Մեղքին առջև կքած մարդկութիւնը

«Եւ ահա՛ կին մը կար հոն, որ տասնութ տարիէ ի վեր ունէր հիւանդութեան ոգի մը. կքած էր, եւ ամե՛նեւին չէր կրնար շիտակ կայնիլ»: Ղուկաս 13:11

Այսօր եզակի հրաշքի մը առջև է որ կը գտնուինք:
Մեր եկեղեցւոյ հայրերը իւրաքանչիւր մէկ հրաշքի մէջ տեսականը տեսնելէ առաջ, կանդրադառնան հրաշքի ուսուցողական մեկնաբանութեանը. կին մը որ հիւանդ էր տասնութ տարիներէ ի վեր:
Այս թիւի նշանակութեան անցնելէ առաջ մէկ կարևոր կէտ մը կուզեմ յանձնել ձեր ուշադրութեան. մեր Տիրոջ կատարած հրաշքներուն մեծ մասը, բժշկուողներուն անունները չեն յիշատակուիր. և սա կարծէք թէ աստուածային իմաստութիւնն է պատճառը, որ կուզէ մեզմէ իւրաքանչիւրը ինքն իր անունը դնէ այդ հրաշքին մէջ. եթէ անունները յիշատակուէին, այս հրաշքներն ու բժշկութիւնները անոնց պիտի վերագրուէին. սակայն անոնց անանուն մնալուն յատկութիւնը մեզի կը պատկանեցնեն. ու այս պարագային մենք կըլլանք անդամալոյծները, կոյրերը, անառակ որդիներն ու այս աւետարանական հատուածին մէջ հոգեպէս հիւանդ ու կքած կինը. այս է Սուրբ գիրքին փիլիսոփայութիւնը:
Մեր եկեղեցւոյ հայրերը որևէ մէկ բժշկութիւն մեկնելէ առաջ, անոր խորքերը կը քննէին գտնելու տարբեր տեսակի ուսուցումներ, որոնք մեր անձի դաստիարակութեան կը պատկանին:
Ինչպէս ծանօթ է ձեզի աշխարհի բնակչութեան բոլոր անասունները ստեղծուած են գլուխները վար ու աչքերը գետին, ի տարբերութիւն ասուն կենդանիներուն՝ մարդուն, որ ստեղծուած է գլուխն ու աչքերը վեր: Ինչու՞, քանի եթէ մարդուն գլուխն ու աչքերը գետին իջան ան անասունի պիտի նմանի,անարգուած, ու որուն արժէքը կըլլայ միայն այն հողը որմէ առնուեցաւ. այն ինչը որ Աստուծոյ ստեղծագործած մարդուն հակապատկերն է:

Մարդուն գլուխը պարտի բարձր մնալ, ու աչքերը վեր սևեռած այնտեղ՝ ուր ինք պէտք է երթայ, և քանի որ ան արարչին նմանութիւնն ունի:
Սատանան կը փորձէ մարդը տկարացնել այն աստիճան, որ մարդը գետին նայի ու աչքերը վեր չբարձրացնէ: Իւրաքանչիւր մարդ որուն աչքերը այս աշխարհի վրայ են, նա այս կքած ու կռնակը ծուռ կինն է, որուն հիւանդութեան պատճառը «տկարութեան ոգին է», որուն պատճառով մարդս չի կրնար աչքերը վեր բարձրացնել երկինք, ու ճշմարտութիւնները տեսնել: Այդպիսին անարգուած ու ստրուկ է, որուն գլխուն վրայ և ուսերուն մեղքի ծանր լուծ կայ:

Տասնութ թիւը զանազան նշանակութիւններ ունի ըստ մեր Սուրբ հայրերուն, որոնցմէ պիտի նշեմ մէկը միայն:
18 = 6X3
3 ժամանակաշրջաններ անցան մարդկութեան պատմութեան մէջ, ու որոնցմէ ոչ մէկը կրցաւ կատարեալ ու ամբողջական բժշկութիւն պարգևել այս կքած կնոջ՝ որ մարդը կը խորհրդանշէ:
Հայր Աբրահամէն Մովսէս , Մովսէսէն Քրիստոս, ու Քրիստոսի ժամանակը որ երրորդն էր, ու որուն օրով է միայն որ կքած մարդկութիւնը կրցաւ իր մեղքի ստրկութենէն կռնակը շտկել, գլուխը բարձրացնել ու մկրտութեամբ աստուածային իսկական պատկերը զգենուլ:
Իսկ վեցը պակաս թիւէ, ու նուազ մնաց ամբողջ աշխարհի պատմութեան ընթացքին, մինչև որ Աստուած մարդացաւ ու թիւը կատարելագործեց եօթի հասցնելով. Պօղոս առաքեալի խօսքերով .- «Բայց երբ կատարեալը գայ, մասնակին պիտի ոչնչանայ»: Ա. Կորնթացիս 13:10

ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ
Սիրելի ընթերցող
Աստուած մարդացաւ 2015 տարիներ առաջ որպէսի ինձ և քեզ մեղքի գերութենէն ազատէ, ու մեր կքած հոգիներն ու աչքերը բարձրացնէ. միթէ բժշկուա՞ծ ենք, թէ տակաւին մեր գլուխներն ու աչքերը կախ, կապուած ենք աշխարհի ցանկութիւններուն և վայելքներուն:
Գլուխդ վեր բարձրացուր և նայիր ճշմարիտին ու յաւիտենականին, քանի այս աշխարհն ու անոր ցանկութիւնները անցողակի են, բայց Աստուծոյ խօսքը յաւիտենական ու Կենդանարար:
Ամէն