Այսօրուան Աւետարանի մէջ եզակը զգուշացում մըն է, որ կընէ մեր Տէրը` Յիսուս Քրիստոս «Ամենէն առաջ ինքզինքիդ զգոյշ պահեցէք փարիսեցիներուն խմորէն, որ է կեղծաւորութիւն։ Ղուկ. 12
Աւելի մեծ զարմանք կը պատճառէ մեզի այն՝ թէ այս զգուշացումը տրուեցաւ ոչ թէ ժողովուրդին այլ 12 Առաքեալներուն:
Այս աւետարանական հատուածը կարդացողները, հաւանաբար չանդրադառնան այն պարագաներուն, որոնց մէջ ըսուեցան այս խօսքերը:
Դպիրներն ու Փարիսեցիները ծանօթ էին իրենց «Հաւատքով, աղօթական կեանքով» և այլն. Սակայն ինչու մեր Տէրը այս զգուշացումը ուղղեց մասնաւորաբար Իր առաքեալներուն և ոչ բոլորին. Միթէ՞ սա բոլոր ժողովուրդին համար օգտակար չէ հեռու մնալ կեղծաւորութենէն. Այո բոլորին համար կարևոր է հեռու մնալ կեղծաւորութենէն, սակայն մասնաւորապէս Քրիստոսի առաքեալներն ու անոնց յաջորդող Ձեռնադրել հոգևորականները որոնք անմիջական առնչութիւն պիտի ունենային ժողովուրդին հետ: Ինչւու՞
Այս հարցին բացատրութիւնը ու պատասխանը կը գտնենք առաջին իսկ համարներուն մէջ այսօրուան աւետարանին.- «Այն միջոցին երբ բիւրաւոր ժողովուրդներ վրան ժողվուեցան՝ գրեթէ մէկզմէկ կը կոխէին՝ ըսաւ իր աշակերտներուն»:
Բայց սա ի՞նչ կապ ունի այդ զգուշացման հետ:
Աւետարանական որևէ հատուած, կամ Քրիստոսի կողմէ արտասանուած որևէ մէկ խօսք ամբողջութեամբ հասկնալու համար, պարտինք նախ և առաջ ուսումնասիրել շրջապատը և պարագաները որոնց մէջ արտասանուեցան:
Առաքեալները որպէս նորեկ հետևորդներ Քրիստոսի, այլ խօսքով որպէս նորահաւատներ, տեսնելով իրենց Տիրոջ այս հազարաւոր հրաշքներն ու Իրեն հետևող այս հազարաւոր մարդիկը, հաւանաբար որպէս մարդ պիտի տկարանային և հպարտութեան ու կեղծաւորութեան մեղքին մէջ պիտի ինան:
Պարապ տեղ չէ որ աւետարանիչի այսօրուան Աւետարանի առաջին իսկ տողերու մէջ կը յայտնէ, թէ բիւրաւոր ( հազարաւոր» մարդիկ էին այնտեղ ներկայ գտնուողները, որոնց բազմութեան պատճառով իրար վրայ կը կոխէին հասնելու, և կամ Քրիստոսին տեսնելու ցանկութեամբ:
Մենք չենք գիտեր թէ առաքեալներուն պահուածքը ի՞նչ էր այդ պահին. Բայց վստահ ենք, որ մեր Տէրը ինչ որ բան մը նկատեց առաքեալներու շարժ ու ձևին, և կամ փոփոխութիւն մը անոնց վերաբերմունքին հետ այնտեղ ներկայ գտնուողներուն հանդէպ: Կարելի է ենթադրութիւններ ընել…
Հաւանաբար առաքեալներէն ոմանք հպարտութեան մեղքի մէջ ինալով ինկան անոր յաջորդող կեղծաւորութեան մեղքին մէջ, ցոյց տալու ժողովուրդին թէ .-«Մեզ չանտեսէք, մենք Անոր մարդիկն ենք, եթէ ուզենք մենք ալ կրնանք հրաշքներ ու բժշկութիւններ կատարել, Մենք այստեղ ենք» և այլն և այլն:
Հաւանաբար անոնք պահ մը մոռցան թէ այդ հազարներուն մէջ ի՞նչն էր զիրենք գերադասողը, ժողովուրդին հսկելու և կարգապահութիւնը պահելու. անոնցմէ ոմանք մոռցան որ իրենց ներկայութեան պատճառը այնտեղ Ծառայութիւնն էր. ԵՒ հաւանաբար ինչպէս ուրիշ պարագաներու մէջ ալ գտանք, անոնցմէ ոմանք ՝ աշակերտներէն ուզեցին ղեկավար ըլլալու, և աւելի մեծ կամ ամենամեծն ու առաջնայինը երևալ ժողովուրդի աչքերուն մէջ: Չենք գիտեր սակայն անպայման Քրիստոս անոնց մէջ գտաւ կեղծաւորութեան թթխմորին հօտը, և ուզեց զգուշացնել որպէսզի այդ թթխմորը չխմորուի ու չփոխանցուի բոլոր խմորին, որմէ ետք անհնար պիտի ըլլայ անջատել թթխմորը խմորէն:
Այսօրուան մեր իրականութիւնը շատ հեռու չէ անցեալէն. Նորահաւատներ, առաքեալներուն յաջորդող կարգ մը հոգևորականներ այս տողերը չեն կարդացած: Մարդիկ չեն, որ քեզ պիտի ճանչնան ու բնորոշեն քու հաւատացեալ, աստուածավախ կամ աղօթող ըլլալդ, այլ Աստուած:
Մարդոց պրաւոն կամ գնահատանքը չէ, որ քեզ դէպի երկինք պիտի առաջնորդէն. Ծունկերուդ վրայ չոգելով մարդոց չէ, որ պիտի հաճեցնես ու զարմացնես:
Սիրելիներ ինչքա՜ն աղօթողներ կան որոնք կաղօթեն ամէն տեղ, բացի Աստուծոյ առջև. Ինչքա՜ն ծունկեր կան որոնք կը չոքին ամեն տեղ բացի Աստուծոյ առջև. Ինչքա՜ն բերաններ կան որոնք Տէր ողորմեայ կերգեն գեղեցիկ մեղեդիներով ու ձայներով, սակայն Աստուծոյ անհասանելի են և …
Այս բոլորին պատճառով է որ մեր Տէրը այս թելադրութենէն և զգուշացումէն անմիջապէս յետոյ կըսէ .- «Վասն զի բան մը չկայ ծածուկ՝ որ պիտի չյայտնուի եւ գաղտուկ՝ որ չգիտցուի»։
Տէր. Ինչպէ՞ս պիտի յայտնուի և որո՞ւն պիտի գիտցուի. Հաւանաբար շատ մը կեղծաւորներ ու փարիսեցիներ կարծեն, թէ միայն Աստուած է որ պիտի գիտնայ ծածուկը, և անոր համար այս խօսքը լուրջի չեն առած. Սակայն Քրիստոսի խօսքը յստակ է. Ամէն մարդու առջև մեր բոլոր բարեկամներու և շրջապատի առջև է որ պիտի բացայայտուին մեր կեղծաւոր աղօթքներ ու ծնրադրութիւնը: Այդ ահաւոր Աստուծոյ դատաստանի օրը պիտի խայտառակուինք ու պախարակուինք բոլորի ներկայութեամբ, և այլևս ոչ Տէր ողորմեաները մեզ պիտի ողորմին, և ոչ ալ սև զգեստներն ու մանուշակագոյն շուրջառները պիտի կարողանան ծածկել մեր ամօթները:
Արմէն քահանայ Մելքոնեան
28.09.2019