«Երանի՜ ձեզի՝ աղքատներուդ»

«Երանի՜ ձեզի՝ աղքատներուդ, որովհետեւ ձերն է Աստուծոյ թագաւորութիւնը:

Orvan-avedarane2Այսօրուան աւետարանը եզակի ու զարմանալի երանի մը կուտայ, որ յաճախ մեզմէ շատերուն մտածելու կեդրոն դարձած է:

Մատթէոս աւետարանի տարբերակը կը խօսի հոգիով աղքատութեան մասին, սակայն այստեղ Մարկոսը տարբեր մէկ այլ մօտեցում մը ունի, ան կը խօսի ուղղակի աղքատութեան մասին:

Ովքեր են աղքատները, և ո՞ր տեսակի աղքատներուն մասին է խօսքը. նիւթակա՞ն թէ հոգևոր: Բնականաբար բոլորս պիտի մտածենք թէ խօսքը հոգևոր աղքատութեան մասին է և իրաւունք ունիք. սակայն ես պիտի ուզեմ այսօր այդ երանիին մէջ նաև նիւթապէս աղքատներուն, տնանկներուն ու տկարներուն տեղ տալ, ու այդ երկուքը միախառնել:

Քրիստոսի շուրջ տարբեր քաղաքներէ եկած մարդիկ էին, և երբ ուսումնասիրենք այդ քաղաքներն ու գիւղերը, Տիւրոսն եւ Սիդոնի ծովեզերքը, մեծ մասամբ աղքատ դասակարգի կը պատկանէին. նոյնիսկ Անոր աշակերտները բացի Պետրոսն ու իր եղբայրը աղքատներ էին. ուրեմն կարելի է եզրակացնել որ մեր Տէրը Իր խօսքը ուղղած ըլլար նաև նիւթապէս աղքատներուն:

Տարբեր ուսուցում ու վարդապետութիւն մըն էր որ զարմացուցած էր ոչ թէ միայն Իր անմիջական հետևորդներն ու աշակերտները, այլ մասնաւորաբար դպիրներն ու փարիսեցիները, որոնք վարժ չէին այսպիսի երևոյթի մը. վարդապետ կամ մարգարէ մը, կամ նոյնիսկ օրէնքի (իսկական) ուսուցիչ մը, իրաւունք չունէր այսպիսի խոնարհութեամբ ու սիրով մօտենար ու յարաբերեր տկար ու աղքատ դասակարգի մարդոց հետ. ան պէտք էր միշտ բարձր մնար անոնցմէ ու աւելի յարաբերեր իր կարողութեան ու իր մակարդակի մարդոց հետ:

Օրէնքի վարդապետներն ու ուսուցիչները Քրիստոսի ժամանակ, շատ չեն տարբերիր այսօրուան կարգ մը առաջնորդներէն ու հոգևորականներէն: Անոնց ուսուցումն ու յարաբերութիւնը աւելի բարձր խաւի հարուստներու և պաշտօնեաներու հետ էր. անոնց համար աղքատ ու խոնարհ մարդը ոչ մէկ կարևորութիւն ունէր: Նոյնիսկ օրէնքի ուսուցման մէջ անոնք ծանր բեռներ կը դնէին աղքատներու ուսերուն, իսկ հարուստ մարդը օրէնքի լուծէն կազատէր, քանի ան տասանորդ կու տար ու իրենց գրպանները կը լեցնէր:

Ի՞նչ առաւելութիւններ ունին աղքատները

Աղքատ մարդիկ պարտադրաբար, կեանքի պայմաններու բերումով աղքատ են արտաքնապէս, ու անոնց համար շատ աւելի հեշտ է ներքին աղքատութիւնը իւրացնելը. սակայն հարուստ մարդը հոգևոր աղքատութեան հասնելու համար, երկար ճամբայ մը ունի իր արտաքինը նախ խոնարհեցնելու. քանի նա չի կրնար հոգիով աղքատ ըլլալ Աստուծոյ առջև, մինչ արտաքնապէս ան հպարտ ու անձնասէր է, ու սէր չունի իրմէ աւելի տկարներուն ու աղքատներուն նկատմամբ:

Աղքատ մարդը խոնարհ է բոլորին առջև ու ինքն իր տկարութեան գիտակից. իսկ հարուստ ու միջակ դասակարգի մարդիկ չեն կրնար նոյնիսկ Աստուծոյ առջև խոնարհիլ՝ ալ ուր մնաց իրենց հաւասար կամ իրենցմէ աւելի տկարներուն առջև:

Այս է պատճառը որ որ մեր վանական կեանքին մէջ ու նոյնիսկ եկեղեցական ուխտին որ կը կատարէ հոգևորականը, ան կուխտէ աղքատութիւն. «աղքատ կեանք ապրիլ նմանելու Քրիստոսին»:

Պարտինք հաւանութեան աչքով նայիլ փողոցի մէջ քալող աղքատներուն ու մուրացկաններուն ու անոնց երանի տալ. քանի մենք անոնց աղքատութեան՝ խոնարհութեան ու հեզութեան հասնելու համար աղօթքի երկար ճամբայ ունինք կտրելու:

ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

Բոլոր աղքատները չեն որ երկինք պիտի երթան, կամ հարուստները ոչ. բնաւ և երբեք. այլ պարզապէս աղքատ մարդը կեանքի պարտադրութեամբ վարժ է խոնարհութեան, հեզութեան և հնազանդութեան, և չունի հպարտութիւն ու գոռոզութիւն իրեն հաւասարակիցներուն ու մանաւանդ իրմէ աւելի հարուստներուն:

Աղօթքս է որ մեզմէ իւրաքանչիւրը մուրացկան դառնայ բարին իսկական իմաստով:

Ամէն մարդ չէ որ կրնայ մուրացկան ըլլալ. մուրացկանութիւնը պայմաններ ունի որոնցմէ ոչ մէկս կրնանք իրագործել մեր կեանքին մէջ: Մուրացկաններ ըլլանք Աստուծոյ ողորմութեան ու գթութեան որոնցմէ բոլորս ալ զերծ ենք, քանի ընկղմած ենք այս աշխարհի հաճոյքներուն, վայելքներուն ու մտահոգութիւններուն մէջ, ու մոռցած ենք Այն՝ որ թևերը բացած խաչափայտին վրայ կը բացականչէ մեզմէ իւրաքանչիւրը, «Անոր հետ իջնելու՝ տափարակ տեղ մը կայնելու» ինչպէս որ Ինք ըրաւ մեզի համար: