Երբ նաւապետը քնանայ նաւը կ՛ընկղմի

Սուրբ գրային մեկնաբանութեամբ, նաւը կը խորհրդանշէ եկեղեցին, որուն մէջ Քրիստոսին հաւատացողները հանգիստ ու խաղաղ, վստահելով Քրիստոս նաւապետին հեռու կը մնան ծովի՝ այս աշխարհի վրդովումներէ։
Սակայն ի՞նչ կը պատահի երբ նաւապետը որուն ձեռքն է նաւին ղեկը քնանայ, և ի՞նչ իրաւունքով ան պիտի քնանայ, գիտնալով թէ ծովը ամենէ վտանգաւոր վայրն է որուն կարելի չէ վստահիլ, քանի անակնկալ ու յանկարծակի կրնայ ալեկոծիլ ու նաւը ընկղմել։

Այսօրուան աւետարանին մէջ կը կարդանք, թէ Քրիստոս իր աշակերտներուն կը հրամայէ նաւը մտնեն ու միւս կողմը անցնին։ Ինք նաւին մէջ կը քնանար ու եղածը եղաւ։ Ծովուն ալիքները այնքան բարձրացան որ նոյնիսկ նաւը պիտի ընկղմէր. Իսկ նաւապետին չէր խանգարէր այդ աղմուկը և ոչ ալ իր առաքեալներու ճիչը ու սարսափը։

Աշակերտները մինչև վերջին վայրկեան կը փորձէին իրենց ունեցած փորձառութեամբ ալիքներուն իշխել, ու նաւը փրկել քանի նաւի մէջ էին իրենց կեանքերը ու կեանքէն սուղ բան մը չկար իրենց համար. Սակայն իրենց փորձն ու փորձառութիւնը ոչ մէկ արդիւնք չբերելէ ետք յիշեցին թէ նաւապետը՝ կեանքի աղբիւրը իրենց հետն էր։

Ինչու՞ Քրիստոս կը քնանար, և թէ Աստուած կը յոգնի՞ ու այլ հարցեր շատ են որոնք կրնան մեր միտքէն անցնիլ. Սակայն այսօր մէկ այլ երևոյթ մը պիտի քննարկենք

Քրիստոս նաւի մէջ կը քնանար… Ո՞ր նաւուն մէջ, առաքեալներու հոգիի նաւին մէջ։

Առաքեալները շատ լաւ գիտէին թէ իրենց հետ անուն մը կայ որ աւելի գերիվեր է քան աշխարհի բնութիւն ու անոր բերած վտանգները. անոնց հետ անուն մը կայ որուն միջոցաւ անոնք հրաշքներ կը գործէին ու այդ անունով դևեր կը հանէին. անոնց հետ անուն մը կար, որուն անունով կարելի էր հրամայել փոթորիկին ու ալիքներուն որ հանդարտին ու պիտի հնազանդէին իրենց հրամանին։

Սակայն ի՞նչ կը կարծէք, առաքեալները մոռցած էին, ես կը կարծեմ ոչ. Քանի եթէ այնպէս ըլլար յոյսերին կտրելէ ետք պիտի չերթային զինք արթնցնելու և օգնութիւն խնդրելու։ Մոռցած չէին, այլ Քրիստոսը անոնց սրտին մէջ պառկած էր, ու չէին ուզեր Անոր դիմել, կուզէին փրկուիլ իրենց փորձառութեան ու ուժին վստահելով, այն ինչ որ յուսախաբ ըրաւ իրենց ու յանձնուեցան։

Այսպէս ալ կը պատահի մեզի հետ այսօր մեր անձնական ու հաւաքական կեանքին մէջ. քրիստոնէութիւնը մեզի համար մնացած է միայն անուն, որուն միջոցով կը փորձենք զանազանել մենք մեզ ուրիշ այլ արիւնարբու ու մարդասպան կրօնէն ըսելով, թէ մենք խաղաղասէր ենք ու մարդասէր. Ու Քրիստոսը կը յիշենք միայն երբ անելի վիճակի մը մէջ կը գտնուինք։
Քրիստոնէութենէն միայն 1700 ամեայ պատմութիւնն ու Սիսի պատմական պատկանելիութեան հարցը մնացած է մեր ժողովուրդին համար, իսկ Քրիստոս նաւապե՞տը, երանի թէ միայն քնացած ըլլար, այլ թաղուած մնացած է ժայռի մէջ փորուած գերեզմանին մէջ։
Իսկ եկեղեցին հայկական որ բարձր բերդն է հաւատքին իմ պապերուս, ու օրրանը քրիստոնէութեան ու Միածնաէջը Աստուծոյ Որդուն, նաւապետը խո՛ր քունի մէջ է. ալիքները աջէն ու ձախէն կը զարնեն, փոթորիկներ, այլ և երկրաշարժներ, սակայն յիշեցնող չկայ պառկած Քրիստոսը արթնցնելու իր խո՛ր քունէն։

ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ
Գիշերային մեր գեղեցիկ շարականներէն մէկ տողը գրուած Ներսէս կաթողիկոսի ձեռքով, բաւարար պիտի ըլլայ եզրակացնելու օրուան խորհուրդը։
Զարթի՛ր, ընդէ՞ր ննջես, Տէ՛ր մի՛ մերժեր զմեզ ի սպառ։
արի՛ Տէ՛ր, օգնեա՛ մեզ. տացուք անուանդ Քում զփառս
ԱՄԷՆ