«Հարիւրապատիկ փոխհատուցում» Մատթէոս 19։27-29

  Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս երկար ու կարևոր անդրադարձ մը ունենալէ ետք երկնքի Արքայութեան մասին, մատնանշելով ամուսնացածներ,կոյսերը, երեխաներն ու հարուտները, Պետրոս առաքեալի հարցադրումին որպէս հետևանք ու պատասխան թէ.- «Ահա՛ մենք թողուցինք ամէն ինչ ու հետեւեցանք քեզի. ուրեմն ի՞նչ պիտի ըլլայ մեզի», ան կարևորութեամբ կ՛անդրադառնայ եկեղեցւոյ հովիւներուն ու անոնց բաժնին մասին որ պիտի ունենան Երկնքի արքայութեան … Մանրամասն

«Անձնական նեղութիւններ ու հալածանքներ» Մարկոս 13։9-13

Այսօր անգամ մը ևս աւետարանը Ս. Մարկոսի գրչով, կ՛անդրադառնայ աշխարհի վախճանին ու անոր նախորդող նշաններուն. սակայն այդ նշաններու մասին խօսելէ ետք, երբ առաքեալները կը մօտենան Իրեն հարցնելու թէ ե՞րբ պիտի պատահին այս բոլորը, մեր Տէրը անոնց անձնապէս կը զգուշացնէ գալիք հալածանքներէն, որոնց պիտի ենթարկուին Քրիստոսի իրենց պատկանելիութեան պատճառով։ Այս զգուշացումը միայն առաքեալներուն համար չէր, այլ … Մանրամասն

«Մի՛ վախնար, միա՛յն հաւատա» Ղուկաս 8։49-56

Երկու օրեր առաջ, տեսանք թէ ինչպէս դիմաւորուեցաւ մեր Տէրը, և խօսեցանք այդ մասին թէ բոլորը կ՛կսպասէին Իրեն։ Այդ դիմաւորութեան խճողումի մէջ երկու կարևոր դէպքեր պատահեցան. նախ Յայրոս որուն աղջիկը մահամերձ էր, իսկ երկրորդ արիւնահոս կինը որ դպչելով Անոր բժշկուեցաւ։ Հաւանաբար մեր ուշադրութենէն կարևոր մէկ երևոյթ մը վրիպեցաւ, որուն մասին այսօր կուզեմ ձեզի հետ խորհրդակցիլ։ Այս … Մանրամասն

Անձնուրացութիւնը Քրիստոնեայի կեանքին մէջ։

Այսօրուան Ղուկասի աւետարանի 9։23-ի մէջ մեր Տէրը կը պատուիրէ մեզի անձնուրացութիւն։ Հաւանաբար շատերու համար նոր բառ մը ըլլայ, քանի մեզմէ շատերու համար եթէ ոչ բոլորիս՝ մեր բառարաններու մէջէն ջնջուած է այս բառը։ Բացատրեմ այս բառը։ Անձնուրացութիւն այսինքն մեր անձը ուրանալ և ուրիշով զբաղուիլ։ Անձնուրացութիւն այսինքն մեր հարցերն ու մտահոգութիւնները թողած ուրիշներու հարցերուն լուծումներ գտնել։ Անձնուրացութիւն՝ … Մանրամասն

«Փոքրիկներէն մէկը չարհամարհէք» Մատթէոս 18։10-14

Խիստ պատուիրանի մը առջև է որ այսօր կը գտնուինք։ Ովքեր են այն փոքրիկները որոնց մասին մեր Տէրը կակնարկէ ու կը պատուիրէ չ՛արհամարհել զիրենք։ Տարիքո՞վ փոքրիկները նկատի ունի միթէ. շատ անգամներ կը հանդիպինք նոյնանման մատնանշումներու, որոնք կը կարծենք թէ տարիքով փոքրիկներու մասին խօսած ըլլայ մեր Տէրը. սակայն խորքին մէջ այս չէ լրիւ ճշմարտութիւնը։ Մեզմէ ովքեր են … Մանրամասն

«Ամէնքը Իրեն կը սպասէին»: Ղուկաս 8։40-48։

Երկու օրեր առաջ տեսանք թէ ինչպէս մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս նաւը նստելով իր աշակերտներուն հետ ծովուն միւս կողմը անցած ատենը, իր նշանաւոր հրաշքը կատարեց ծովն ու փոթորիկները հանդարտեցնելով։ Միւս կողմ անցնելէ ետք, այնտեղ նաև կը սկսի իր քարոզութիւններն ու բժշկութիւնները, որոնց ամենէն նշանաւորն էր դիւահարին բժշկութիւնը, որուն մէջ տասնեակ եթէ ոչ աւելի չար ոգիներ կային, … Մանրամասն