«Կը կարծէք թէ ես եկայ՝ երկրի վրայ խաղաղութի՞ւն տալու»:

«Կը կարծէք թէ ես եկայ՝ երկրի վրայ խաղաղութի՞ւն տալու»:

Ղուկաս 12։49-59

Orvan-avedarane2Տ՜ր, Քու Սուրբ ծնունդովդ իսկ խաղաղութիւն աւետուեցաւ հովիւներուն ու երկրի բնակիչներուն, ու այդ խաղաղութեան աւետիսով է որ մենք շարունակեցինք ապրիլ ու հաւատալ, ու այդ խաղաղութեամբ է որ կուզենք լեցնել մեր սրտերն ու հոգիները։

հապա ի՞նչ փոխուեցաւ կամ պիտի փոխուի, որ այսօր կ՛ըսես թէ.- “Մի կարծէք թէ ես եկայ՝ երկրի վրայ խաղաղութիւն տալու Ո՛չ, հապա՝ բաժանում”

Այս համարը հիասթափութեան կը մատնէ շատ մը հաւատացեալներ, իսկ շատերուն նաև անհասկնալի։ Ըստ մեր մարդկային տրամաբանութեան ու աւետարանի ուսուցումներուն, քրիստոնէութիւնը խաղաղութեան կրօն է, ու իւրաքանչիւր ընտանիք, երկիր կամ պետութիւն, եթէ ապրին քրիստոնէական ուսուցմամբ ու վարդապետութեամբ, պիտի ապրին խաղա՜ղ ու հանգիստ կեանք մը հակառակ բոլոր հալածանքներուն և նեղութիւններուն. սակայն աւետարանական այս մէջբերուած խօսքը ճիշտ հակառակն է մեր սպասումներուն։

Յիսուս Քրիստոսի իւրաքանչիւր խօսք կամ արտայայտութիւն կարելի է առնել մի քանի իմաստներով՝ թէ բառացի ու թէ բարոյական, սակայն պիտի բաւարարուիմ իր բառացի բացատրութեամբ։

Եթէ Ան խաղաղութիւն բերելու համար չէ եկած հապա սու՞ր. Այո։ Բաժանու՞մ. Այո։

լաւ ինչպէ՞ս և ինչու՞։

Քրիստոնէութեան սկզբնական շրջաններուն շատ հալածանքներու ենթարկուեցան նորահաւատները ոչ թէ միայն հրեաներէն կամ իրենց բնակած երկիրներու անհաւատ պետութիւններէ ու ղեկավարութիւններէ, այլ նոյնիսկ իրենց ընտանիքի անդամներուն կողմէ, որոնք կը մերժէին քրիստոնէութիւնն ու Սուրբ երրորդութիւնը, ու յամառութեամբ կառչած կը մնային իրենց հրէական ու երբեմն իսկ հեթանոսական հաւատքներուն, սովորութիւններուն ու աւանդութիւններուն, ու այսպիսով կը սկսէր պայքարը ընտանիքի անդամներուն մէջ և.- «Բաժանում”: Որովհետեւ ասկէ ետք՝ մէ՛կ տան մէջ հինգը բաժնուած պիտի ըլլան իրարմէ» կըսէ մեր Տէրը։

Այս պարզ բացատրութիւնը ընդունելի է ու համոզիչ շատերու համար, սակայն ինչպէ՞ս Տէրը բաժանման պատճառ կրնայ ըլլալ Իր իսկ զաւակներուն մէջ, հակառակ որ.- «Ինք երկուքը՝ մէկ ըրաւ, ու քակեց մէջտեղի անջատող պատը, իր մարմինին մէջ ոչնչացնելով իրարու միջեւ եղած թշնամութիւնը»։ Եփեսացիս 2։14, և Ինքն էր ըսողը «Խաղաղութիւն կը թողում ձեզի, ի՛մ խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի» Յովհաննու 14։27։

Մեր Տէրը կուզէ որ առաջնահերթութիւնը տրուի Աստուծոյ, ու աստուածայինը վերադասուի մարդկայինէն։ Հակառակ աստուածային հրամանին հայրն ու մայրը պատուելու, պէտք չէ մոռնալ անոնց իսկ արարիչը, առանց որուն ոչ մէկ բան գոյութիւն չէր ունենար, ու այդ պատճառով է որ մեր Տէրը կը պատուիրէ ըսելով.- «Ա՛ն որ ինձմէ աւելի կը սիրէ իր հայրը կամ մայրը՝ ինծի արժանի չէ, եւ ա՛ն որ ինձմէ աւելի կը սիրէ իր որդին կամ աղջիկը՝ ինծի արժանի չէ»: Մատթէոս 10։37

ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

Աստուած կուզէ որ ընտանիքները ու նոյնիսկ մարդկային մեր յարաբերութիւնները սիրով միացած ըլլան, սակայն ոչ թէ մեր հաւատքի ու աստուածապաշտութեան հաշւոյն։

Երբ երկրաւոր հայրդ մերժես Քրիստոսին ունեցած սիրոյդ պատճառով, պիտի արժանանաս երկնաւոր հօրդ որդեգիր ըլլալու։

Երբ մերժես եղբայր մը՝ իր հերետիկոսութեան ու Քրիստոսը մերժելուն ու նզովելուն պատճառով, Տէր Յիսուս Քրիստոսի եղբայրութեան պիտի արժանանաս։

Երբ երկրաւոր մայր մը մերժես և ուրանաս Քրիստոսի անուան համար, պիտի արժանանաս Վերին Երուսաղեմի զաւակ ըլլալու՝ որ «Մեր մայրն է»։ Գաղատացիս 4։26

Ի՞նչ է հաւատքիդ ու պատրաստակամութեանդ չափանիշը։