“Իմ տէրս կ՚ուշացնէ իր գալը”

Orvan-avedarane2Այսօրուան աւետարանին նախորդող համարներուն մէջ Ղուկաս 12, մեր Տէրը կը պատրաստէ իր ունկնդիրները սպասելու Իր երկրորդ Գալուստին, ու պատրաստ ու արթուն մնալ, քանի ոչ ոք գիտէ թէ Ան ե՞րբ պիտի գայ. ըսելով.- Երանի՜ այն ծառաներուն, որ տէրը արթուն պիտի գտնէ՝ երբ գայ: 12:37

Որպէս Քրիստոնեաներ ու Քրիստոսի իսկական հետևորդներ, մեր բոլորին յոյսի ու հաւատքի նպատակն է Քրիստոսի երկրորդ Գալուստն ու Անոր թագաւորութիւնը. Անով ու անոր համար է որ կ՛ապրինք. սակայն սատանան միտքեր ունի որոնց միջոցով կը փորձէ մարդիկ խաբել ու կորուստի մատնել. Այս պարագային անոր ներմուծած միտքը մարդոց սրտերուն մէջ այն է թէ “Իմ տէրս կ՚ուշացնէ իր գալը”, ու այս ձևով զանոնք անհոգութեան ու անտարբերութեան կը մատնէ իրենց հոգևոր կեանքին նկատմամբ, ու կը սկսին «ծեծել ծառաներն ու աղախինները, ուտել, խմել եւ արբենալ»:

«Դեր կանուխ է»:
Այս նախադասութիւնը մեզմէ շատեր կը գործածեն ուշացնելու իրենց ապաշխարութիւնն ու փրկութեան հարցը: Եթէ աշակերտը ըսէ թէ դեր կանուխ է քննութեան, պիտի չուսանի ու պիտի ձախողի. Ու եթէ հողագործն ալ ըսէ կանուխ է ու ժամանակին չցանէ արտը, հունձք պիտի չտայ ժամանակին՛ ու անօթի պիտի մնայ:

Ովքե՞ր են ծառաները այսօրուան աւետարանի մէջ:
Այս հարցին պատասխանը կը գտնենք Պետրոս առաքեալի հարցին մէջ երբ ան հարցուց մեր Տիրոջ ըսելով.- «Տէ՛ր, այդ առակը մեզի՞ կ՚ըսես՝ թէ բոլորին ալ». ու այս հարցումին որպէս պատասխան է որ մեր Տէրը կը սկսի հաւատարիմ ծառաներուն մասին խօսիլ, ու սա կը յստակացնէ, թէ այս առակի միջի ծառաները, Քրիստոսի խօսքին սպասաւորներն են, որոնց որպէս տնտես ու հովիւ նշանակեց իր հօտին վրայ:

Այս առակին մէջ մեր Տէրը կը մատնանշէ իւրաքանչիւր սպասաւոր Իր իսկ Արիւնով գնուած եկեղեցւոյ մէջ. դպիր, սարկաւագ, քահանայ ու մանաւանդ եպիսկոպոս ու առաջնորդ:

Իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ սպասաւոր, որուն սրտի մէջ մտնէ սատանայական այս խորհուրդը թէ.- “Իմ տէրս կ՚ուշացնէ իր գալը”, երկու նշանաւոր մեղքերու մէջ կիյնայ. կամ ծուլութիւնն ու իր հօտին նկատմամբ անտարբերութիւնը, և կամ գինեմոլութիւնն ու կեր ու խումը իրենց յարակից բոլոր մասերով: Այս երկու մեղքերն ու մոլորութիւնները կորուստի կը մատնեն Խօսքին սպասաւորները:

Յիսուս Քրիստոսի այս խօսքերը սահմանափակուած չէին որոշ հովիւներու և կամ որոշ ժամանակներու համար: Անոր խօսքերը յաւիտենական են ու բոլոր ժամանակներու համար, ու այսօր նաև ականատես կըլլանք այդ խօսքին ճշմարտութեան:
Ինչքա՛ն ալ փորձենք մեր աչքերը փակել ու մեր գլուխները հողին մէջ մխրճել ու զարդարել մենք մեզ, ճշմարտութիւնը բացայայտ է ու անհերքելի:

վերջին դարուն բոլորս ականատես եղանք Սրբապղծութիւններու և խայտառակ դէպքերու որոնք կատարուեցան ու կը կատարուին եկեղեցւոյ սպասաւորներուն կողմէ. համասեռամոլութիւն, կնամոլութիւն, արբեցութիւն, ու մանաւանդ անհոգութիւնն ու անտարբերութիւնը Քրիստոսի խօսքին ու Անոր մեզի վստահուած եկեղեցւոյ նկատմամբ:

Խօսքը Հայ առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ մասին միայն չէ, Սատանան փորձած է բոլոր եկեղեցիներու սպասաւորներու սրտին մէջ մտցնել այս միտքը թէ.- “Իմ տէրս կ՚ուշացնէ իր գալը” , այլ և «Ան պիտի չգայ»:

Ի՞նչ պիտի ըլլայ այնպիսիներուն:
Մեր Տէրը Քրիստոս Ինք պատասխանը կուտայ ըսելով.-
«Երկուքի պիտի կտրէ զայն, ու պիտի դնէ անոր բաժինը անհաւատարիմներուն հետ:

ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ
Թող ներեն ինծի իմ հոգևոր եղբայրներս իմ այս արտայայտութիւններուս, սակայն այսօրուան աւետարանի մէջ գրուած Քրիստոսի խօսքերը չեմ կրնար այլ ձևով հասկնալ եթէ ոչ այնպէս ինչպէս անոնց նպատակն էր, ու չեմ կրնար մեր բացայայտուած ճշմարտութիւնները զարդարել ու գեղեցկացնել:

Բացառութիւնները յարգելի են, ու ես կը խոնարհիմ իւրաքանչիւր սպասաւորի առջև ու կը համբուրեմ անոր աջը: