Հալածանքներ քրիստոնեաներուն դէմ

Orvan-avedarane2Այսօրուան աւետարանը՝ Ղուկասի 21:12-19, անգամ մը ևս կ՛անդրադառնայ աշխարհի վախճանին ու անոր նախորդող դէպքերու մասին:Մեր Տէրը իր իմաստութեամբ ամենագիտութեամբ, կուզէ Իր հետևորդները պատրաստել բոլոր ժամանակներու համար, ու մանաւանդ այն նեղ օրերուն որոնց պիտի հանդիպին:
Ղուկասու աւետարանի այս գլուխը վախճանման նշաններու մասի խօսելով, զանոնք կը բաժնէ երկու խումբերու. նախորդ համարներուն մէջ մեր Տէրը կը խօսի Նշաններու մասին որոնք կապուած են բնութեան ու անհաւատ մարդկութեան հետ,իսկ այսօրուան համարները կը խօսին նշաններու ու նեղութիւններու մասին որոնք կապ ունին հաւատացեալներուն հետ:
«Բայց այս բաներէն առաջ՝ իրենց ձեռքերը պիտի բարձրացնեն ձեր վրայ, ու թագաւորներու եւ կառավարիչներու առջեւ պիտի տարուիք՝ իմ անունիս համար»:
Այս համարներուն մէջ մեր Տէրը հալածանքներուն մասին կը խօսի: Շատ մը քրիստոնեաներ, և երբեմն իսկ հաւատացեալներ կը կարծեն թէ, Քրիստոսին հաւատալով զերծ պիտի մնան բոլոր տեսակի դժուարութիւններէ ու նեղութիւններէ որոնք պիտի պատահին մարդկութեանը:

Հալածանքները եկեղեցւոյ կեանքին անբաժանելի մասնիկն էին մեր տիրոջ համբարձումէն մինչև այսօր. պատճառը այն է որ Սատանան կ՛ատէ Քրիստոսի անունն ու Անոր հետևորդները:
2 Տիմոթէոսի 3:12 «Եւ բոլոր անոնք՝ որ կ՚ուզեն բարեպաշտութեամբ ապրիլ Քրիստոս Յիսուսով, պիտի հալածուին»: Առաքեալի այս խօսքերը կ՛ապացուցեն որ հալածանքները պայման մըն են հաւատացեալի մը կեանքին մէջ. հետևաբար ոչ ոք թող զարմանայ, անոնք միշտ եղած են ու պիտի շարունակեն մնալ մինչև Քրիստոսի երկրորդ գալուստը:
Հալածանքները կրնան որոշ ժամանակի մը համար մեղմանալ կամ սաստկանալ, սակայն այս աշխարհին հետ հաշտութիւնը անկարելի է իսկական հաւատացեալին համար. «Այս աշխարհը չի կրնար մեզի խաղաղութիւն պարգևել»:
Մեր Տէրը անկեղծ բառերով կ՛արտայայտէ այդ հալածանքները ըսելով.- «պիտի ծեծեն ու հալածեն ձեզ. ժողովարաններու եւ բանտերու պիտի մատնեն» և այլն, այս բոլոր բաները կատարուեցան մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ ու կը շարունակուին:

«Տէր, բնութեան ըմբոստացումը չարին դէմ հասկնալի է, ու անոր հետևանքներն ալ բոլոր մարդկութեան վրայ նաև հասկնալի են. սակայն այս հալածանքները մեզի դէմ ի՞նչ հոգևոր իմաստ կամ նպատակ ունին», մեր Տէրը այս հարցադրումներուն կը պատասխանէ ըսելով.- այս բոլորը «վկայութեան առիթի պիտի յանգի ձեզի համար»:
Շատ յաճախ մենք խորը քունի մէջ անցած կ՛ըլլանք այն առաքելութեան ու Խօսքի վկայութեան որուն կանչուած ենք բոլորս. մենք որպէս քրիստոնեաներ այս աշխարհի վրայ կանչուած ենք վկայելու մեր կեանքով ու խօսքով, և նոյնիսկ մեր արիւնով. սակայն աշխարհի հանգստաւէտ պայմանները մեզ կը հեռացնեն մեր առաքելութենէն, ու այս իսկ նեղութիւններն ու հալածանքները, մեզի կ՛արթնցնեն ու կը վերանորոգեն մեր հաւատքի ու խօսքի վկայութեան մեր առաքելութեանը:

ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

«Ինչքա՜ն հալածանքները շատնան, այդքան աւելի անոնք մղիչ ուժ կը դառնան վկայութեան ու խօսքի տարածման». Այդպէս եղած է եկեղեցւոյ սկզբնական դարերուն, ու նոյնը նաև մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ: Ոմանց համար կրնան այս խօսքերը անտրամաբանական ըլլալ, սակայն պատմութիւնը կը վկայէ անոնց ճշմարտութեան ու ճշգրտութեան:
Պատրա՞ստ ես Քրիստոսի խօսքին վկայութեան, եթէ այո ուրեմն խաչդ շալկէ ու Անոր ետևէն գնայ: