Լավագույն բանկը` լավագույն տոկոսներով.

Շատ յաճախ կը հպարտանանք մեր քրիստոնէական պատկանելիուեամբ, մոռնալով որ այդ մեզմէ որոշ զոհողութիւններ կը պահանջէ. Սակայն չմոռնանք, որ այդ նաև անակնկալիքներու դուռ կը բանայ մեր առջև:

Որևէ մէկ գաղափար, ըլլայ ան նիւթական, բարոյական կամ հոգևոր, նպատակին հասնելու համար կը պահանջէ որոշ զոհողութիւններ, անոնց դիմաց ինչ որ ակնկալիքներ ունենալով:

Այժմ մենք ընդունած ենք քրիստոնէութիւնը, և ընդունած անոր վարդապետութիւնը. Դա մեզմէ ի՞նչ կը պահանջէ:

Աշխարհային օրէնքներով ու կանոններով, երբ ուզես ինչ որ գործարան մը բանալ, շուկայի մէջ ծանօթ անուն մը արտադրելու համար, պայման է այդ անուան տիրոջ թոյլտուութիւնը ունենալ. Այդ թոյլտուութիւնը ձրի չէ. Այդ անուան տիրոջ ինչ որ տոկոսներ պիտի տրուին կամ շահաբաժին:

Առնենք օրինակ մը.- Georgeo Armani անունը չես կրնար տպել կամ գործածել արտադրութիւններուդ վրայ եթէ թոյլտուութիւն չունենաս. Այլապէս մեծ հալածանքներու կրնաս ենթարկուիլ հասնելով նոյնիսկ դատարան:

Ուրիշ պարագաներու աւելի ծայրահեղութիւններու ալ կերթան. Նոյնիսկ անոնց գործածած տեսքը արգիլուած է գործածել. ԵՒ բոլորս ալ տեսանք վերջերս, թէ ինչպէս Samsung ընկերութիւնը դատ բացաւ չինական ընկերութեան մը վրա բողոքելով, թէ վերջինս իր արտադրութիւններու մէջ գործածած է միևնոյն տեսքը կրող բջջային հեռախօսներ, ու վերջինը դատը վնասելով միլիարդներով վնաս կրեց:

Մի զարմանաք:
Քրիստոնէութիւնը ձրի պարգև է Աստուծմէ. Սակայն այդ անունը գործածողը նաև պարտի որոշ զիջումներ ու տոկոսներ վճարել բառի նիւթական և բարոյական իմաստով:
Ամէն մէկուն տրուած չէ այդ կնիքը ունենալը ճակտին. Ինչքա՜ն մարդիկ կան աշխարհի չորս ծագերուն, որոնք ցանկութիւնն ու պատրաստակամութիւնն իսկ ունենալով այդ քրիստոնէական դրոշմը ձեռք բերելու, չեն ստանար այն, քաղաքական կամ կրոնական որոշ հաստատութիւններու կամ շրջապատի ազդեցութեան պատճառով:
Ուրիշներուն նոյնիսկ չէ տրուած լսել այս բարի լուրը Սուրբ Աւետարանը ու փրկութիւնը:

Քրիստոնէկան անունն ու դրոշմը Ձրի կառնուին ու ձրի կը փոխանցուին ուրիշին մէկէն միւսը. Սակայն այդ անունը կամ հաւատքի իրագործումն ու զայն իւրացնելը մեր կեանքին մէջ, այսինքն ապրիլ որպէս ճշմարիտ քրիստոնեաներ բառին իսկական իմաստով, կը պահանջէ զոհողութիւն բարոյական և նիւթական իմաստով:
Ի տարբերութիւն աշխարհիկ հասկացողութեան, այս սուրբ անունը կրելու տոկոսները որոնք կը վճարենք, անոնց փոխարէն հարիւրապատիկն է որ կըստանանք: Ո՞ր բանկն է, որ այսօր այս տոկոսը կրնայ տալ. Կը հաւատա՞ս թէ չէ այս է ճշմարտութիւնը որը մեզմէ շատերուն անյայտ է և կամ անվստահելի:
Իրաւունք ունիս…
Եթէ այսօր որևէ բանկ առաջարկէ գումարիդ փոխարէն այս բարձր տոկոսը, վստահաբար պիտի կասկածիս ու վախնաս. Սակայն պիտի փորձես գոնէ գումար մը ՝ թէկուզ փոքր գումար մը փորձել. ԵՒ ահա Աստուած կըսէ «Փորձէք զիս»:

Այս բոլոր իմ ըսածներս նախաբան են այսօրուան Աւետարանին, որը այս մտորումները յառաջացուց իմ մէջ և ուզեցի զանոնք ձեզ հետ կիսել:

Նախորդ համարներուն մէջ կը կարդանք մեծահարուստի մը մասին, որ ցանկութիւնն ունէր Աստուծոյ արքայութիւնը մտնել, սակայն կը գիտակցեր, թէ ինչ որ բան մը տակաւին կը պակսի իրեն. ԵՒ մեր Տէրը` Քրիստոս կը բացայայտէ այդ պակասը. Այդ մեծահարուստին սիրտը կապուած էր իր հարստութեան. Հակառակ որ բոլոր պատուիրանները կը պահեր իր մանկութենէն ի վեր, սակայն ամէն ինչ թողնուլը ու Քրիստոսի ու երկնքի արքայութեան ճանապարհով քալելը անհնարին էր իր համար. Նա գերի էր իր հարստութեան:

Ահա անմիջապէս և տեղւոյն վրայ գտնուեցաւ այնպիսին: Որսորդ մը խանդաւառուած և ուրախ կը մօտենա Քրիստոսին ու բարձրաձայն կաղաղակէ ըսելով, Տէր, «Ահա մենք ամէն բան թողուցինք եւ քու ետեւէդ եկանք»։

Խորքին մէջ Պէտրոս, 12 առաքեալներէն մէկը, շատ բան չէր իր թողածը. Հաւանաբար նաւ մը և մի քանի ուռկաններ. Ան ալ չենք գիտեր թէ իրեն կը պատկանէին թէ վարձու էին: Բայց ինչևէ իր թողածը ահա Քրիստոսի պատասխանը իրեն.- Ճշմարիտ կըսեմ քեզի չկայ մէկը Որ պիտի չառնէ հարիւրապատիկ հիմա՝ այս ատենս… եւ գալու աշխարհին մէջ՝ յաւիտենական կեանքը:

Մարդիկ շատ յաճախ սխալ հասկցած են վարձատրութեան ժամանակը կարծելով, թէ վարձատրութիւնը միայն յաւիտենականութեան մէջ է, սակայն Քրիստոսի վերոյիշեալ պատասխանը և ուրիշ այլ սուրբ գրային խօսքեր ու համարներ կապացուցեն որ վարձատրութիւնը բոլոր ժամանակներուն պիտի ըլլայ, թէ այս աշխարհի ու թէ հանդերձեալին:

Հարցումը այսօր ինքզինք կը պարտադրէ մեր ականջներուն.
Դուն կամ ես ի՞նչ թողուցինք, և կամ ինչը թողնելու պատրաստակամութիւնը ունինք Քրիստոսի ու Անոր Աւետարանի սիրոյն.
Թողուցինք տու՞ն, կամ եղբայրնե՞ր, կամ քոյրե՞ր, կամ հա՞յր, կամ մա՞յր, կամ կի՞ն, կամ որդինե՞ր, կամ արտե՞ր:
«Ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, ‘Մէկը չկայ որ թողուց այս ամէնը՝ ինծի ու աւետարանին համար, Որ պիտի չառնէ հարիւրապատիկ հիմա՝ այս ատենս տուներ ու եղբայրներ եւ քոյրեր ու մայրեր եւ որդիներ ու արտեր հալածանքներու հետ եւ գալու աշխարհին մէջ՝ յաւիտենական կեանքը’։ Մարկոս 10

Տէր գիտեմ, թէ կեանքիս մէջ Քեզ չեմ վերադասած այդ Քու նշածներէն որևէ մէկ բանէն, գիտեմ որ ցանկութիւնն իսկ չեմ ունեցած ու չունիմ լումա մը իսկ Քեզ տալու առանց փոխարէնի. Սորուեցուր ինծի Քու ճանապարհներդ և այդ զոհելու ցանկութիւնը աճեցուր իմ մէջ որպէսզի Քու բարիքներդ և Օրհնութիւններդ վայելեմ այժմ և միշտ և յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն

Արմէն քահանայ Մելքոնեան
26.09.2019