Քարոզչութեան պայմանները

«Ճամբորդութեան համար ոչի՛նչ առէք»

Orvan-avedarane2Այսօրուան աւետարանին մէջ Մեր Տէրը «Իր տասներկու աշակերտները հաւաքելով՝ զօրութիւն ու իշխանութիւն տուաւ անոնց բոլոր դեւերուն վրայ, եւ ախտերը բժշկելու: Ու ղրկեց զանոնք՝ որ քարոզեն Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ բժշկեն հիւանդները»:

Առաքեալի մը կամ Քրիստոսի աշակերտող ու Անոր անունը կրող իւրաքանչիւր մէկ հաւատացեալի հիմնական, ու առաջին պարտականութիւնն է քարոզչութիւնը։ Մեր հաւատացեալներէն ու ժողովուրդէն շատեր կը կարծեն թէ քարոզչութիւնը սահմանափակուած է միայն քահանաներու և հոգևոր սպասաւորներուն համար, այն ինչ որ ճշմարտութենէ հեռու է։ Քրիստոնէութիւնը միայն տասներկու առաքեալներով չտարածուեցաւ ամբողջ աշխարհը. այլ սկզբնական շրջաններուն, մկրտուողը նախ պիտի աշակերտեր, մկրտուէր ու ապա անցնի քարոզչութեան, ու այսպիսով է որ քրիստոնէութիւնը մեծ արաքութեամբ տարածուեցաւ ամբողջ աշխարհի մէջ։

Քրիստոսի եկեղեցւոյ մէջ իւրաքանչիւր հաւատացեալ ունի իր տեղն ու իր պարտականութիւնը հաւատքը տարածելու, մասնաւորաբար Քրիստոսի առաքեալներն ու անոնց յաջորդող քահանաներն ու եպիսկոպոսները, որոնք աւելի ծանր պարտականութիւններ ունին, որոնց գլխաւորն է ուսուցումն ու աշակերտելը. այլ խօսքով Խօսքին քարոզութիւնը. այս յանձնարարութիւնը բազմիցս կը գտնենք աւետարանին մէջ տարբեր առիթներով, որոնց վերջինն էր Քրիստոսի համբարձումէն տուած Իր պատուէրը.- « Գացէք և բոլոր հեթանոսները աշակերտեցէք ու մկրտեցէք»։

Աշակերտել կը նշանակէ սորվեցնել ու քարոզել, այն ինչին որ կոչուած է իւրաքանչիւր հոգևորական ու եկեղեցւոյ սպասաւոր։

Քրիստոսի առաքեալ ու քարոզիչ ըլլալը պայմաններ ունի, որոնց կ՛անդրադառնայ մեր Տէրը այսօրուան աւետարանի մէջ. խիստ պայմաններ են, որոնք մեր մարդկային տրամաբանութեան ճիշտ հակառակ են. Ան ըսաւ անոնց. «Ճամբորդութեան համար ոչի՛նչ առէք, ո՛չ գաւազան եւ ո՛չ պարկ, ո՛չ հաց եւ ո՛չ դրամ. ո՛չ ալ կրկին բաճկոն ունեցէք»: Այս նախադասութեան իւրաքանչիւր բառը իր նիւթական իմաստի կողքին ունի նաև իր բարոյական իմաստը, սակայն այս մի քանի տողերով պիտի անդրադառնամ միայն առաջին պայմանին։

«Ճամբորդութեան համար ոչի՛նչ առէք»

Մարդկային մեր տրամաբանութեամբ, երբ ճամբայ ելլենք, առաջին մեր ընելիքն է մեր ճամպրուկը պատրաստել, ու ըստ ճամբու երկարութեան բաւականաչափ դրամ ունենալ մեզի հետ. Մարդ ես, կրնաս յանկարծ արկածի մը հանդիպիլ, հիւանդանալ և այլն։

Տէր, Ի՞նչ ըսել կուզես։Տէր, դուն անոնց կը ղրկես որպէս «գառնուկ առիւծներու մէջ». Անոնք պիտի երթան օտար մարդոց քարոզելու, հեթանոսներու տուները պիտի մտնեն, ու մեծ հաւանականութեամբ անոնք պիտի վռնտուին, ծեծուին ու դուրս դրուին քաղաքներէն ու գիւղերէն. Տէր, քաջատեղեակ ես այս իրադարձութիւններուն ու նոյնիսկ անոնց կ՛ըսես.- «Իսկ անոնք որ չեն ընդունիր ձեզ, երբ դուրս ելլէք այդ քաղաքէն՝ թօթուեցէ՛ք ձեր ոտքերուն փոշին անգամ»։

Այս մեր մարդկային մտածելակերպն է, սակայն Աստուծոյ խորհուրդները տարբեր են մեր խորհուրդներէն։ Այս տողերուն մէջ չգրուած բառեր կան, որոնք պէտք է մեր հոգիի աչքերով կարենանք կարդալ։

«Ճամբորդութեան համար ոչի՛նչ առէք», «Միայն զիս տարէք ձեր հետ ու ես ձեր ամէն ինչը պիտի հոգամ, ու ձեր ճանապարհը պիտի հարթեմ»։

ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

Մեր Տէրը նախքան անոնց իր առաքեալներուն այս պատուէրը տալը՝ոչինչ չտանելու իրենց հետ, իրենց աշխարհի ամենամեծ հարստութիւնն ու գանձը տուաւ.- «հաւաքելով՝ զօրութիւն ու իշխանութիւն տուաւ անոնց բոլոր դեւերուն վրայ, եւ ախտերը բժշկելու»:

Այս պատուիրանն ու մխիթարական այս խօսքերը ուղղուած են իւրաքանչիւր հաւատացեալի. այն հաւատացեալը որ յոյսը դրած է Տիրոջ վրայ ու կը վստահի անոր զօրութեան, երբեք պիտի չվախնայ ու ոչ մէկ բանի կարիք պիտի չունենայ։

Այն հաւատացեալը որ ստացած է Սուրբ Հոգիի զօրութեան շնորհքը ու Քրիստոս իր հետն է, գաւազանի ալ կարիք չունի վրան կրթնելու քանի պիտի չյոգնի։

Տէ՛ր տուր մեզի այդ զօրութիւնը որմով օժտեցիր առաքեալներդ, որպէսի քեզմով ու քեզի համար ապրինք, ու այս աշխարհի ոչ մէկ արժէք ու նեղութիւն չկարենայ մեզ Քու ձեռքէդ խլել։

Ամէն