Աշխարհի վախճանը

Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. «Այս սերունդը պիտի չանցնի, մինչեւ որ այս բոլորը պատահին»::
Ինչպէս կը կարդանք, Ղուկաս աւետարանի 13-րդ գլուխը ամբողջութեամբ կը խօսի աշխարհի վախճանի մասին: Այս գլխու մասին անհրաժեշտ կը գտնեմ մէկ կէտ մը նկատի ունենալ. Այս գլուխը կը բաժնուի երկու մասերու:
Առաջին համարէն մինչև 23րդ համարը կը խօսի այն նեղութիւններուն մասին որոնք պիտի պատահին գալուստէն առաջ, իսկ 24-րդ համարէն կը սկսի երկրորդ բաժինը որ կը վերաբերի Իր երկրորդ գալուստին ու անոր ընթացքին կատարուող նշանները:

Աշխարհի վախճանի մասին բազմիցս խօսած եմ հետևեալ կապերուն մէջ.-
ԱՇԽԱՐՀԻ ՎԱԽՃԱՆԸ 20122012
Քրիստոսի Բ Գալուստը
ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍԻ Բ. ԳԱԼՈՒՍՏԸ

Այս մի քանի տողերով կուզեմ մէկ համարի մասին կեդրոնանալ, որ մեծ հաւանականութեամբ հարց յառաջացուցած է շատերու մտքի մէջ, թէ մեր Տէրը ո՞ր սերունդին մասին կը խօսէր. սերունդներ անցան սակայն տակաւին այդ նշանները չկատարուեցան:
Խորքին մէջ այդ նշանները կատարուեցան մանրամասնութեամբ, ու այդ սերունդը տեսաւ ու ապրեցաւ այդ բոլորը ըսուածները, որոնք կը պատկանէին առաջին բաժնին՝ որ կը սկսի առաջին համարէն մինչև 23րդ համարը:
Առաջին բաժինը ամբողջութեամբ կը վերաբերի տաճարի փլուզմանը ու անոր յաջորդող նեղութիւններուն որոնք կատարուեցան 40-70թուականներուն Քրիստոսէ ետք, ու ճիշտ այդ բաժնի աւարտին է որ մեր Տէրը կըսէ ,- Ճշմա՛րիտ կը յայտարարեմ ձեզի. «Այս սերունդը պիտի չանցնի, մինչեւ որ այս բոլորը պատահին»:
Այս միտքը կ՛ապացուցուի 24-րդ համարով որ կսկսի այսպէս.- 24«Բայց այդ օրերը, (այդ տառապանքէն ետք), արեւը պիտի խաւարի… » ու կը սկսի խօսիլ աշխարհի վախճանին նախորդող նշաններու մասին:
Առաքեալները նաև խուճապի մատնուեցան Անոր համբարձումէն ետք կարծելով թէ վերջին օրերը կ՛ապրին, ու կ՛սպասէին Անոր գալուստը ամպերու վրայ. Այն ինչ որ մեծ հակազդեցութիւն ունեցաւ իրենց կեանքի, առաքելութեան ու նոյնիսկ անոնց պաշտամունքին վրայ: Անոնք մարմնով այս աշխարհի վրայ կ՛ապրէին սակայն հոգիով ու մտքով յափշտակուած էին երկինք:

Մեծ հաւանականութեամբ շատեր չէին հաւատար Քրիստոսի այս մարգարէութիւններուն, ու մանաւանդ հրեաները, որոնք չէին հաւատար թէ իրենց տաճարը պիտի փլի ու իրենք մեծ պարտութիւն մը պիտի ունենան: Երբ առաջին նշանները կատարուեցան ու տաճարը փլուեցաւ, շատեր յիշեցին Քրիստոսի խօսքերը ու դարձի գալով մկրտուեցան:

ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ
31«Երկինք ու երկիր պիտի անցնին, բայց իմ խօսքերս բնա՛ւ պիտի չանցնին»:
Այս համարով մեր Տէրը կը փակէ առաջին բաժնի իր մարգարէութիւնը, հրաւիրելով մեզ Իր խօսքին մասին խոկալու և մեր օրերու մէջ Անոր խօսքերուն կատարումը փնտռելու:
Այսօր բոլոր ժամանակներէն աւելի կը գտնենք անոր խօսքերուն կատարումը. Նայեցէք մեր շուրջ կատարուած իրողութիւններուն, և պիտի տեսնէք թէ մարդկութիւնը ոչ մէկ ժամանակ այդքան դաժան ու արիւնարբու եղած են ինչքան այսօր:
«Ա՛ն որ ականջ ունի, թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ՚ըսէ եկեղեցիներուն»: (Յայտ. 2:29)