«Հունձքը ի՛րապէս շատ է, բայց մշակները՝ քիչ»

Եւ տեսնելով բազմութիւնները՝ գթաց անոնց վրայ, որովհետեւ պարտասած ու ցրուած էին՝ հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս: Մատթէոս 9։35-38

Orvan-avedarane2Աւետարանական իւրաքանչիւր հատուածի մէջ ուր կը խօսուի Յիսուս Քրիստոսի մասին, անոր հայեացքներն ու խօսքերը կը ներկայացուին որպէս գթասէր ու մարդասէր, ու որպէս հօտին հովիւը։

Ուր որ ալ Ան երթար, միշտ գթասրտութեամբ կը նայէր մարդոց բոլոր դասակարգերուն, հարուստներուն ու աղքատներուն, առողջներուն ու մանաւանդ հիւանդներուն։ Անոր նպատակն էր իւրաքանչիւր մարդ հրաւիրել նոր արքայութեան մը՝ որուն մէջ պիտի ապրէին հաւասար ու միացած Քրիստոսի սիրով. ու ահա այսօրուան աւետարանի մէջն ալ մի և նոյն յուզմունքը կը գտնենք, սակայն այս անգամ մէկ այլ պատճառով, քանի անոնք՝ այդ բազմութիւնը, «հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս էին»:

Իւրաքանչիւր մէկ հասարակութիւն կամ ընտանիք, յարանուանութիւն կամ եկեղեցի, պէտք է հովիւ մը ունենայ զինք առաջնորդելու. քանի առանց հովիւի անոնք ենթարկուած կըլլան ձրուելու և կորսուելու, և մանաւանդ օտարութեան մէջ, այն ինչին որ այսօր ականատէս կըլլանք սփիւռքի մէջ տարածուած մեր հայորդիներուն իրավիճակին։

Այն ազգը կամ եկեղեցին եթէ նախանձախնդիր հովիւ մը չունենայ որուն մտահոգութիւնն է հօտին առողջութիւնը, միութիւնն ու ամրութիւնը, կորուստի մատնուած կըլլայ։

Հովիւ ունենալը բաւարա՞ր է։

Շատ յաճախ աւելի առողջ կըլլայ այն հօտին վիճակը որ հովիւ չունի, քան այդ հօտին որ հիւանդ ու վարձկան հովիւ մը ունի։

Մեր Հայ ժողովուրդը դարերու ընթացքին, պատերազմներու, ջարդի ու սովի, նոյնիսկ հանգստաւէտ պայմաններու մէջ, միշտ, ուր որ ալ գացած ըլլայ ան մշտապէս գիտակցած է հովիւ ունենալու կարևորութեան, ու անպայմանօրէն անկիւն մը գտած է հաւաքուելու, և պայմանները ստեղծած է հովիւ մը ունենալու։

Շատ մը տեղեր յաջողութիւն գտած է սակայն կարգ մը տեղեր ոչ, մանաւանդ Եւրոպայի դժուար կանոնական պայմաններուն մէջ, սակայն հակառակ հովիւ չունենալու, անոնք, ապագայի հովիւ ունենալու տեսլականի յոյսով, միշտ մնացած են միացած՝ հակառակ երբեմնի անձնական հաշիւներուն ու խնդիրներուն։

Սակայն մեծ դժբախտութիւնը այնտեղ կ՛ըլլայ, երբ այդ եկեղեցին կամ համայնքը յանկարծ վարձկան հովիւ մը ունենայ, որուն հիմնական ու միակ մտահոգութիւնն է «ինքզինքին հովութիւնը»։

«Հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս»:

Ցաւալի է հովիւ չունեցող հօտի մը վիճակը, սակայն աւելի ցաւալի այն հօտին վիճակը որ «հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս են», այն ինչին համար որ այսօրուան աւետարանին մէջ Քրիստոսի յուզմունքն է։

ժամանակներու ընթացքին Աստուած միշտ հովիւներ ղրկած է Իր հօտին, զանոնք հովուելու և առաջնորդելու։ Քրիստոսի Օրերուն ալ հրեայ ժողովուրդը հովիւներ ունէր, սակայն վատ ու վարձկան հովիւներ էին, քանի անոնք շեղեցան իրենց հիմնական առաքելութենէն, ու մտահոգուեցան իրենց անձնական հաճոյքներով ու վայելքներով։

Ներկայ ժամանակներուն նաև, Աստուած իր արիւնով գնուած եկեղեցին ալ առանց հովիւի չի ձգեր, ու հովիւներ կը կոչէ իր հօտը արածելու, սակայն աւետարանի խօսքերով.- «Կոչուածները շատ են, բայց ընտրեալները՝ քիչ»։

ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

«Պարտասած էր բազմութիւնը»

Բազմութեան պարտասուն վիճակն էր Քրիստոսի հիմնական յուզմունքին պատճառը, ու այս բառին բացատրութեան հոմանիշներուն մէջ կը գտնենք շատ մը ծալքեր, որոնք կը համապատասխանեն այսօրուան մեր ժողովուրդի իրա և հոգեվիճակին։

Պարտասած= Յոգնած, թուլացած, Յուսալքուած, ուժասպառ, խոնջած ու վհատած։

Այա բառն ու անոր հոմանիշները կա՞ն մեր ժողովուրդի հոգևոր ու եկեղեցական կեանքին մէջ, եթէ այո, ուրեմն գիտցանք պատճառը ու մնաց որ դարմանը գնենք, ու դարմանն ալ Քրիստոսը այսօրուան աւետարանի մէջ կուտայ ըսելով.-

ուրեմն աղերսեցէ՛ք հունձքին Տիրոջ, որ գործաւորներ ուղարկէ իր հունձքին»:

Ամէն