“Իմ տէրս կ՚ուշացնէ իր գալը”

Այսօրուան աւետարանին նախորդող համարներուն մէջ Ղուկաս 12, մեր Տէրը կը պատրաստէ իր ունկնդիրները սպասելու Իր երկրորդ Գալուստին, ու պատրաստ ու արթուն մնալ, քանի ոչ ոք գիտէ թէ Ան ե՞րբ պիտի գայ. ըսելով.- Երանի՜ այն ծառաներուն, որ տէրը արթուն պիտի գտնէ՝ երբ գայ: 12:37 Որպէս Քրիստոնեաներ ու Քրիստոսի իսկական հետևորդներ, մեր բոլորին յոյսի ու հաւատքի նպատակն … Մանրամասն

«Երանի՜ ձեզի՝ աղքատներուդ»

«Երանի՜ ձեզի՝ աղքատներուդ, որովհետեւ ձերն է Աստուծոյ թագաւորութիւնը: Այսօրուան աւետարանը եզակի ու զարմանալի երանի մը կուտայ, որ յաճախ մեզմէ շատերուն մտածելու կեդրոն դարձած է: Մատթէոս աւետարանի տարբերակը կը խօսի հոգիով աղքատութեան մասին, սակայն այստեղ Մարկոսը տարբեր մէկ այլ մօտեցում մը ունի, ան կը խօսի ուղղակի աղքատութեան մասին: Ովքեր են աղքատները, և ո՞ր տեսակի աղքատներուն մասին … Մանրամասն

Կնոջ դերը Քրիստոսի եկեղեցւոյ մէջ

  Այսօրուան աւետարանը մի քանի տողերով, կը ներկայացնէ մի քանի կիներ որոնք Քրիստոսի ու Անոր 12 աշակերտներուն հետ կը շրջէին գիւղէ գիւղ, քաղաքէ քաղաք Աստուծոյ արքայութիւնը տարածելու։   Ինչպէս ծանօթ է ձեզմէ շատերուն, մեղքը աշխարհ մտաւ Եւայով ու ժառանգուեցաւ սերունդէ սերունդ հասնելով մինչև մեր օրը։ Մեր օրերուն այդ մեղքը վերացաւ մեզմէ մկրտութեամբ, սակայն այդ մեղքը … Մանրամասն

ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ ԱԳԱՀՈՒԹԻՒՆԷ

Մեր Տէրը այսօրուան աւետարանի մէջ, (Ղուկաս 12։14) կը շարունակէ Իր ուսուցումները, ու այս անգամ կը պատուիրէ իր աշակերտներուն զգուշանալ ագահութենէ՝ որ մեծագոյն թշնամին է հաւատացեալին, ու մանաւանդ եկեղեցւոյ սպասաւորներուն։ Հետաքրքրական է որ նախորդ տողերուն մէջ կը գտնենք տարբեր տեսակի ուսուցումներ որոնք ոչ մէկ առնչութիւն ունէին ագահութեան մասին. այլ մեր Տէրը կը խօսէր զանազան տեսակի նեղութիւններու … Մանրամասն

«Լեցուեցաւ Սուրբ Հոգիով» (Ղուկասի 1։41)

Իւրաքանչիւր հաւատացեալ քրիստոնեայի մը երկրաւոր կեանքի ցանկութիւնն ու նպատակն է լեցուիլ Սուրբ հոգիով. քանի  Սուրբ հոգիով է որ մենք Աստուծոյ խորհուրդները կը հասկնանք, շնորհքներ կունենանք ու հաւատքի վկայութիւնը կու տանք՝ Քրիստոսը որպէս Աստուած խոստովանելու։ Ինչպէ՞ս լեցուիլ  Սուրբ հոգիով։ Դարերու ընթացքին մարդիկ զանազան փորձեր կատարած են ու այսօր նաև՝  Սուրբ հոգիով լեցուելու. ոմանց համար շատ դժուար … Մանրամասն

Կեղծաւորութեան թթխմորը

Այսօրուան աւետարանը (Ղուկաս 12-1-12) եզակի պատկեր մը կու տայ մեզի, այն բազմութեան թիւի մասին որ կը հետևեր Յիսուս Քրիստոսին։ Աւետարանիչը կը պատմէ թէ ժողովուրդը շատ էր այն աստիճան որ իրար վրայ կը կոխկրտէին աւելի մօտ ըլլալու Քրիստոսին ու անոր ձայնն ու քարոզութիւնը աւելի յստակ լսելու համար։ Այս խճողումի մէջ մեր Տէրը մէկ այլ նոյնանման արտայայտութիւն … Մանրամասն