկառելի նկարագրի մը մէջ կը գտնուին և կամ որոնք հոգեկան հիւանդութենէ կը տառապին, մոռնալով որ այսպիսի երեխաներ ոչ մէկ յանցանք ունին իրենց ընտանիքի վարքին մէջ, ու մոռնալով նաև թէ այսպիսի երեխաներ կրնան օր մը բժիշկներ, փաստաբաններ, դատաւորներ, հոգևորականներ և նոյնիսկ կաթողիկոս դառնալ. աւելին ըսեմ։ Կարդացէք Վարք Սրբոցը, ու պիտի տեսնէք թէ մեր սուրբերու մեծ մասը եղած են աղքատ ընտանիքի զաւակներ, և կամ որբեր։

Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս միայն այսպիսիներուն չէ որ կ՛ակնարկէ, այլ հոգիով փոքրերու մասին է խօսքը, ու լեռան քարոզի մէջ անոնց՝ հոգիով աղքատներուն երանի կու տայ։
Ինչքա՛ն հարուստներ կան որոնք, հակառակ իրեն համբաւին ու ստացուածքներուն, հոգիով աղքատ կը մնան ու խոնարհ , քանի լաւ գիտեն թէ իրենց ունեցուածքն կամ հարստութիւնը ոչ մէկ ձևով իրենց չի պատկանիր։ Քաջատեղեակ են թէ Աստուած է աղբիւրը բոլորը բարութեանց, ու աղբիւրն է իրենց այդ իմաստութեան որուն միջոցով իրենք կրցան այդ բոլորը ձեռք բերել։

Ճշմարիտ փոքրիկները անոնք են մանաւանդ, որոնք Աստուծոյ փառքին համար ինքզինքին կը փոքրացնեն՝ կը խոնարհեցնեն որպէսզի Աստուած անոնց ընդմէջէն ու փոխարէն մեծնայ, իրենց անձը կը նսեմացնեն որպէսզի Աստուած իրենց փոխարէն բարձրանայ ու փառաւորուի։

Ես այս պատուիրանը մէկ այլ ձևով կը հասկնամ՝՝ ՉՀՊԱՐՏԱՆԱԼ։
Հպարտութիւնը մեծագոյն մեղքն է, որուն մէջ իյնալով այլևս ոչ մէկը չենք կրնար տեսնել, ու բոլորին կարհամարհենք, մենք մեզ դասելով լաւագոյններու և իմաստագոյններու շարքերուն մէջ։

Հպարտութեան հիւանդութիւնը մեծագոյն ախտն է մեր ժողովուրդի բոլոր դասակարգերուն մէջ, ու նոյնիսկ հոգևորականներու դասին մէջ։ Շատ յաճախ կը հանդիպինք սարկաւագներու և վերջին ընծայարանի աշակերտներու, որոնց մէջ կը գտնենք խոնարհութեան մարմնացումը. Սակայն հազիւ թէ անոնք ծունկի քան խորանի առջև, ու երդուեն ժողովուրդի սպասաւոր ըլլալ, և մանաւանդ եթէ կուսակրօնութեան կեանքը ընտրելով հազիւ թէ վեղարը ստանան իրենց գլխուն արմատական կը փոխուին, կարծէք թէ հպարտութեան ու գոռոզութեան երթում ըրած ըլլան։ Ալ չխօսինք աւելի բարձրաստիճան հոգևորականներու ու առաջնորդներու մասին։

ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ
Թող ներէն ինծի իմ հոգևոր եղբայրներս ու հայրերս այս արտայայտութիւններուս համար, քանի չեմ կրնար ժողովուրդիս հպարտութիւնը քննադատել, ու անտեսել մեր հոգևորականաց դասի հպարտութիւնը, որը աւելի ծանր պիտի կշռէ Անոր առջև՝ որ մեզ ընտրեց իրեն նմանելու բառին իսկական իմաստով։

Տէր փշրէ մեր հպարտութիւնը ու խոնարհ հոգի պարգևէ մեզ։
Ամէն