Միայն Աստուծմէ վախնալ

Այսօրուան աւետարանը վախի մասին է:
Մեր Տէրը խստիւ կը պատուիրէ չվախնալ, մանաւանդ անոնցմէ որոնք միայմ մարմինը կրնան վնասել: սա պատուիրան մըն է, որուն չենք անդրադարձած:
Վախը մեղք է. Միայն մէկ տեսակի վախ գոյութիւն ունի որ է ՍՈՒՐԲ ՎԱԽԸ, այսինքն Աստուծմէ վախնալը, քանի Նա միայն իշխանութիւն ունի մեր կեանքի սւ յաւիտենականուփեան վրայ:
ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ
Միայն Աստուծմե վախնալ, ու մարդիկ չհաճեցնել մեր հաւատքի հաշւոյն: