Խորհրդածութիւն օրուան աւետարանէն

ա- «Իր տասներկու աշակերտները հաւաքելով՝ զօրութիւն ու իշխանութիւն տուաւ անոնց բոլոր դեւերուն վրայ, եւ ախտերը բժշկելու»:
Քրիստոս կը հրաւիրէ իր աշակերտները նոր առաքելութեան մը. սակայն այս առաքելութիւնը բնաւ և երբեք ստիպողական բնոյթ չէր կրեր, այլ ամբողջական սիրով ստանձնուած պիտի ըլլար:
Սիրոյ արտայայտութիւնն էր ամենասէր Աստուծմէ հանդէպ իր սիրելի մարդուն: Այս հրաւէրը նոր տնտեսութեան մը ստանձնումն էր առաքեալներու կողմէ, գործելու Անոր դաշտին մէջ Անոր հաշուին:
Այս կոչումին գիտակցելով՝ առաքեալները նոր պաշտօն մը ընդունեցին որ է (Տնտես)-ութինը. ինչպէս առաքեալը կըսէ ,- «Մարդիկ թող սեպեն մեզ՝ որպէս Քրիստոսի սպասաւորներն ու Աստուծոյ խորհուրդներուն տնտեսները:» Ա. Կորն. 4:1
բ- «զօրութիւն ու իշխանութիւն տուաւ անոնց բոլոր դեւերուն վրայ, եւ ախտերը բժշկելու»:
Տնտեսութիւնը յանձնելով անոնց, Ան երբեք չզլացաւ անոր կողքին նաև պարգևներ տալու անոնց՝ Սուրբ հոգիի իշխանութեամբ դևեր հանելու և ախտեր բժշկելու:

Շատեր իշխանութիւններ ունին այս աշխարհին մէջ իրենց պաշտօնի կամ դիրքին բերումով. սակայն այդ իշխանութիւնը ժամանակաւոր ու արտաքին է, ու անոնց ներսիդին որևէ զօրութիւն չկայ, ու այդ պատճառով ալ անոնք վնաս կը հասցնեն իրենք զիրենք ու նաև անոնց ստացած պաշտօնին իսկ. ի տարբերութիւն՝ աշակերտները ստացան նաև ներքին զօրութիւն որ ոչ թէ արտաքին է ու ժամանակաւոր, այլ Անոր «Սուրբ Հոգին» է որոնց մէջ պիտի ապրի յաւիտեան ու անոնց մէջ ու միջև պիտի գործէ:

Այստեղ չմոռնամ յիշեցնել թէ Սատանան նաև կը պնդէր իր երկրաւոր իշխանութիւնը, օգտագործելով մարդկային մեր տկարութիւնները մեզ անոր ճիրաններու մէջ առաւ. և այդ պատճառով ալ Քրիստոսի առաքեալները կարիքն ունէին ներքին աստուածային իշխանութեան մը, որուն միջոցով պիտի կարենային պայքարիլ սատանայի իշխանութեան թէմ ու գահընկէց ընել զինք. ու այդ աստուածային իշխանութիւնը Սուրբ Հոգին էր: