ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ ԱԳԱՀՈՒԹԻՒՆԷ

Orvan-avedarane2Մեր Տէրը այսօրուան աւետարանի մէջ, (Ղուկաս 12։14) կը շարունակէ Իր ուսուցումները, ու այս անգամ կը պատուիրէ իր աշակերտներուն զգուշանալ ագահութենէ՝ որ մեծագոյն թշնամին է հաւատացեալին, ու մանաւանդ եկեղեցւոյ սպասաւորներուն։

Հետաքրքրական է որ նախորդ տողերուն մէջ կը գտնենք տարբեր տեսակի ուսուցումներ որոնք ոչ մէկ առնչութիւն ունէին ագահութեան մասին. այլ մեր Տէրը կը խօսէր զանազան տեսակի նեղութիւններու և դժուարութիւններու մասին, ինչպէս նաև հաւատքի վկայութեան մասին որ պէտք էր աշակերտները կատարեն թագաւորներուն ու դատաւորներուն առջև։

Ի՞նչ պատահեցաւ։

Մարդ մը կը մօտենայ Քրիստոսին ու անկէ կը խնդրէ որ դատաւոր կենայ իր և իր եղբօրը միջև ժառանգի հարցով, ու այնտեղ է որ մեր Տէրը անոր պատասխանելէ ետք, կը դառնայ իր աշակերտներուն ու զանոնք կը զգուշացնէ ագահութենէ։

Մեծ հաւանականութեամբ մեր, Տէրը որպէս քննող գաղտնեաց կարդալով այդ մարդուն խորհուրդները, իմացաւ որ ան իրաւացի չէ իր պահանջքին կամ գանգատին մէջ. այլ խօսքով՝ Ան գտաւ անոր մէջ ագահութեան մեղքն ու զգացումը, աւելին ունենալու և նոյնիսկ իրեն իրեն վիճակուած իրաւունքէն աւելին ստանալու մտադրութիւնը ունէր. և այդ պատճառով ալ Ան կը պատասխանէ անոր.- «Մա՛րդ, ո՞վ նշանակեց զիս իրաւարար կամ բաժնող՝ ձեր վրայ»։

Այս խօսքին մէջ կարևոր մէկ ուսուցում մը ունինք որուն կուզեմ անդրադառնալ. այս խօսքը ուղղուած է բոլոր հաւատացեալներուն ու մասնաւորաբար եկեղեցւոյ սպասաւորներուն, չզբաղուելու այսպիսի ժառանգական հարցերով, քանի որ այդ հարցին մէջ արծաթսիրութիւն կայ, և «Արծաթսիրութիւնը բոլոր տեսակի մեղքերուն աղբիւրն է». այդ իսկ պատճառով է որ մեր Տէրը ինքնին կը մերժէ միջամուխ ըլլալ, գիտնալով հանդերձ մարդուն խորհուրդներն ու գաղտնիքները։ Որևէ նիւթական հարցի մը հիմնական պատճառը ագահութիւնն ու սիրոյ պակասն է։ Երբ մագրենք մեր սիրտը ագահութենէ, նիւթական հարցերը ինքնաբերաբար պիտի լուծուին։

«Ուշադի՛ր ըլլալ եւ զգուշանալ ագահութենէ»։

Ագահութիւնը մեղք մըն է որ կը պատերազմի բոլոր մարդոց դէմ ու շատ վնասակար է մանաւանդ մեր հոգևոր կեանքին համար։

Պօղոս առաքեալը իր Տիմէթիոսին գրած նամակին մէջ կը զգուշացնէ ըսելով.-

«Որովհետեւ բոլոր չարիքներուն արմատը՝ արծաթսիրութիւնն է, որուն բաղձալով՝ ոմանք մոլորեցան հաւատքէն եւ իրենք զիրենք խոցեցին շատ ցաւերով»: (Ա. Տիմ. 1։10)

Նիւթասէր մարդը պատրաստ է նոյնիսկ ր հաւատքն ու իր աստուածը ծախելու։Բոլոր մեղքերը կը միախառնուին ագահութեան մէջ. Սուտը և երդումը, հպարտութիւնն ու անձնասիրութիւնը, դատապարտութիւնն ու գողութիւնը, ատելութիւնն ու նախանձը, նախանձն ու մարդասպանութիւնն ու ասոնց բոլոր յարակից մեղքերը։

ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

«Մէկուն ստացուածքներուն առատութենէն կախուած չէ իր կեանքը»:

Մարդուն երկրաւոր ու մանաւանդ երկնաւոր կեանքը կախեալ չէ իր ստացուածքներուն առատութենէն։ Ինչքա՛ն հարուստ մարդիկ կը ճանչնանք որոնք ուրախ չեն, ու նոյնիսկ անձնասպանութեան կը դիմեն.իսկ հակապատկերը կը գտնենք շատ մը աղքատներու, այ լև անոնց մեծամասնութեան մօտ. հակառակ իրենց աղքատութեան անոնք ուրախ ու երջանիկ կեանք կ՛ապրին, ու մանաւանդ եթէ հոգևոր խաղաղութիւն ունին Աստուծոյ հետ։

Նիւթասիրութիւնը Սատանային առաջին ու հիմնական զէնքն է որմով կը պատերազմի հաւատացեալին դէմ, ու մանաւանդ հոգևորականին դէմ։

Հոգևորականը ինչքան հեռանայ ու փախչի նիւթականէն, ան՝ նիւթականը աւելի պիտի վազէ անոր ետեւէն։ Իսկ վայ որ հոգևորականը իյնայ արծաթսիրութեան մեղքին մէջ. այն ժամանակ ան պիտի սկսի ծախել իր եկեղեցական ու հոգևոր, ու նոյնիսկ իր մարդկային արժէքները, ու պիտի դառնայ ստրուկ մամոնային։

«Ուշադի՛ր ըլլալ եւ զգուշանալ ագահութենէ»։