Բարերա՛ր Աստուած, միայն դո՛ւն ես որ զիս քու բարիքներովդ կ’ողողես:
Կ’օրհնաբանեմ քեզ եւ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ այն բոլոր բարիքներուն համար՝ որ առատօրէն անարժանիս կը պարգեւես քու սիրոյ գանձերէդ: Կը փառաւորեմ քեզ եւ ամբողջ սրտովս գոհութիւն կը յայտնեմ, միշտ եւ ամէն բանի համար, եւ ամէն բանէ աւելի կը խնդրեմ որ քու արքայութի՛ւնդ, արդարութիւն եւ իմաստութիւն շնորհես ինծի, որպէսզի կարենամ լաւապէս մատակարարել ձրիօրէն քու տուած պարգեւներդ՝ կանուխէն խորհելով եւ պատրաստուելով ապագայ ձախորդութեանց (հմմտ Ղկ 16.3-9), եւ ըստ այնմ յօժարակամ ուրախութեամբ կարօտեալներուն տամ ինչ որ պէտք է իրենց, ինչպէս որ դուն կը բաւարարես իմ բոլոր պէտքերս:
Միշտ քու երկիւղիդ, սուրբ օրէնքիդ եւ արդարութեանդ մէջ պահէ զիս, որպէսզի չըլլայ որ հպարտանամ եւ անհաւատ դառնամ այս անցաւոր հարստութիւններով, որովհետեւ այս կեանքի մէջ չկա՛յ կայուն բան եւ վիճակ, եւ չե՛մ գիտեր թէ վաղը ինծի ինչ կը բերէ: Հետեւաբար կ’աղաչե՛մ, քու բարի պարգեւներուդ հետ միասին՝ նաեւ խոնարհ, հեզ եւ գթասիրտ հոգի մը տուր ինծի, որպէսզի քու կամքիդ եւ սուրբ օրէնքիդ համաձայն ապրիմ, եւ նոյնիսկ երբ ձախորդութեան եւ չքաւորութեան, վիշտերու եւ տագնապներու մատնուիմ կարենամ տոկալ եւ կրել քաջութեամբ, անտրտունջ եւ գոհունակ սրտով, միշտ շնորհակալութիւն յայտնելով քու սուրբ կամքիդ համար. որովհետեւ քեզմէ՛ է ամէն բան, եւ դո՛ւն է որ կը հատուցանես, մեր գործերուն եւ մտածողութեան համաձայն: Քեզի փա՜ռք յաւիտեանս: Ամէն: