Կեղծաւորութեան թթխմորը

Orvan-avedarane2Այսօրուան աւետարանը (Ղուկաս 12-1-12) եզակի պատկեր մը կու տայ մեզի, այն բազմութեան թիւի մասին որ կը հետևեր Յիսուս Քրիստոսին։

Աւետարանիչը կը պատմէ թէ ժողովուրդը շատ էր այն աստիճան որ իրար վրայ կը կոխկրտէին աւելի մօտ ըլլալու Քրիստոսին ու անոր ձայնն ու քարոզութիւնը աւելի յստակ լսելու համար։

Այս խճողումի մէջ մեր Տէրը մէկ այլ նոյնանման արտայայտութիւն մը ևս կունենայ փարիսեցիներու կեղծաւորութեան մասին , ու կը զգուշացնէ իր առաքեալները անոնց կեղծաւորութենէն նմանեցնելով զայն՝ կեղծաւորութիւնը թթխմորի։Ի՞նչն էր պատճառը որ այսպիսի իրավիճակի մը մէջ Ան անգամ մը ևս անդրադառնար կեղծաւորութեան մասին։

Ժողովուրդի հոծ բազմութիւնը մէկ բան կ՛ապացուցէր, թէ բազմութիւնը կը հետևէր Քրիստոսին ճշմարիտ խօսք մը լսելու. քանի անոնք յոգնած էին իրենց օրէնքի վարդապետներու ուսուցումներէն, որ չէր համապատասխանէր անոնց կեանքին ու ապրելակերպին։ Այլ խօսքով անոնց հաւատքը կեղծաւորութիւն էր, ու ինչպէս երեկուան մեկնաբանութեան մէջ տեսանք, անոնք ծանր բեռ կը դնէին մարդոց ուսերուն ու իրենց մատով իսկ չէին շարժեցներ։

Այս հոծ բազմութիւնը կրցած էր զանազանել ճշմարտութեան խօսքը կեղծիքէն, ու աստուածայինը մարդկայինէն. Խօսք մը, որ կարելի է իրագործել. խօսք մը որ կրնար մարդը մօտեցնել Աստուծոյ ու Անոր հետ որդիական զգացումներ ստեղծել։

Ինչո՞ւ մեր Տէրը կը զգուշացնէ իր աշակերտները։

Այս բազմութեան մէջ հպարտութեան մեղքին մէջ չիյնալու համար. քանի անոնց մօտիկութիւնը հրաշագործ Քրիստոսին, ու Անոր անմիջական հետևորդները ըլլալով, կրնային նմանիլ փարիսեցիներուն, ու անոնց հպարտութեան ու կեղծաւորութեան թթխմորէն վարակուիլ։

Ուրիշ առիթով նաև լսեցինք Քրիստոսի միևնոյն զգուշացումը իր առաքեալներուն, երբ անոնք ըսին թէ հաց չունին, մեր Տէրը այնտեղ նաև զգուշացուց Փարիսեցիներու թթխմորէն, սակայն անոնք չհասկցան խօսքին իմաստը. մեր Տէրը կ՛ակնարկեր Փարիսեցիներու կեղծաւորութեան։։

Քրիստոսի այս զգուշացումը ուղղուած է մեզմէ իւրաքանչիւրին, մանաւանդ երբ մենք մեզ ուրիշներէն աւելի մօտ զգանք Աստուծոյ. այս մօտիկութիւնն ու սերտ յարաբերութիւնը պէտք չէ պատճառ ըլլայ իյնալու նշանաւոր ու վտանգաւոր փոսի մը մէջ որ հպարտութիւնն է։

ինչքա՛ն մօտենանք մեր Տիրոջ, այնքան աւելի պարտինք առնել Իր բնութենէն ու նմանութենէն. նոյնիսկ եթէ հրաշքներ գործենք Անոր անունով ու լեզուներ խօսինք, պէտք չէ հպարտանալ և ուրիշներէն աւելի լաւ դասակարգել մենք մեզ։

Քրիստոսի այս խօսքերը ապացոյց են, թէ Նա կ՛ատէ կեղծաւորութիւնն ու հպարտութիւնը։

Շատ մարդիկ՝նոյնիսկ եկեղեցւոյ սպասաւորներ, որոնց կեանքը լի է մեղքով, բամբասանքներով ու ատելութեամբ հանդէպ իրենց ամենամօտ բարեկամներուն, եղբայրներուն ու նոյնիսկ ծնողներու, երբ եկեղեցի կը մտնեն, կը ձևանան թէ անոնք սրբութիւն սրբոց են, ու նոյնիսկ պատրաստ իրենց թշնամիներուն հետ գրկախառնուելու եկեղեցւոյ մէջ. երբ կը հարցնենք այնպիսիներուն իրենց երկու տարբեր անհատականութեանց մասին, անոնք կը պատասխանեն.- «Դուրսի մեր կեանքը կապ չունի, եկեղեցւոյ մէջ պէտք է պատկառելի ըլլանք ժողովուրդին առջև որպէսզի չգայթակղին», մոռնալով որ ներսի կեղծաւորութիւնը աւելի մահկանացու է, քանի նա կը կատարուի Աստուծոյ ու մարդոց առջև, ու «ծածուկ բան մը չկայ որ չյայտնուի», և երբ յայտնուի աւելի մեծ ազդեցութիւն պիտի ունենայ ներկայ հաւատացեալի հաւատքին վրայ, ու գայթակղելով պիտի լքէ իր եկեղեցին։

ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

Զգուշանանք փարիսեցիներու թթխմորէն որ կեղծաւորութիւնն է: Զգուշանանք ոչ թէ միայն կեղծաւորութիւն չընելով, այլ մասնաւորաբար ուրիշներու կեղծաւորութիւնը պատճառ թող չհանդիսանայ որ մենք մեր հաւատքէն ու եկեղեցիէն հեռանանք: Սրտերը քննողը Աստուած է ու իւրաքանչիւրը պիտի հատուցէ իր սրտին համեմատ։