Աստուծմէ վախնա՞լ

Աստուծմէ վախնա՞լ: Ղուկաս 12:2-9

 

Orvan-avedarane2Աւետարանական ու Սուրբ գրային շատ մը համարներու մէջ կը գտնենք աստուածային հրամանը որ կը պատուիրէ մեզի չվախնալ, ու շատ յաճախ վախը ներկայացուած է որպէս մեղք, ու մեր եկեղեցւոյ խոստովանանքի կարգին մէջ իսկ նշուած է վախը: Այսօրուան աւետարանը նոյն ինքն Յիսուս Քրիստոսի բերնով կը պատուիրէ մեզի վախնալ:

Այսօր աշխարհիս մէջ տարածուած են տարբեր տեսակի փիլիսոփայութիւններ աստուածամերժներու կողմէ, ու երբեմն իսկ (քրիստոնեայ) կոչուած յարանուանութիւններու և աղանդներու կողմէ, որոնք կը պատուիրեն չվախնալ, քանի Աստուած սէր է:

Աստուծմէ վախնա՞լ կամ ոչ
Ճիշտ է որ Աստուած Սէր է, ներողամիտ է և անոխակալ, սակայն պէտք չէ մոռնալ որ մարդ արարածը իր տկար բնութեամբ ենթարկուած է մեղքի, այնքան ժամանակ որ ան կ՛ապրի այս աշխարհիս վրայ, ու «չկայ մարդ որ կ՛ապրի ու չի մեղանչեր». և այնքան ժամանակ որ մեղքի լուծի տակ ենք, պարտաւոր ենք Աստուծմէ վախնալ, ու այդ վախը կը կոչուի Սուրբ վախ:
Մեր Տէրը այսօր կ՛ուսուցանէ մեզի վախի մասին, պարզելով թէ ինչու՞ և որմէ՞ պարտինք վախնալ:

Աստուծմէ վախնալ:
Քրիստոնեան՝ հաւատացեալ Քրիստոնեան, այս աշխարհի մէջ ոչ մէկ բանէ վախնալու իրաւունք չունի, այնքան ժամանակ որ ան Տիրոջ ճամբուն մէջ է, քանի Տէրը անոր զօրավիգ է իր կեանքի բոլոր օրերուն. սակայն այնպիսին իսկ պարտի վախնալ:

Որմէ՞ վախնալ. Այս է այսօրուան աւետարանի ուսուցումը.-
«Վախցէ՛ք անկէ՝ որ սպաննելէ ետք իշխանութիւն ունի գեհենը նետելու»:
Կեանքը մարդուս համար ամենէ քաղցր ու թանկագին բանն է, սակայն պէտք է խոստովանիլ թէ յաւիտեանս ոչ ոք կ՛ապրի կամ ապրած է այս աշխարհի վրայ:

Մարդիկ մի քանի տարի աւելի ապրելու համար այս աշխարհիս մէջ, զանազան տեսակի դեղամիջոցներու, ճաշատեսակներու և մարզանքներու կը դիմեն. սակայն ճշմարիտ Քրիստոնեան, այս աշխարհի վրայ օր մը աւելի մնալու ցանկութիւնը չունի, քանի գիտակից է այն ճշմարտութեան թէ ինք պանդուխտ մըն է ու պիտի տեղափոխուի երկինք՝ իր յաւիտենական բնակարանը, ու այնպիսին էր Պօղոս Առաքեալը. սակայն անով հանդերձ իր մէջ Աստուծոյ նկատմամբ Սուրբ վախ մը ունի. Ինչու՞ . Քանի որևէ մէկ սխալ արտայայտութեան կամ խօսքի համար ան հաշիւ պիտի տայ, ու այդ Սուրբ վախը զինք կը զգաստացնէ արդարութեամբ ու սրբութեամբ ընթանալու Աստուծոյ ճամբուն մէջ:

Աստուածավախութիւնը առաքինութիւն մըն է. Ճիշտ է. որ մենք զԱյն կը սիրենք, սակայն այդ փոխադարձ սէրը երբեք պատճառ չէ որ մենք Անոր վախը հանենք մեր սրտէն, ու չվախնալ Անոր գալիք դատաստանէն. և այս ճշմարտութիւնը յստակ է մեր ‘Տիրոջ խօսքերուն մէջ.- «Այո՛, կը յայտարարեմ ձեզի, անկէ՛ վախցէք»:

ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՆ
Առակաց գիրքը մեզի կ՛ուսուցանէ ըսելով «Իմաստութեան սկիզբը Աստուծոյ վախն է»: 1:7
Այն մարդը որ ունի Աստուծոյ խօսքին իմաստութիւնը, աստուածավախութիւնը անոր կեանքին բնաբանն է. իսկ ան որ զԱստուած ճանչցած չէ, կը շարունակէ վախնալ միայն անոնցմէ որոնք կրնան «մարմինը սպաննել» ու հոգիի վրայ ոչ մէկ իշխանութիւն ունին:

Սիրելի ընթերցող
Ինչքան ալ վստահ ըլլաս քու հոգիիդ փրկութեանը, վախը Աստուծմէ ու անոր գալիք դատաստանէն կեանքիդ անբաժանելի մասնիկը թող ըլլայ: