Կնոջ դերը Քրիստոսի եկեղեցւոյ մէջ

  Orvan-avedarane2Այսօրուան աւետարանը մի քանի տողերով, կը ներկայացնէ մի քանի կիներ որոնք Քրիստոսի ու Անոր 12 աշակերտներուն հետ կը շրջէին գիւղէ գիւղ, քաղաքէ քաղաք Աստուծոյ արքայութիւնը տարածելու։

  Ինչպէս ծանօթ է ձեզմէ շատերուն, մեղքը աշխարհ մտաւ Եւայով ու ժառանգուեցաւ սերունդէ սերունդ հասնելով մինչև մեր օրը։ Մեր օրերուն այդ մեղքը վերացաւ մեզմէ մկրտութեամբ, սակայն այդ մեղքը բնաւ և երբեք պատճառ չեղաւ որ Աստուած Իր յարաբերութիւնը կտրէ մարդ արարածէն, ու մանաւանդ Եւայի սերունդէն որմէ պիտի ծնէր Իր միածին Որդին։

Հին կտակարանի մէջ բազում են թիւը ընտրեալ կիներուն որոնք առաքելութիւն մը ունէին Աստուծոյ Փրկութեան ծրագրին մէջ, որոնց օրինակն էր Աննա մարգարէուհին, Եղիսաբեթը, ու ի վերջոյ Սուրբ Կոյս Աստուածամայրը։

  Նոր ուխտով և Քրիստոսի մարմնացումով, Աստուած աւելի մեծ կարևորութիւն տուաւ կնոջ. Ան չսահմանափակեց Իր ընտրութիւնը միայն մի քանի կիներով որոնք պիտի գործակցէին Անոր խօսքին տարածման կամ սպասաւորման, այլ բոլոր մարդկութիւնը հաւասար՝ որոնց մէջ ըլլալով նաև կիները, կոչուեցան Իսրայէլի նոր ժողովուրդ, և մկրտութեամբ «Քրիստոսը հագուեցան», ու բոլորն ալ եղան սպասաւորները «Աստուծոյ Խօսքին»՝ Յիսուս Քրիստոսին։

  Օրուան աւետարանիչը կը ներկայացնէ մեզի օրինակ մը որոշ մի քանի տիկիններու, որոնք սրբուհիներ կամ միայն սրբակեաց կեանք ապրող կիներ չէին, այլ տարբեր դասակարգերէ ու խաւերէ. Օրինակ՝ «Մարիամ՝ Մագդաղենացի եւ որմէ եօթը դեւ ելեր էր», և անունէն իսկ կը նշմարենք որ ան՝ Մարիամը դևերու բնակարան եղած էր տարիներ շարունակ, մինչև Քրիստոսի գալը, որ զայն պիտի ազատեր դևերէն ու պիտի հրաւիրեր կամաւոր Իրեն սպասարկելու, և Աստուծոյ Արքայութիւնը աւետելու։

Երկրորդ կինն էր «Յովհաննա, Հերովդէսի տան վերակացուին՝ Քուզայի կինը». Այս կնոջ անունին կցուած ինքնութեան բացատրութիւնը նաև կը յայտնուի իր ով ըլլալը։ Այս տիկինն ալ սովորական խաւէ, կամ աղքատ դասակարգէ չէր, այլ Հերովդէսի տան վերակացուին՝ Քուզայի կինը. և ծանօթ է մեզի գոնէ հայերուս, թէ նախագահի մը տան մէջի վերակացուն, ինչպիսի լաւ պայմաններու մէջ պիտի ապրած ըլլայ, ու ինչպիսի պատիւի մը արժանացած ժողովուրդի բոլոր խաւերուն կողմէ. Ան սովորական աղքատ ու պարզ կինն մը չէ, ան «Հերովդէսի տան վերակացուին՝ Քուզայի կինը» կ՛ըսուէր անոր մասին։

Երրորդ տիկինը Շուշանը, որուն մասին մանրամասնութիւններ չի տար աւետարանիչը, այլ կը բաւարարուի ըսելով թէ նա՝ Շուշանը «ու շատ ուրիշներ, որոնք կը սպասարկէին անոր իրենց ինչքով». ԵՒ սա կը նշանակէ որ Շուշանը և միւս այլ բազում տիկիններ, հարուստ դասակարգի կը պատկանէին, ու իրենց ինչքերը, նիւթական կարողութիւնները իս պաս դրած էին Խօսքին սպասարկութեան ու Աստուծոյ Արքայութեանը տարածման։

ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

Այս մի քանի անունները բաւարար են ապացուցելու թէ կնոջ պարտականութիւններն ու առաքելութիւնը քրիստոնէութեան մէջ սահմանափակուած չեն տան տիկին ըլլալով, իր երեխաները քրիստոնեայ դաստիարակելով ու ամուսնոյն սպասարկելով ու հնազանդելով. Այլ այս բոլորին կողքին պարտի այդ շրջափակէն դուրս ելլել, ու զբաղուիլ Աստուծոյ խօսքին տարածմամբ։

Աստուծոյ Արքայութեան աւետիսը տարածելու համար, պայման չէ քահանայութիւնը, (ինչպէս որ ոմանք խեղաթիւրելով աւետարանական ճշմարտութիւններն ու հրամանները կինը հասցուցած են եպիսկոպոսական աստիճանին), այլ մեզմէ իւրաքանչիւրը կոչուած է առաքելութեան մը, ու իւրաքանչիւրին մնաս մը յանձնուած է որուն համար ինք հաշիւ պիտի տայ։

Նախորդ դարերուն սահմանափակումներ կային կնոջ ազատութեան, ու անով հանդերձ ունեցանք սրբուհիներ. այսօրուան դրութեամբ կինը աւելի ազատութիւն ունի գործելու Քրիստոսի ու իր եկեղեցւոյ մէջ նոյնիսկ տունը նստած համակարգչին առջև։

Չզլանանք մեր լուման նետելու մեր եկեղեցւոյ հոգևոր գանձանակին մէջ։

«Շատ ունեցողէն շատ պիտի պահանջուի»։