«Լեցուեցաւ Սուրբ Հոգիով» (Ղուկասի 1։41)

Orvan-avedarane2Իւրաքանչիւր հաւատացեալ քրիստոնեայի մը երկրաւոր կեանքի ցանկութիւնն ու նպատակն է լեցուիլ Սուրբ հոգիով. քանի  Սուրբ հոգիով է որ մենք Աստուծոյ խորհուրդները կը հասկնանք, շնորհքներ կունենանք ու հաւատքի վկայութիւնը կու տանք՝ Քրիստոսը որպէս Աստուած խոստովանելու։

Ինչպէ՞ս լեցուիլ  Սուրբ հոգիով։
Դարերու ընթացքին մարդիկ զանազան փորձեր կատարած են ու այսօր նաև՝  Սուրբ հոգիով լեցուելու. ոմանց համար շատ դժուար եղած է սակայն ուրիշներուն շատ թիւրին։

Այսօրուան աւետարանը (Ղուկասի 1։41) մեզի լաւագոյն ու հեշտ ճամբան կը ցուցնէ Եղիսաբեթի օրինակին ընդմէջէն երբ կ՛ըսէ.- «Երբ Եղիսաբեթ լսեց Մարիամի բարեւը, երախան խայտաց անոր որովայնին մէջ. իսկ Եղիսաբեթ լեցուեցաւ Սուրբ Հոգիով»։

Յստակ եղա՞ւ միտքը. յստակացնեմ, հակառակ որ շատերուն համար այս միտքը ընկալելի և ընդունելի կրնայ չըլլալ, քանի որ հասկցած չեն տակաւին առաքելահիմն որոշ վարդապետութիւններ ու ճշմարտութիւններ։

Սուրբ հոգիով լեցուելու, հաւատացել քրիստոնեան պարտի երկու կարևոր այցելութիւններ ունենալ, երկու կարևոր անձնաւորութիւններու կողմէ՝ Աստուած և Սուրբերը, ու մասնաւորաբար Սուրբ կոյս Մարիամը։
Աշխարհիս վրայ ապրող մարդիկ ինչքան ալ մեզ օգնեն այդ լեցունութիւնը ունենալու ճամբան ցոյց տալով, անոնց միջնորդութիւնը բաւարար պիտի չըլլայ, եթէ մենք սուրբերու բարեխօսութիւնը չունենանք մեր կողքին։

Այսօրուան աւետարանին մէջ կը տեսնենք թէ ինչպէս Սուրբ Կոյսի ողջոյնով Եղիսաբեթը լեցուեցաւ Սուրբ Հոգիով, ու անցեալին ալ տեսանք թէ ինչպէս միևնոյն բարեխօսութեամբ Կանայի մէջ ջուրը գինիի փոխուեցաւ։
Հայ առաքելական եկեղեցւոյ շարականներու և աղօթքներու մէջ անպակաս է Սուրբ Կոյսի բարեխօսութիւնը, ու պէտք է մեր անձնական աղօթքի մէջ ալ Ան միշտ ներկայ ըլլայ։

Չմոռնաք անոր բարեխօսութիւնը խնդրել ձեր բոլոր աղօթքներու մէջ, Անոր բարեխօսութիւնը անմերժելի է Իր Որդոյն մօտ։
Թող Անոր աղօթքներն ու բարեխօսութիւնը բոլորիս հետ ըլլան։ Ամէն