Հպարտանալ թէ ամչնալ

Բայց ես՝ քա՛ւ լիցի որ պարծենամ, հապա միայն մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին խաչովը, որով աշխարհ ինծի խաչը ելած է, ես ալ՝ աշխարհին։

Զարմանահրաշ մէկ համար մը, որ եզակի է Սուրբ գիրքին մէջ, և որը դարերու ընթացքին Ս. Խաչը հպարտութիւն դարձուց մեր ժողովուրդին համար, և Ս. Խաչին պատճառաւ բազմազան և բազմագոյն հալածանքներու պատճառ եղաւ մեր մեզի: Սուրբ խաչով մեր հպարտութեան գաղտնիքն ու սկզբնաղբիւրը կը կայանայ այս համարին մէջ. ԵՒ չկայ քրիստոնեայ ժողովուրդ մը, որ այդքան բառացի իւրացուց այս համարը իր կեանքին, առօրեային ու պատմութեան մէջ, ինչքան մենք` հայերս:

Սա փաստացի ու տեսանելի ճշմարտութիւն է, սակայն աւելի փաստացին այն ցաւալի ճշմարտութիւնն է, թէ մեր ժողովուրդի մեծ մասը կը հպարտանայ Սուրբ խաչով, առանց գիտակցելու այդ հպարտութեան պատճառը, կարծէք թէ Նա՝ խաչը, միայն աւանդութիւն մը դարձած ըլլայ մեր ժողովուրդի համար. Խաչը կրել, համբուրել ու խաչակնքուիլ (ըսեմ որ շատ մը եկեղեցական առիթներով ականատես եղած ենք, թէ մեր ժողովուրդը խաչակնքել ալ մոռցած է):

Երբ այս առաւօտուն կարդացի առաքեալի այս խօսքերը, պահ մը միտքերովս անջատուեցայ, և փորձեցի հասկնալ թէ ի՞նչն էր Պողօս առաքեալի հպարտանալու պատճառը: Հակառակ որ խաչը, մասնաւորաբար հին ուխտի և կամ այդ ժամանակաշրջանի ամենա ամօթալի մահատեսակն էր և պատժամիջոցը:

Ի՞նչն էին Առաքեալի հպարտանալու դրդապատճառները:

-Անոր հպարտութեան պատճառը իր հրաշագործութիւնները չէին:
-Անոր հպարտութեան պատճառը իր սիրուած ու յարգուած ըլլալը չէր հազարաւոր նորահաւատներու կողմէ, որոնց հոգևոր հայրը եղաւ:
-Անոր հպարտութեան պատճառը իր կառուցած ու հիմնած հարիւրաւոր եկեղեցիներն ու աղօթատեղիները չէին:

Ահաւասիկ այս բոլորը. ու շարանը կարելի է երկարել ան վերջակէտ. ճշմարտութիւններ և իրագործումներ առաքեալի կողմէն, որոնց եթէ մէկ տոկոսը միայն իրագործած ըլլար մեզմէ որևէ մէկը, պիտի հպարտանար միայն ու միայն իր իրագործումներով ու յաջողութիւններով:

Առաքեալի միակ ու միակ հպարտութիւնը մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի Խաչն էր ու վերջ:
Մենք շատ յաճախ կը հպարտանանք, կամ պէտք է հպարտանանք այնպիսի բաներով որոնք մեզի կարժէքաւորեն, բաներով, որոնք մեզ կը բարձրացնեն և եզակի կը դարձնեն մեր շրջապատի մէջ. և դա Սուրբ Խաչն է. ԵՒ այդ պատճառով է, որ կը նկատենք քրիստոնէական սկզբնական շրջաններուն, մեր եկեղեցւոյ հայրերուն միակ զբաղմունքն էր Սուրբ Խաչը, Նա մշտապէս իրենց ձեռքերուն ու կեանքի անբաժանելի մէկ մասնիկն էր. նոյնպէս էր մեր ժողովուրդը, Խաչը անբաժանելի մասնիկն էր մեր կեանքին. Եկեղեցիներն ու խաչքարերը վկայ:

Այս բոլորը Սուրբ գրային ճշմարտութիւններ են որոնք մենք իրագործած ենք մեր հաւատքի ու առօրեայի մէջ:

Սուրբ խաչը մեր հպարտութիւնն ու զօրութիւնն է, հակառակ որ խաչը իր բառացի իմաստով զզուելի ու ամօթալի է, քանի որ նա մահուան ու դատապարտութեան նշան է. Բառացի իմաստով անհնարին է, որ նա հպարտութիւն պատճառէ խելք ունեցող ոևէ մէկուն: Սակայն քանի որ անոր վրայ խաչուեցաւ մեր Տէրը, և քանի որ անոր խաչուելուն պատճառը մարդ արարածին հանդէպ Իր ունեցած սերն էր, խաչին իմաստը յեղաշրջուեցաւ և քրիստոնեաներու հպարտութեան պատճառ դարձաւ. ԵՒ այդ անարգանքի փայտը դարձաւ մեր ու բոլոր քրիստոնեաներուն յաղթութեան նշան:

Ահաւասիկ այս վերոյիշեալ պատճառները կը մտնեն ու պէտք է որ մաս կազմեն մեր կեանքի բոլոր պարագաներուն: Օրինակ.-

Կը հպարտանաս աղքատութեամբ թէ հարստութեամբ: Եթէ լաւ հասկցած ես Խաչի փիլիսոփայութիւնը , պիտի հպարտանաս աղքատութեամբ:
Հպարտ ես առողջութեամբ թէ հիւանդութեամբ, բնականաբար հիւանդութեամբ:
Հպարտ ես զօրութեամբ թէ տկարութեամբ, Տկարութեամբ:
Խաչը, որուն մէջ կային բոլոր ժխտական իմաստները, դարձաւ բոլոր դրական գաղափարներուն վերնագիրը:

Երբ տկար ես, պիտի ստանաս Տիրոջմէն զօրւթիւն Սուրբ խաչով. Պիտի հպարտանաս Աստուծոյ առջև քու տկարութեամբդ և խոստովանելով տկարութիւնդ, ու պիտի Անկէ ստանաս զօրութիւն. Իսկ երբ Անոր առջև հզօր ներկայանաս, խաչը կը դադրի և այլևս ոչ մէկ զօրութիւն չի կրնար իրագործել կեանքիդ մէջ:

Այլ խօսքով երբ մենք կը հպարտանանք Սուրբ Խաչով, խոստովանած կըլլանք մեր տկարութիւնները, և անոնց փոխառեն կը լիցքաւորուինք Սուրբ հոգիով և աստուածային շնորհներով. Կը հպարտանանք մեր աղքատութեամբ, ստանալու հոգիի հարստութիւն: Սա է Խաչի ամբողջ փիլիսոփայութիւնը:

Եթէ մեզմէ ոևէ մէկը հպարտանայ իր գիտութեամբ, հարստութեամբ և կամ այլ որևէ մէկ դրական արժէքով մը, Խաչը մէկ դի դրած կըլլայ իր կեանքին մէջ:

«քա՛ւ լիցի որ պարծենամ, հապա միայն մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին խաչովը»:

Մեր եկեղեցւոյ հայրերը Խաչը կը նմանեցնեն հարսի մատանիին, որմով կը հպարտանայ իր ամբողջ կեանքը: մատանին մեծ արժէք մը չունի, սակայն առաջին նուէրն ու Սիրոյ խորհրդանիշն է որ կու տայ փեսան հարսին:
Խաչը նոյնպէս Սիրոյ խորհրդանիշն է Քրիստոս Փեսային իր Հարս եկեղեցիին. ԵՒ անոր համար է որ Ան՝ Սուրբ խաչը անբաժանելի է մեր ձեռքերէն, քանի Ան մեր հպարտութիւնն է:
Ինչպէս որ հարսը կը հպարտանայ մատանիով և կը բացայայտէ փեսային ունեցած սէրը իր հանդէպ մատանին բոլորին ցոյց տալով, քրիստոնեաներս նոյն ձևով խաչը մեր ձեռքերը բռնած ու մեր վիզը կախած կը յայտարարենք Քրիստոսի Սէրն ու փրկագործութիւնը որ ունեցաւ մեզի ու ամբողջ մարդկութեան համար
:
Պետրոս առաքեալը այս գաղափարը ամրապնդող գեղեցիկ համար մը ունի որուն մէջ կըսէ .- «Դուք ո՛չ թէ ապականացու արծաթով կամ ոսկիով գնուեցաք, որ ձեր հայրերէն ստացաք անուղիղ ճամբաներով, 19 Հապա Քրիստոսին պատուական արիւնովը՝ որպէս թէ անբիծ ու անարատ գառի մը»:

Ի վերջոյ հասկնանք թէ Խաչը ի՞նչ յեղաշրջում կատարեց Պօղոս առաքեալի կեանքին մէջ, «Խաչով աշխարհ ինծի խաչը ելած է, ես ալ՝ աշխարհին։
Առաքեալը խաչը սահման դրաւ իր ու աշխարհի միջև, և այդպիսով աշխարհը իր ցանկութիւններով, աթոռներով, դիրքերով, պաշտօններով ու հարստութիւններով այլևս իրեն համար մեռած են. Անոր համար է որ նա կըսէ թէ ես աշխարհի համար խաչուած եմ ու աշխարհն ալ ինձ համար:

Առաքեալի այս յայտարարութիւնը մեծ փիլիսոփայութիւն մըն է որ ինք ապրեցաւ, և այդ փիլիսոփայութեամբ պիտի կարենանք ապրիլ եթէ իսկապէս հասկնանք խաչին իմաստը:

Տէր օգնէ ինծի իմ տկարութիւններն ու թերութիւններս ճանչնամ, և Սուրբ Խաչդ աչքերուս առջև ունենալով հասկնամ թէ իմ զօրութիւնս միայն Քեզմով է: Ամէն

Արմէն քահանայ Մելքոնեան
29.09.2019