Վարձկան հովիւներ

Այսօրուան աւետարանը ամբողջութեամբ կը խօսի հովիւներուն մասին։
Հովիւ անունը կարևոր բարերէն ու ածականներէն մէկն է, ոչ թէ միայն նոր կտակարանի մէջ, այլ բոլոր աստուածաշունչին մէջ. և Աստուած Իր իմաստութեամբ զանազան մարդիկ ընտրեց մարդոց հովութեան, որոնք արդէն իսկ հովիւներ էին իրենց գործով։ Ոչխարներ հովուելու գործին առաջնորդելով,՝ կարծէք թէ Աստուած յատուկ նախախնամութեամբ, կուզէր Իր առաքեալներուն և մարգարէներուն որոշ փորձառութիւն մը ձեռք բերել տալ, նախքան մարդոց հովիւ ըլլալը։

Օրինակներ։
Մովսէս մարգարէն կը կարծուի թէ մօտաւորապէս 40 տարիներ ոչխարներու հովիւ եղած էր։
Ոչխարներու հովութիւնը մեծ դպրոց մըն էր, որ հովիւին պիտի ուսուցանէր Սէր և համբերութիւն, ինչպէս նաև պիտի զայն վարժեցնէ իր հօտով զբաղուիլ ու առաջնորդել, որ յանկարծ մէկը չկորսուի։ Հակառակ մովսէսի Փարաւոնի տան մէջ պատուական կեանք ունենալու, Աստուած զայն այն փառքէն ու պատիւէն դուրս հանեց, ու տարիներ շարունակ ոչխարներ հովուեց, կարծէք թէ այն դպրոց մը պիտի ըլլար ուրկէ աւարտելով պիտի կարողանար իսկական հովութեան անցնիլ։
Դաւիդ նաև նշանաւոր հովիւներէն մէկն էր. Ոչխարներ կ՛արածեր, երբ Աստուած զայն ընտրեց ու անոր կեանքը փոխելով հասցուց նոյնիսկ թագաւորութեան. սակայն Դաւիդ երբեք չէր մոռնար, ու յաճախ կը խոստովանէր թէ ինչպէս Աստուած զինք ոչխարներու ետևէն բերելով թագաւոր օծեց զայն։

Հին կտակարանի մէջ իսկ կը գտնենք, որ Տէրը Քահանաներն ու քահանայատներն իսկ հովիւներ կը կոչէր, մեղադրելով թէ անոնց հովութիւնը սխալ ընթացքի մէջ էր, ինչպէս Երեմիայի մարգարէութեան 23րդ և Եզեկիէլի 34 րդ գլուխը։
Այնտեղ մեղադրանքներ կը գտնենք՝ այդպիսի հովիւներու որոնք իրենց իսկական հովութենէն շեղելով, սկսած էին սխալ ուսուցումներ տալ կամ հովիւի անվայել անառակ կեանք ապրիլ, ինչպէս եզեկիէլը կըսէր «Ինքզինքին կը հովուէն փոխանակ իրենց հօտը հովուելու»։ Իսկական հովիւը այն է որ իր անձը ամէնէն վերջինը համարէ ու պատրաստ կ՛ըլլայ իր անձը զոհաբերելու իր հօտին համար։
Իսկական հովիւ զանազանելու համար մեր Տէրը մի քանի սկզբունքներ կը դնէ։
Նախ պէտք է գիտնալ թէ իսկական հովիւը մեր Տէրը ինքն է, ու ոևէ մէկ հովիւ պարտաւոր է Յիսուս Քրիստոսի դուռէն մտնել, Անոր նմանութիւնը առնելով Անոր հոգատարութեան ու սիրոյ նմանութեան պէս, հոգատարութիւն ու սէր ցուցաբերէ հանդէպ իր հօտին որ կը յանձնուի իրեն։
Աստուծոյ խօսքը բոլոր ժամանակներու համար է. Ինչպէս հին ուխտին մէջ, մանաւանդ նորի մէջ նաև, Ան հովիւներ ընտրած է իր հօտը արածելու։
Ինչպէս հին ուխտի քահանաներն ու հովիւները կ՛այպանուէին, նաև այսօր Աստուծոյ խօսքը ի զօրու է այպանելու նոր ուխտի հովիւները. Սակայն ինչպէս ճանչնալ ու զանազանել իսկական հովիւը կեղծէն ու վարձկան հովիւէն։
Աստուծոյ խօսքն է չափանիշը։
ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ
Իսկական հովիւի կեանքին մէջ պարտին որոշ (Քրիստոսեան) առաքինութիւններ ներկայ ըլլան իր կեանքի ու խօսքին մէջ։ Հովիւէն բնաւ և երբեք չի սպասուիր հրաշագործութիւն կամ լեռներու տեղափոխութիւն. Եթէ կան շատ լաւ. սակայն անոնք ալ բաւական չեն ապացուցելու անոր իսկական կամ կեղծ հովիւ ըլլալը։ Այլ կարևորագոյն ու հիմնական առաքինութիւնները որոնք պէտք է անպակաս ըլլան ոևէ հովիւի անձին ու նկարագրին մէջ, սէրն ու խոնարհութիւնն են որոնցմով անպայման օժտուած պէտք է ըլլայ ոևէ հովիւի մը կեանքը։
Հովիւ ըլլալ, կը նշանակէ իսկական հովիւին նմանիլ։
Հովիւ ըլլալ կը նշանակէ պատրաստ ըլլալ կեանքը ընծայաբերել մէկ ոչխարի մը համար, որ կրնայ գայլին ճիրաններու մէջ իյնալ ու կորսուիլ, ու որուն «արիւնը անոր ձեռքէն պիտի պահանջուի»։
Առակս զայս ի՞նչ ուսուցանէ։