ԱՂՕԹՔ ՑԱՒԻ ՈՒ ՆԵՂՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ / hogevor qarozner hayeren/ հոգեվոր քարոզներ
Կը քննե՞ս զիս՝ քու մաքրական ու սըրբարար կրակիդ աղտեղախանձ բովին մէջ, եւ սրբութեան առի՞թ կուտաս, որպէսզի մարմնական չարչարանքներու եւ նեղութեանց փորձառութեամբը դադրիմ այլեւս մեղանչելէ. պարգեւէ որ ա՛լ մոռնամ աշխարհային ցանկութիւնները, կեանքիս բոլոր օրերուն քու կամքիդ համաձայն ապրիմ եւ քու բազմատեսակ պարգեւներուդ տնտեսը դառնամ ուրիշներուն համար: