Անձնուրացութիւնը Քրիստոնեայի կեանքին մէջ։


Այսօրուան Ղուկասի աւետարանի 9։23-ի մէջ մեր Տէրը կը պատուիրէ մեզի անձնուրացութիւն։

Հաւանաբար շատերու համար նոր բառ մը ըլլայ, քանի մեզմէ շատերու համար եթէ ոչ բոլորիս՝ մեր բառարաններու մէջէն ջնջուած է այս բառը։

Բացատրեմ այս բառը։

Անձնուրացութիւն այսինքն մեր անձը ուրանալ և ուրիշով զբաղուիլ։

Անձնուրացութիւն այսինքն մեր հարցերն ու մտահոգութիւնները թողած ուրիշներու հարցերուն լուծումներ գտնել։

Անձնուրացութիւն՝ այսինքն մեր ու հարազատներէն աւելի հեռու երթալ, ու փնտռել անոնց որոնք կարիքն ունին սիրոյ և խնամքի։

Անձնուրացութիւն այսինքն պատրաստ ըլլալ նոյնիսկ մեր անձերը զոհաբերել անոնց համար՝ որոնց կեանքերը պիտի փրկուին մեր անձին զոհաբերմամբ. հոմանիշները շատ են, փորձեցէք գտնել զանոնք։

Այս բառը ծանօ՞թ էր ձեզի, այս պատուիրանին հանդիպա՞ծ էք բնաւ և երբեք։ Կարծեմ ոչ.

Սակայն այս բառը ծանօթ պէտք է ըլլայ մանաւանդ մեզի՝ քրիստոնեաներուս, քանի մեր կրօնն ու հաւատքը հիմնուած են Սիրոյ վարդապետութեան վրայ, ու առանց անձնուրացութեան սէր չի կրնար գոյութիւն ունենալ, և կամ ամբողջական ու կատարեալ չի կրնար ըլլալ։

Մեր մարդկային ընկերային յարաբերութիւններուն մէջ նաև պատկերը նոյնն է։

Ամուսնացած զոյգեր, նշանուած զոյգեր, երկու եղբայրներու կամ գործընկերներու յարաբերութեանց մէջ չի ինչքան ալ սէրը տեղ ունենայ, եթէ անոնցմէ մէկը անձնուրացութիւն չունենայ միւսին նկատմամբ, այդ յարաբերութիւնն ու սէրը չեն կրնար շարունակուիլ ու իր գագաթնակէտին հասնիլ։Ծնողները լաւ գիտեն ու կը գործադրեն այս բառը իրենց զաւակներուն նկատմամբ, իրենց անձնական կարիքներն ու հոգերը մէկ կողմ դրած, պատրաստ են իրենց կեանքը տալու իրենց զաւակներուն համար։

Անձնուրացութիւն, այսինքն մեր անձի շրջանակէն դուրս ելլել, մեր անձնասիրութենէ դուրս գալ ու սկսիլ ուրիշը սիրել և ուրիշի մասին մտածել։

Մարդկային մեր յարաբերութենէ անդին, նաև ոևէ ժողովուրդի մը հաւաքական կեանքը չի կրնար յաջող ու արդիւնաւէտ ըլլալ առանց անձնուրացութեան։

Նայեցէք Հայ ժողովուրդի հաւաքական մեր կեանքին, ու պիտի տեսնէք թէ մեր պատմութեան էջերու մէջ այնքան ձախողած չենք եղած ինչքան այսօր։ Այնքա՛ն ժամանակ որ մեզմէ իւրաքանչիւրը միայն իր անձը կը մտածէ ու այդ շրջափակէն դուրս չուզէ գալ և ուրիշին մտածել, մենք պիտի չկարենանք յառաջդիմել ու յաջողութիւն ունենալ։

Օրինակներ։

Մեր պետութիւնները, այնքան ժամանակ որ միայն իրենց անձերն ու անհատական շահերը մտածեն, ու իրենց անձերէն դուրս գալով հաւաքականութեան շահը չմտածեն, այդ ազգի ճակատագիրը ենթարկուած է կորուստի ու օտարացման, ինչպէս իրավիճակն է այսօր։

Մեր եկեղեցական ու հոգևոր կեանքին մէջ պատկերը շատ պիտի չփոխուի, եթէ մեր եկեղեցւոյ գլուխները, հոգևոր առաջնորդներն ու հովիւները, միայն իրենց անձնական շահերը, աթոռներն ու պաշտօններն մտածելով, իրենց «հօտին առածութիւնը մէկ դի դնելով իրենց անձը միայն արածեն». Այն ժամանակ շատ բնական երևոյթ պիտի ըլլայ, որ «գայլը պիտի գայ ու յափշտակէ ոչխարները, ու անոնց արիւնը տուեալ առաջնորդէն կամ հովիւէն պիտի պահանջուի»։Պատմութիւնը լեցուն է այսպիսի օրինակներով, ու այսօր ալ այդ օրինակները պակաս չեն։

ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

Հաւանաբար ընթերցողներէն շատերը այս բառը մոռցած կամ մոռացութեան տուած էին, ուրիշներուն անախորժելի թուին այս տողերս, սակայն ճշմարտութեան ԽՕՍՔԸ կը մնայ անհերքելի, ու իրավիճակը կապացուցէ Քրիստոսի խօսքին յաւերժութիւնը։ Քրիստոսի առաքեալները լաւ հասկցած էին այս պատուիրանին խորքը, ու անոնք հայր մայր, քոյր եղբայր, այլ և իրենց անձն իսկ ուրանալով լծուեցան ուրիշ հոգիներու փրկութեան, ու մարդոց աստուածավայել կրթութեան։

Տէր շնորհէ ինծի խոնարհ սիրտ, ու սորվեցուր անձէս դուրս ելլել և ուրիշներ սիրել.

Ամէն